Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Դեկտեմբեր 9–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 14
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, Դիտարան 1 Յունուար եւ Զարթի՛ր 22 Դեկտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։
15 վյրկ. «Թագաւորութեան Պատգամը Ծանուցանենք»։a Երբ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, պարփակեցէք թելադրութիւններ թէ ի՛նչպէս կրնանք Աստուածաշունչէն ուղղակիօրէն կարդալ, երբ բարի լուրը կը քարոզենք։—թծ 12/01 էջ 1 պարբ. 3։
18 վյրկ. Ամէն Բարի Գործի Մէջ Արդիւնաբեր Եղէք։ Դասախօսութիւն, ներկաներուն մասնակցութեամբ։ Երէց մը նիւթը նկատի պիտի առնէ։ Տեղական ժողովքին պատմութիւնն ու յառաջդիմութիւնը վերաքաղ ըրէք, ի ներառեալ այն ջանքերը, որոնք ժողովքին կազմուելուն առաջնորդեցին։ Նախապէս կարգադրութիւն ըրէք որ այն ժամանակ ներկայ եղողներէն ոմանք քաջալերական փորձառութիւններ պատմեն։ Յաւելեալ յաւելումի հեռանկարներուն մասին խօսեցէք, եւ բոլորը քաջալերեցէք որ ժողովքային գործունէութիւններուն նախանձախնդրաբար նեցուկ կանգնին։
Երգեցողութիւն Թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 16–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Դեկտեմբեր 25–ի եւ Յունուար 1–ի համար դաշտի ծառայութեան մասնաւոր կարգադրութիւնները ուրուագծեցէք։
15 վյրկ. Իմաստունները Պիտի Հասկնան։ (Դան. 12։3, 10) Ցուցադրութիւն։ Հետաքրքրուած անհատ մը կը հարցնէ. «Ի՞նչպէս կրնամ վստահ ըլլալ թէ դուք Աստուածաշունչի ուսուցանած բաներուն շիտակ հասկացողութիւնը ունիք»։ Հրատարակիչը կը բացատրէ Աստուածաշունչը պրպտելու ատեն նիւթ առ նիւթ մեթոտը գործածելու կերպը։ (դ96 8/1 էջ 27-28) Պատճառաբանել գրքին 112-117–րդ (կամ՝ 34-39–րդ, Արաբ.) էջերէն մէկ կամ երկու օրինակներ գործածելով, ան ցոյց կու տայ թէ երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՛նչպէս կրցած ենք հասկնալ, սուրբ գրային համարները ուշադրութեամբ վերլուծելով։ Հրատարակիչը կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս կարելի է նոյն մեթոտը գործածել Աստուածաշունչի այլ ուսուցումներ շիտակ կերպով հասկնալու համար, եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կ’առաջարկէ։
20 վյրկ. «Հաւատարիմ Տարեցները Յիշեցէք»։b Պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Դիտարան 1 Օգոստոս 1994 թիւէն (Անգլ.), էջ 29։ Ուշադրութեան յանձնեցէք անկարողներուն համար եղած կարգադրութիւնը. առնուազն 15 վայրկեան դաշտի ծառայութիւն տեղեկագրել, եթէ կարող չեն ամսուան մը ընթացքին լման ժամ մը տեղեկագրել։ Կարգադրեցէք որ քանի մը հոգի փորձառութիւններ պատմեն, ցոյց տալու համար թէ այսպիսիներուն հետ ընկերակցիլը փոխադարձ քաջալերութիւն կու տայ։
Երգեցողութիւն Թիւ 127 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 23–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 162
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուող թելադրութիւնները, ցուցադրեցէք Դիտարան 1 Յունուար եւ Զարթի՛ր 8 Յունուար պարբերաթերթերը։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Բժշկութիւնը կը Դիմագրաւէ Արիւն Չգործածելու Մարտահրաւէրը պատկերիզը դիտեն, առ ի պատրաստութիւն զայն քննարկելու Յունուար 6–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Ճշգրիտ Տեղեկագրութեան մը կը Նպաստէ՞ք»։c Երբ 2–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Մեր Ծառայութիւնը գրքէն, էջ 106-108։
Երգեցողութիւն Թիւ 57 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 30–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 152
Նշմար. Ժողովքներ Դեկտեմբեր 30–ով սկսող շաբթուան իրենց Ծառայութեան Ժողովը որոշուած օրէն առաջ պէտք չէ ընեն, բացի եթէ անիկա շրջանային տեսուչին այցելութեան կը զուգադիպի։ Ամէն ժողովք, համաժողովի յաւելուածականը նկատի պէտք է առնէ ինչպէս յայտագրուած է։ Ծառայութեան Ժողովի աւարտին, Յանձնարարուած Իջեւանի Ցանկը պէտք է դրուի ցուցատախտակին վրայ։
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Դեկտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Եթէ ձեր ժողովքը նոր տարուան համար ժողովի ժամերը պիտի փոխէ, ազնիւ քաջալերութիւն տուէք, բոլորէն խնդրելով որ ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուին, նոր ժամերուն համաձայն։ Յիշեցէք Յունուար ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնները, ընդգծելով ժողովքին ունեցած գրքերը։
15 վյրկ. Վերաքաղ Ըրէք Աստուած Պաշտեցէք Գիրքը։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Բացատրեցէք այն կարգադրութիւնը, որ նոր գիրքը գործածուի որպէս ուսումնասիրութեան երկրորդ գիրքը։ (թծ 6/00 էջ 4 պարբ. 5-6) Ներկաները հրաւիրեցէք որ խօսին գրականութեան այն երեսակներուն մասին, զորս գնահատած են։ Աչքառու դարձուցէք թէ գրքին կարգ մը մասերը հարցումներ ու համարներ կը գործածեն, աշակերտը մղելու համար որ Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոր կերպով մտածէ։ Ցոյց տուէք այն օրինակը որ կը գտնուի էջ 47-49, պարբերութիւն 13–ի մէջ։
20 վյրկ. «‘Աստուծոյ Փառք Տանք’ Բնաբանով Եհովայի Վկաներու 2003–ի Նահանգային Համաժողով»։d Նկատի պիտի առնուի ժողովքի քարտուղարին կողմէ, կեդրոնանալով 3-10–րդ պարբերութիւններուն վրայ։ Յաւելուածականը նկատի առնելէ առաջ, կարդացէք համաժողովի նշանակումին մասին՝ 15 Դեկտեմբեր 2002 թուակիր նամակը։ 10–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելու ատեն, շեշտեցէք քարտուղարին դերը որպէս՝ ժողովքին համար համաժողովի համակարգող։ Ջերմօրէն գովեցէք բոլոր անոնք որոնք իրենց համաժողովի կարգադրութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ կ’ընեն։
Երգեցողութիւն Թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 6–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 38
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
23 վյրկ. Օգնութիւն՝ Արեան Նկատմամբ Աստուծոյ Օրէնքին Հնազանդելու Համար։ Որակելի երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ մասնաճիւղի գրասենեակին կողմէ հայթայթուած ուրուագծին վրայ։ Քարտուղարը բաւարար քանակով պէտք է ունենայ հետեւեալ պատճենները, զանոնք բաշխելու համար. Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր, Անձնագիր, առողջապահական մնայուն փոխանորդագրի պատճեն (DPA), եւ Կանխայայտ Ուղեցոյց։ Այս ժողովէն ետք այս փաստաթուղթերը մկրտուած հրատարակիչներուն մատչելի պիտի ըլլան, սակայն այս գիշեր պէտք ՉԷ զանոնք լեցնել։ Անհատին եւ վկաներուն կողմէ ստորագրուիլը, ինչպէս նաեւ թուական դնելը պիտի ըլլան յաջորդ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութենէն ետք, գրքի ուսումնասիրութեան տեսուչին աջակցութեամբ, եթէ կարիքը տեսնուի։ Որպէս վկաներ ստորագրողները պէ՛տք է տեսնեն անհատին իր փաստաթուղթը ստորագրելը։ Կանխայայտ Ուղեցոյցը զգուշութեամբ պէտք է նկատի առնուի՝ DPA ամբողջացնելէ առաջ։ Եթէ արդէն իսկ DPA մը լեցուցած էք, հարկ պիտի չըլլայ ուրիշ մը ամբողջացնելու, բացի եթէ ձեր ընթացիկ պատճենին թուականը 2001–էն առաջ է (1 Օգոստոս 2001, Նորթհ Տաքոթայի համար) կամ ձեր ներկայ փափաքները չ’արտայայտեր։ Եթէ ուրիշ նահանգ մը փոխադրուած էք, այդ նահանգին համար նոր DPA–ի պատճեն մը պէտք է լեցնէք։ Այս փաստաթուղթերուն գործածած լեզուն իրենց անհատական պարագաներուն ու համոզումներուն յարմարցնելով, չմկրտուած հրատարակիչներ կրնան իրենց եւ իրենց զաւակներուն համար անձնապէս ցուցմունքներ գրել։
17 վյրկ. «Բժշկութիւնը կը Դիմագրաւէ Արիւն Չգործածելու Մարտահրաւէրը Պատկերիզը Պէտք Է Դիտէք»։ Որակելի երէց մը նիւթը նկատի կ’առնէ։ Անմիջապէս սկսեցէք ներկաներուն հետ քննարկել Արիւն Չգործածել պատկերիզը, գործածելով էջ 7–ի վրայ գտնուող շրջագծին մէջ հայթայթուած հարցումները։ Անկէ ետք, կարդացէք շրջագծին վերջին պարբերութիւնը։
Երգեցողութիւն Թիւ 160 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։
c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։
d Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։