Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Յունուարին. 1988–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192 էջնոց գիրք որ ժողովքը ունի։ Փետրուարին. Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է։ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, ջանացէք տեղաւորել Միացած՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուծոյ Պաշտամունքին Մէջ գիրքը։ Ամէն ջանք թափեցէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար, յատկապէս եթէ ոմանք արդէն ուսումնասիրած են Գիտութիւն գիրքը եւ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը։
◼ Փետրուարէն սկսեալ, իսկ Մարտ 2–էն ոչ աւելի ուշ, շրջանային տեսուչներուն համար նոր հանրային դասախօսութիւնը պիտի ըլլայ՝ «Խաւար Աշխարհէ մը Ազատագրուիլ»։
◼ Ժողովքները կարգադրութիւններ պէտք է ընեն այս տարի Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար, Չորեքշաբթի Ապրիլ 16–ին, արեւնամուտէն ետք։ Թէեւ դասախօսութիւնը կանուխ կրնայ սկսիլ, սակայն Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն հրամցուիլը պէտք է սկսի արեւնամուտէն ետք։ Տեղական աղբիւրներէ տեղեկացէք թէ արեւնամուտը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ ձեր շրջանին մէջ։ Ուր որ մի քանի ժողովքներ սովորաբար նոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն, թերեւս մէկ կամ աւելի ժողովքներ կարենան կարգադրել ուրիշ վայր մը գործածել այդ իրիկուան համար։ Հոն ուր կարելի է, կը թելադրենք որ առնուազն 40 վայրկեան ըլլայ երկու յայտագիրներուն միջեւ, որպէսզի բոլորն ալ լիովին օգտուին առիթէն։ Նկատի պէտք է առնուի նաեւ խճողումի եւ ինքնաշարժները շարելու, ինչպէս նաեւ անհատներ հասցնելու եւ վերադարձնելու հարցը։ Երէցներու մարմինը պէտք է որոշէ թէ ո՛ր կարգադրութիւնները լաւագոյնն են իրենց ժողովքին համար։
◼ Այս թիւէն սկսեալ, մատչելի նոր գրականութիւններու ցանկը այլեւս լոյս պիտի չտեսնէ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։ Այս տեղեկութիւնը բովանդակող «Բոլոր Ժողովքներուն Ուղղուած Ծանուցում»ը պիտի շարունակուի բոլոր ժողովքներուն ղրկուիլ ամէն ամիս։ Առ ի վերյիշեցում, անմիջապէս որ «Բոլոր Ժողովքներուն Ուղղուած Ծանուցում»ը ստանաք, ձեր ժողովքը հետաքրքրող գրականութիւններուն մասին ծանուցում մը պէտք է ըլլայ՝ յաջորդ Ծառայութեան Ժողովին մէջ։ Ապա ծանուցումը պէտք է դրուի տեղեկութիւններու ցուցատախտակին վրայ։ Անկէ ետք, գրականութեան ծառան պէտք է զայն իր թղթածրարին մէջ պահէ։