Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Մայիս 12–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Յունիս եւ Զարթի՛ր 22 Մայիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Մատուցման կերպը թող ըլլայ անպաշտօն կերպով վկայել ազգականի մը կամ գործակիցի մը՝ դադարի ընթացքին։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը միասին պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։ Նուիրատուութեան կարգադրութիւնն ալ նշեցէք։
20 վյրկ. Ո՛վ Ծնողներ, Ձեր Զաւակներուն Օգնեցէք որ Յառաջդիմեն։ Դասախօսութիւն, նկատի առնելով աչքառու կէտեր Ծառայութեան Դպրոց գրքէն, էջ 9-12 եւ 21-38։ Ծնողները քաջալերեցէք որ այս նիւթէն կարգ մը կէտեր քննարկեն իրենց ընտանեկան ուսումնասիրութեան մէջ, նպատակակէտ ունենալով՝ իրենց զաւակները մարզել որ ծառայութեան մէջ յառաջդիմեն։ Ուշադրութեան յանձնեցէք մասնայատուկ կէտեր, որոնք կրնան գործածուիլ պատանիներուն օգնելու որ հարկ եղած հմտութիւնները մշակեն։
15 վյրկ. «Բարի Լուրը Մեզի Վստահուած Է»։a Կանխաւ կարգադրեցէք որ մէկ կամ երկու հրատարակիչներ հակիրճօրէն բացատրեն թէ ի՛նչպէս կրցած են իրենց անձնական պարագաները կարգի դնել, քարոզչութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը աւելցնելու համար։
Երգեցողութիւն Թիւ 46 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 19–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 63
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Քննարկեցէք «Թագաւորութեան Սրահի Միջազգային Շինարարութիւն՝ Կարգ մը Եւրոպական Երկիրներու Մէջ» յօդուածը։ Նշեցէք թէ Թագաւորութեան Սրահներու շինարարութիւնը, թէ՛ սահմանափակ եկամուտ ունեցող երկիրներու մէջ եւ թէ տեղական թաղամասին մէջ, յառաջ կ’ընթանայ Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին յատկացուած նուիրատուութիւններով։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
15 վյրկ. «Եհովան Փառաբանեցէք Անպաշտօն Կերպով Վկայելով»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Երբ 3–րդ պարբերութիւնը կը քննարկէք, ներկաներուն հարցուցէք թէ սուրբ գրային խօսակցութիւն մը սկսելու համար ի՛նչ կրնայ ըսուիլ հետեւեալ պարագաներուն. (1) մինչ վճարումի համար շարքի կեցած էք, (2) մինչ հանրային փոխադրամիջոց մը կը գործածէք, (3) տան շրջակայքը աշխատող դրացիի մը, (4) գործակիցի մը՝ ձեր աշխատավայրին մէջ, եւ (5) դասընկերի մը՝ դպրոցին մէջ։ Կանխաւ կարգադրեցէք որ տեղական փորձառութիւն մը պատմուի, որ ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս հրատարակիչ մը անպաշտօն կերպով վկայեց։
Երգեցողութիւն Թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 26–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Մայիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, ցուցադրեցէք Դիտարան 1 Յունիս թիւը ներկայացնելու կերպը, անպաշտօն կերպով վկայելով անհատի մը, որ մեր դուռը կը զարնէ՝ ապրանք ծախելու համար։ Նաեւ ցուցադրեցէք Զարթի՛ր 8 Յունիս թիւը ներկայացնելու կերպը, երբ կը խօսակցինք մեր դրացիին հետ։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը միասին պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։ Առաջին ներկայացումը եզրափակելու ատեն, պարբերաթերթեր չընդունող անհատին տուէք՝ Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ թերթիկը։
10 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Դասախօսութիւն։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէք հեռաձայնով վկայելու համար տրուած կարգ մը թելադրութիւններ, որոնք յիշուած են Փետրուար 2001–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, էջ 6, պարբերութիւն 12-15, կամ ուրիշ թելադրութիւններ, որոնք տեղական թաղամասին մէջ ազդու եղած են։
25 վյրկ. «Աստուծոյ Խօսքը Ճշմարտութիւն Է»։b Հայթայթուած հարցումները գործածեցէք։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ պատմեն թէ ի՛նչպէս օգնութիւն ստացան ճշմարտութիւնը սորվելու, երբ հրատարակիչներ Աստուածաշունչը գործածելով իրենց հարցումներուն պատասխանեցին։ Երբ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, թող ատակ հրատարակիչ մը ցուցադրէ առաջին այցելութեան ընթացքին Աստուածաշունչը գործածելու կերպը, օգտագործելով «Աստուծոյ Խօսքը Շիտակ Բացատրեցէք» յօդուածին մէջ յիշուած կարգ մը թելադրութիւնները։—թծ 11/01 էջ 1 պարբ. 3-4
Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 2–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 59
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէք մէկ կամ երկու թելադրութիւններ, առնուած՝ Յունուար 2002–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականէն, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը եւ Գիտութիւն գիրքը ներկայացնելու համար։
20 վյրկ. Պատուական Ամուսնութիւնը՝ Աստուածային Պահանջ մըն Է։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Շատ մը երկիրներու մէջ, սովորական բան մըն է որ զոյգեր միասին ապրին առանց օրինական ամուսնութիւն մը կնքելու։ Ոմանք կ’ըսեն թէ ասիկա գործնական առաւելութիւններ ունի։ Աչքառու դարձուցէք Աստուածաշունչին տեսակէտը, շեշտելով թէ ամուսնութիւնը աստուածային ծագում ունի։ (rs էջ 248-249, կամ՝ էջ 225-226, Արաբ.) Առանց ամուսնութեան կենակցիլը պոռնկութիւն է։ (ըգ էջ 17) Հակառակ ընդհանուր կարծիքին, ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան թէ ամուսնութենէ առաջ միասին ապրիլը ամուսնութեան յաջողութեան հաւանականութիւնը կը նուազեցնէ։ (g02 3/8 էջ 29. g92 9/8 էջ 28. g91 5/8 էջ 28) Քրիստոնեաները Եհովան կը պատուեն, իր չափանիշներուն ենթարկուելով։ Ասիկա ընելով, անոնք նաեւ անձամբ կ’օգտուին։—Եսայ. 48։17, 18
15 վյրկ. Ի՞նչպէս կ’Օգտուիք։ Դպրոցի տեսուչը ներկաներուն հետ զրոյց կ’ունենայ։ Յունուարէն սկսեալ, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նոր կարգադրութեան սկսանք հետեւիլ։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէք դպրոցին կարգ մը նոր երեսակները։ Մինչեւ օրս նկատուած օգուտները ընդգծեցէք։ Դպրոցին մէջ նոր աշակերտներ արձանագրուա՞ծ են։ Անոր մէջ մասնակցութիւն բերելու աւելի մեծ կամեցողութիւն ցուցաբերուա՞ծ է։ Աշակերտները ի՞նչպէս կ’օգտուին խրատ տալու նոր կարգադրութիւններէն։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ պատմեն թէ ցարդ ի՛նչպէս անձամբ օգտուած են եւ ի՛նչպէս նոր յայտագիրը իրենց պիտի օգնէ ապագային։
Երգեցողութիւն Թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։