Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/03 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Յունուար 13–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունուար 20–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունուար 27–ով Սկսող Շաբաթ
  • Փետրուար 3–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 1/03 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Յունուար 13–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 28

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Փետրուար եւ Զարթի՛ր 22 Յունուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է միասին ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ միայն մէկն է որ ցցուն կը դարձուի։

15 վյրկ. Հաւատքի Եկան Առանց Խօսքի։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Քրիստոնէական լաւ վարքը զօրեղ վկայութիւն մըն է։ Անիկա կարգ մը անհաւատ կողակիցներ մղած է որ Եհովայի երկրպագուներ ըլլան։ (Ա. Պետ. 3։1, 2, Անթիլիաս) Պատմեցէք փորձառութիւններ առնուած՝ Դիտարան 1 Յունուար 1999, էջ 4 (Անգլ.). 1 Յունուար 1996, էջ 8-9. եւ 1995–ի Տարեգիրք, էջ 46։ Նախապէս կարգադրեցէք որ երկու կամ երեք հոգի խօսին այն դրական արդիւնքներուն մասին, զորս նկատած են հետեւելով Աստուածաշունչի խրատին։

20 վյրկ. «Մեր Նուիրումին Համաձայն Ապրինք»։ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, հակիրճ հարցազրոյց մը ունեցէք մկրտուած երիտասարդի կամ դեռատիի մը հետ։ Մկրտուելէն ի վեր, ան ի՞նչ փորձութիւններ դիմագրաւած է։ Ի՞նչ բան իրեն օգնած է որ այդ փորձութիւններուն հետ գլուխ ելլէ։ Իր կեանքը Եհովայի նուիրելով ի՞նչ օգուտներ քաղած է։

Երգեցողութիւն Թիւ 13 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 20–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 46

8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։

15 վյրկ. Աստուածաշունչը Ամէն Օր կը Քննէ՞ք։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Բոլորը քաջալերեցէք որ 2003–ի Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկը գործածեն։ Նախաբանէն կարգ մը գաղափարներ նկատի առէք, էջ 3-4։ Թելադրութիւններ տուէք թէ ընտանիքներ ի՛նչպէս կրնան օրուան համարը միասնաբար նկատի առնել։ Օրուան համարը ամէն օր նկատի առնելուն օգուտները ցոյց տալու համար, քննարկեցէք երկու կամ երեք համարներ ու անոնց մեկնաբանութիւնները, որոնք նկատի պիտի առնուին յառաջիկայ ամսուան ընթացքին։ Հակիրճ ցուցադրութիւն մը պարփակեցէք, որուն մէջ ամուսին մը ու իր կինը օրուան համարը եւ անոր մեկնաբանութիւնը միասնաբար նկատի կ’առնեն։

22 վյրկ. «Ուրիշներուն Մաքուր Լեզուն Սորվեցնենք»։ 6–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, ատակ հրատարակիչ մը թող ցուցադրէ թէ վերայցելութեան ատեն դրան առջեւ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը սկսի, գործածելով՝ Յունուար 2002–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին, էջ 4–ի վրայ գտնուող ներկայացումներէն մէկը։ Ան նկատի թող առնէ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկէն պարբերութիւն մը։ Հրատարակիչը թող եզրափակէ, յաջորդ պարբերութեան մասին հարցում մը յարուցանելով եւ յաջորդ այցելութեան անոր պատասխանը տալու կարգադրութիւն ընելով։ Բոլորը քաջալերեցէք որ մտածեն թէ իրենց այցելած անհատներէն մէկը յօժա՞ր է Աստուածաշունչը այս կերպով ուսումնասիրելու։

Երգեցողութիւն Թիւ 162 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 27–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 55

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Փետրուար եւ Զարթի՛ր 8 Փետրուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, հրատարակիչը խօսակցութիւնը կ’եզրափակէ տանտիրոջ տալով Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ խորագրով թերթիկը. առաջին պարագային պարբերաթերթերը ընդունող տանտիրոջ մը, իսկ երկրորդին՝ չընդունող տանտիրոջ մը։ Հակիրճօրէն բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս կրնանք պարբերաթերթ ընդունողներուն վերայցելել, երբ անոնց թերթիկը տուած ենք։—Տես՝ Նոյեմբեր 2001–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 4, պարբ. 10։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. Ուրիշներուն Օգնեցէք որ Եհովայի Մօտենան։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Եհովայի Մօտեցէք գրքին 3–րդ էջին վրայ ընթերցողներուն ուղղուած նշմարը նկատի առէք, եւ գրքին կարգ մը երեսակները ընդգծեցէք։ Գրքին չորս մասերէն իւրաքանչիւրը կը կեդրոնանայ Եհովայի գլխաւոր յատկութիւններէն մէկուն վրայ։ Կը բովանդակէ գլուխ մը, որ ցոյց կու տայ թէ Յիսուս այդ յատկութիւնը ի՛նչպէս ցուցաբերեց, իսկ ուրիշ գլուխ մը՝ նկատի կ’առնէ թէ մենք ի՛նչպէս կրնանք ասիկա ընել։ Լման էջ մը գրաւող 17 սուրբ գրային պատկերներ կան։ «Հարցումներ՝ Խորհրդածութեան Համար» շրջագիծը մեզի կ’օգնէ որ նիւթի մը այլ կարեւոր երեսակներուն վրայ խոկանք։ Աչքէ անցուցէք «Եհովայի Մօտեցէք Գրքին Համար Թելադրուած Ներկայացումներ» շրջագիծը, իսկ ատակ հրատարակիչ մը թող ցուցադրէ ներկայացումներէն մէկը։

Երգեցողութիւն Թիւ 143 եւ փակման աղօթք։

Փետրուար 3–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 127

15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հարցումի Տուփը վերաքաղ ըրէք։ Հրատարակիչները քաջալերեցէք որ Հաճեցէք Հետապնդել (S-43) պատճենը գործածեն, երբ օտարախօս անհատներու հանդիպին, ինչպէս բացատրուած է բոլոր ժողովքներուն ուղղուած՝ 15 Հոկտեմբեր 1998 թուակիր նամակին մէջ։ Ընդհանրապէս, այս պատճենը այս նպատակին համար պէտք է գործածուի, նոյնիսկ եթէ անհատը Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր։

12 վյրկ. Անոնց Հաւատքը Ընդօրինակեցէք։ Հարցազրոյց ունեցէք երէցի մը հետ, որ երկար տարիներ խոնարհաբար ու հաւատարմաբար Եհովայի ծառայած է։ (Եբր. 13։7) Ան ի՞նչպէս ծանօթացաւ ճշմարտութեան։ Ճշմարտութեան կողքին դիրք բռնելու համար ի՞նչ խոչընդոտներ յաղթահարեց։ Ո՞ր հոգեւոր հայթայթումները կամ քաջալերութիւնները իր յառաջդիմութեան նպաստեցին։ Ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներու ձգտելու համար ի՞նչ ըրաւ։ (Ա. Տիմ. 3։1) Ի՞նչ բան իրեն օգնած է որ ժողովքային պատասխանատուութիւնները հաւասարակշռէ աշխարհային եւ ընտանեկան պարտաւորութիւններուն հետ։ (Ա. Տիմ. 5։8) Ժողովքին միւս անդամներուն աջակցելու առանձնաշնորհումին նկատմամբ ի՞նչ կը զգայ։

18 վյրկ. «Խոնարհութիւն Պահանջող Գործ մը»։ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելու ատեն, ներկաներէն խնդրեցէք որ թելադրութիւններ տան թէ ի՛նչպէս կարելի է հակազդել, եթէ թաղամասին մէջ մէկը փորձէ մեզ ծաղրել, կամ՝ կոշտ, վիճաբանող կամ բարկացկոտ ըլլայ։ Երբ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, պարփակեցէք կէտեր առնուած՝ Խորաթափանց Ակնարկ գրքէն, Հատոր Ա., էջ 1160, պարբ. 3։

Երգեցողութիւն Թիւ 27 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել