Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/03 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Փետրուար 10–ով Սկսող Շաբաթ
  • Փետրուար 17–ով Սկսող Շաբաթ
  • Փետրուար 24–ով Սկսող Շաբաթ
  • Մարտ 3–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 2/03 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Փետրուար 10–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 32

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Հաւատարիմ՝ Փորձութիւններու Ներքեւ—Եհովայի Վկաները Սովետական Միութեան Մէջ խորագրով պատկերիզը դիտեն, առ ի պատրաստութիւն զայն քննարկելու՝ Փետրուար 24–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Մարտ եւ Զարթի՛ր 22 Փետրուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։

35 վյրկ. «Քարոզենք եւ Լիակատար Վկայութիւն Տանք»։a Նկատի պիտի առնուի ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ Քաջալերութիւն տուէք բոլոր անոնց, որոնք Մարտին ու Ապրիլին օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու կարողութիւնը ունին։ Անցեալ Յիշատակատօնի շրջանին ռահվիրայութիւն ընողներէն խնդրեցէք որ մեկնաբանութիւններ ներկայացնեն։ Անոնք ի՞նչ կարգադրութիւններ ըրին որպէսզի կարենան ռահվիրայ ըլլալ։ Ասիկա ի՞նչ ջանք եւ բարեճշդումներ պահանջեց։ Ի՞նչ ուրախութիւններ ու օրհնութիւններ վայելեցին։ Էջ 4–ի շրջագծին մէջի յայտագիրները աչքէ անցուցէք։ Ծանուցանեցէք թէ օժանդակ ռահվիրայութեան դիմումնագիրները մատչելի պիտի ըլլան ժողովէն ետք։

Երգեցողութիւն Թիւ 204 եւ փակման աղօթք։

Փետրուար 17–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 28

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Մարտ ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնը վերաքաղ ըրէք։ Գիտութիւն գիրքը ներկայացնելու համար մէկ կամ երկու թելադրութիւններ յիշեցէք, գործածելով՝ Յունուար 2002–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականէն առնուած կարգ մը կէտեր։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտը շեշտեցէք։

15 վյրկ. «Ձեր Տունը Կրնա՞ք Մատչելի Դարձնել»։ Դասախօսութիւն՝ գրքի ուսումնասիրութեան տեսուչի մը կողմէ։ Ապրիլ 2001–ի եւ Փետրուար 1990–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփէն կէտեր պարփակեցէք։ Յիշեցէք ժողովքին ունեցած գրքի ուսումնասիրութեան խումբերուն թիւը եւ ներկաներուն միջին թիւը։ Մէկ կամ երկու հրատարակիչներ թող պատմեն թէ իրենք եւ իրենց ընտանիքները ի՛նչպէս օգտուած են գրքի ուսումնասիրութիւնը իրենց տան մէջ ունենալով։ Անոնք որոնք կը փափաքին իրենց տունը գրքի ուսումնասիրութեան համար մատչելի դարձնել, թող վերակացու տեսուչը տեղեակ պահեն։

20 վյրկ. «Նախապատուութիւնը Ի՞նչ Բանի կու Տաք»։b Կանխաւ կարգադրեցէք որ մէկ կամ երկու հրատարակիչներ խօսին թէ ի՛նչպէս կրցած են իրենց պարագաները բարեփոխել, ծառայութեան մէջ աւելի բաժին բերելու համար։

Երգեցողութիւն Թիւ 57 եւ փակման աղօթք։

Փետրուար 24–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 10

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Փետրուար ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Մարտ եւ Զարթի՛ր 8 Մարտ թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։

10 վյրկ. «Օգնութիւն՝ Յարմար Ատենին»։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։ Ուշագրաւ դարձուցէք թէ անգործունեայ անհատներուն օգնելու համար թափուած մասնայատուկ ջանքերը, իր ժողովուրդին հանդէպ Եհովայի սիրալիր հոգածութիւնը կ’արտացոլացնեն։

25 վյրկ. «Լուսաբանող եւ Ոգեւորող Պատկերիզ մը»։ Անմիջապէս սկսեցէք ներկաներուն հետ նկատի առնել Հաւատարիմ՝ Փորձութիւններու Ներքեւ խորագրով պատկերիզը, հայթայթուած հարցումները գործածելով։ Ժամանակը այնպէս մը բաժնեցէք, որ վերջին հարցումին մի քանի հոգիներ կարենան պատասխանել։ Եզրափակեցէք, կարդալով 2002–ի Տարեգիրք–ին 192–րդ էջի վրայ գտնուող շրջագիծը։

Երգեցողութիւն Թիւ 112 եւ փակման աղօթք։

Մարտ 3–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 14

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հակիրճօրէն նկատի առէք «Նոր Կարգադրութիւն մը՝ Թագաւորութեան Սրահի Գրադարաններուն Համար» խորագրով յօդուածը։ Յիշեցէք թէ Թագաւորութեան Սրահի գրադարանին գրադարանավարը ո՛վ պիտի ըլլայ։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. «Զգաստ Եղէք Մինչ Վախճանը կը Մօտենայ»։c Երբ 3 եւ 4–րդ պարբերութիւնները նկատի կ’առնէք, հրատարակիչներէն խնդրեցէք որ ներկայիս իրենց հետապնդած հոգեւոր նպատակակէտերուն մասին խօսին։ Աստուած Պաշտեցէք գրքին էջ 176–էն առնուած կարգ մը կէտեր պարփակեցէք։

Երգեցողութիւն Թիւ 127 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել