Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Ապրիլ 14–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 14
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 6–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Մայիս եւ Զարթի՛ր 22 Ապրիլ թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։
10 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։
20 վյրկ. «Լուսաւորներու Պէս Փայլինք»։a Եզրափակեցէք հինգ վայրկեան տեւող դասախօսութեամբ մը, որպէս աղբիւր գործածելով՝ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1997, էջ 16-17, պարբերութիւն 8-13։ Շեշտեցէք թէ ինչո՛ւ Թագաւորութեան պատգամին նկատմամբ որեւէ գաղտնիք պահելէ կը խուսափինք։
Երգեցողութիւն Թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 21–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
15 վյրկ. «Ուրիշներու Հետ Հոգեւոր Հարստութիւն Բաժնենք»։b Քաջալերեցէք հոգեւոր առատաձեռնութիւնը։
20 վյրկ. «Տեղ Տուէք Անոր»։c Հարցազրոյց ունեցէք մէկ կամ երկու անհատներու հետ, որոնք իրենց ամուրիութիւնը կ’օգտագործեն Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար։ Թող խօսին թէ ի՛նչ բան իրենց կ’օգնէ որ ծառայութեան մէջ գոհունակութիւն գտնեն։
Երգեցողութիւն Թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 28–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 57
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Ապրիլ ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 6–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Մայիս եւ Զարթի՛ր 8 Մայիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Վերայցելութիւնները Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններու կ’Առաջնորդեն»։d Երէց մը նիւթը նկատի կ’առնէ, գործածելով հայթայթուած հարցումները։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ դաշտի ծառայութեան հակիրճ փորձառութիւններ պատմեն, որոնք նկատի առնուած կէտերուն թիկունք կը կանգնին։ Երբ 5–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնուի, խաղարկեցէք տեղական փորձառութիւն մը, որուն մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը սկսուի։
Երգեցողութիւն Թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 5–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 129
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէք Ապրիլ 2002–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին էջ 2–ի վրայ «Ամրան Համար Կանխաւ Ծրագրել» խորագրով բաժինին մէջ ներկայացուած թելադրութիւնները։
20 վյրկ. Սուրբ Հոգին Անձնական Օգնականս Ըրա՞ծ Եմ։ Դասախօսութիւն հիմնուած՝ Դիտարան 15/10/2000 թիւին վրայ, էջ 21-24։ Ներկաներուն օգնեցէք որ գնահատեն սուրբ հոգիին օգնութեան կարեւորութիւնը, երբ լուրջ պարագաներ կը դիմագրաւեն։
15 վյրկ. Լաւ Տեղեկագրութիւն մը՝ Ուրախութեան Պատճառ մըն Է։ (Առ. 15։30) Ներկաներուն հետ զրոյց, որ ցոյց կու տայ ժողովքին իրագործած բաները, Մարտ ու Ապրիլ ամիսներու ընթացքին թափուած ջանքերուն որպէս արդիւնք։ Ժողովքէն խնդրեցէք որ պատմեն իրենց ունեցած դրական փորձառութիւնները՝ հետեւեալ մարզերուն մէջ. (1) հետաքրքրուած անհատի մը օգնել Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելու, (2) որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայել, (3) անգործունեայ հրատարակիչ մը քաջալերել ժողովքային գործունէութիւններուն մասնակցելու, (4) նորեկի մը օգնել հրատարակիչ մը ըլլալու, եւ (5) Յիշատակատօնին ներկայ գտնուողներուն հետաքրքրութիւնը մշակել։ Այս մեկնաբանութիւններէն ոմանք կանխաւ թող պատրաստուին։ Գովասանք ներկայացուցէք, եւ բոլորը քաջալերեցէք որ շարունակեն այս ուղղութեամբ ջանքեր թափել ապագային։
Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։
c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։
d Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։