Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, 28 Ապրիլ 2003–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 3 Մարտէն մինչեւ 28 Ապրիլ 2003 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշմար. Երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընէք։—Տես՝ Ծառայութեան Դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ի՞նչ ազդակներ սահունութեան պակասի կրնան նպաստել։ [կօ էջ 93]
2. Շիտակ Կամ Սխալ. Պէտք է խուսափիլ դադար գործածելէ, քանի որ անիկա թոյլ կու տայ որ մարդոց միտքը թափառի եւ առիթ կու տայ որ ուրիշներ միջամտեն։ Բացատրեցէք։
3. Պատշաճ իմաստի շեշտը ի՞նչ արժէք ունի դասախօսի մը կամ հանրային ընթերցողի մը համար։ (Նէեմ. 8։8) [կօ էջ 101]
4. Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ պատշաճ իմաստի շեշտ մշակել։ [կօ էջ 102-103]
5. Եթէ սուրբ գրային ուսումնասիրութեան կամ ժողովքային հանդիպումի մը ընթացքին գրականութենէ մը բարձրաձայն պիտի կարդաք, ո՞ր գլխաւոր գաղափարները պէտք է շեշտէք։ [կօ էջ 105]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Ծնողներ ի՞նչ կրնան ընել զաւակները մարզելու համար որ քրիստոնէական ժողովներուն «լսեն եւ սորվին»։ (Բ. Օր. 31։12) [կօ էջ 16]
7. Ի՞նչ է հոգեւոր դրախտը։ [դ01 3/1 էջ 8-10]
8. Առակաց 8։1-3–ը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ աստուածային իմաստութիւնը բոլորին մատչելի է, եւ Կողոսացիս 2։3–ի համաձայն, անիկա ո՞ւր կրնայ գտնուիլ։ [դ01 3/15 էջ 25, 28]
9. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ անունը ճանչցնել։ (Յովհ. 17։6) [կօ էջ 273-275]
10. Մարդիկ «թագաւորութեան բարի լուրին» նկատմամբ ո՞ր կարեւոր մանրամասնութիւնները պէտք է գիտնան։ (Մատթ. 24։14, ՆԱ) [կօ էջ 279-280]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. (ա) Առաջին դարուն, Մարկոս 13։14–ի մէջ յիշուած «պղծութիւնը» ի՞նչ էր։ (բ) Անոր ‘արժան չեղած տեղը կենալը’ ի՞նչ բանի ակնարկեց։
12. Ղուկասի Աւետարանը ի՞նչպէս կը հաստատէ թէ Յիսուս Դաւիթի գահին բնական ժառանգն էր։ (Ղուկ. 3։23-38) [դ93 1/1 էջ 7 պարբ. 3]
13. Ղուկաս 12։2–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքին իմաստը ի՞նչ էր։
14. Կորսուած դրամի մասին Յիսուսի տուած առակին մէջ, հրեշտակներուն հակազդեցութիւնը ինչո՞ւ նշանակալից է։ (Ղուկ. 15։10) Անոնց օրինակը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեզի։
15. Ղուկաս 22։29–ի մէջ ի՞նչ երկու ուխտեր յիշուած են։