Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/03 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Յունիս 9–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունիս 16–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունիս 23–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունիս 30–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յուլիս 7–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 6/03 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Յունիս 9–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 81

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Յուլիս եւ Զարթի՛ր 22 Յունիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։ Իւրաքանչիւր ներկայացումին մէջ համար մը պարփակեցէք։

15 վյրկ. «Քրիստոնէական Ծառայութիւնը՝ Մեր Գլխաւոր Գործը»։a Պատանիները քաջալերեցէք որ նկատի առնեն այն օրհնութիւնները, զորս կրնան վայելել լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկելով։ Պարփակեցէք կէտեր, առնուած՝ «Երբ Մշակոյթը եւ Խղճմտանքը Բախումի Մէջ Ըլլան» ենթագլուխին ներքեւ տրուած տեղեկութիւններէն, Դիտարան 1 Նոյեմբեր 2000, էջ 19-20։

20 վյրկ. «Հանգստեան Կոչուիլը՝ Յաւելեալ Գործունէութեան Առաջնորդող Դո՞ւռ մըն Է»։b Եթէ կարելի է, պարփակեցէք հակիրճ հարցազրոյց մը հրատարակիչի մը հետ, որ աշխարհիկ գործէն հանգստեան կոչուիլը օգտագործած է, Եհովայի ծառայութեան աւելի ժամանակ յատկացնելու համար։ Հարցուցէք թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ ըրած է, եւ որպէս արդիւնք ի՛նչ օրհնութիւններ վայելած է։

Երգեցողութիւն Թիւ 204 եւ փակման աղօթք։

Յունիս 16–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 55

8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։

12 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

25 վյրկ. «‘Ամբողջական Վկայութիւն Տալու’ Մէջ Ժրաջան Եղէք»։c Հայթայթուած հարցումները գործածեցէք։ 5 եւ 6–րդ պարբերութիւնները նկատի առնելէ ետք, պարփակեցէք հակիրճ ցուցադրութիւն մը, որ ցոյց կու տայ ի՛նչպէս անպաշտօն կերպով վկայել խանութի մը պաշտօնեային եւ տալ Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ թերթիկը։ 7 եւ 8–րդ պարբերութիւնները քննարկելէ առաջ, զանոնք բարձրաձայն կարդացէք։ Եզրափակութեան մէջ, «Զանոնք Մի՛ Մոռնաք» շրջագիծը կարդացէք ու քննարկեցէք։

Երգեցողութիւն Թիւ 32 եւ փակման աղօթք։

Յունիս 23–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 95

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Յուլիս եւ Զարթի՛ր 8 Յուլիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ, հրատարակիչը փողոցի վկայութեան կը մասնակցի։

20 վյրկ. Վհատութիւնը Յաղթահարելու Համար Ի՞նչ Կարելի Է Ընել։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Նոյեմբեր 1999 թիւին վրայ, էջ 28-29, «Լաւ Տեսակէտ մը Պահպանեցէք» ենթագլուխը ներառեալ։ Նշեցէք գործնական թելադրութիւններ եւ սուրբ գրային խրատներ։ Կանխաւ կարգադրեցէք որ մէկ կամ երկու ատակ հրատարակիչներ բացատրեն, թէ ի՛նչ բան իրենց կ’օգնէ ծառայութեան մէջ իրենց ուրախութիւնը պահպանելու։

15 վյրկ. «Յարափոփոխ Աշխարհի մը Մէջ Քարոզել»։d Երբ 2-3–րդ պարբերութիւնները նկատի կ’առնէք, ներկաներուն հարցուցէք թէ ո՛ր ընթացիկ իրադարձութիւնները կրնան գործածել, տեղական թաղամասին մէջ խօսակցութիւններ սկսելու համար։ Երբ 4–րդ պարբերութիւնը կը քննարկէք, հակիրճ ցուցադրութիւն մը ներկայացուցէք, գործածելով նշուած ներկայացումներէն մէկը։

Երգեցողութիւն Թիւ 21 եւ փակման աղօթք։

Յունիս 30–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 14

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Յունիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Յուլիս ու Օգոստոս ամիսներուն ներկայացուելիք գրականութիւններուն մասին խօսեցէք։ Ձեր ժողովքին ունեցած գրքոյկներէն երկու հատ աչքառու դարձուցէք։ Լաւ պատրաստուած ցուցադրութիւններ թող ցոյց տան ծառայութեան մէջ զանոնք ներկայացնելու կերպը։ Թելադրուած ներկայացումներու համար, տեսէք՝ Յուլիս 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 8։ Յաւելեալ թելադրութիւններ կրնաք գտնել Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ–ին մէջ, «Ներկայացումներ» եւ «Ցանկ՝ Ըստ Գրականութեան» ենթագլուխին ներքեւ։

15 վյրկ. «Անկարող՝ Բայց Պտղաբեր»։e Պարփակեցէք կէտեր թէ ուրիշներ ի՛նչպէս կրնան օգնել, հիմնուած՝ Զարթի՛ր 22 Օգոստոս 1990 թիւին վրայ, էջ 22-23, «Ի՞նչ Կարելի Է Ընել» ենթագլուխին ներքեւ։

20 վյրկ. Աստուծոյ Խօսքը Ազդուօրէն Գործածեցէք Թագաւորութիւնը Քարոզելու Համար։ Ծառայութեան տեսուչը նիւթը նկատի կ’առնէ ներկաներուն հետ։ Ծառայութեան մէջ մեզի հանդիպող իւրաքանչիւր անհատի հետ, կը ջանանք Թագաւորութեան մասին սուրբ գրային շինիչ գաղափար մը բաժնել։ Սակայն, սուրբ գրային համարներ կարդալէն աւելին պէտք է ընենք։ Պէտք է զանոնք բացատրենք, լուսաբանենք եւ կիրարկենք։ Ցոյց տուէք թէ ասիկա ի՛նչպէս կարելի է ընել, որպէս օրինակ գործածելով Պատճառաբանել գրքին մէջ նշուած կարգ մը համարներ, էջ 154-155 (կամ՝ էջ 159, Արաբ.), «Մարդկային կառավարիչները մարդկութեան անմիջական կարիքներուն գոհացում չեն տար» շեղագիր ենթագլուխին ներքեւ։ Քննարկութենէն ետք, լաւ պատրաստուած հրատարակիչ մը թող ցուցադրէ վերայցելութեան ատեն համար մը ազդուօրէն գործածելու կերպը, տալով ամփոփ բացատրութիւն, պարզ լուսաբանութիւն եւ հակիրճ կիրարկում մը, որ տանտիրոջ ցոյց կու տայ թէ Թագաւորութեան իշխանութիւնը ի՛նչպէս օգտակար պիտի ըլլայ իրեն։ Ցուցադրութիւնը թող սկսի, մինչ հրատարակիչը համարը կը կարդայ։ Ցուցադրութենէն ետք, վերաքաղ ըրէք թէ համարը ի՛նչպէս բացատրուեցաւ, լուսաբանուեցաւ ու կիրարկուեցաւ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Աստուծոյ Խօսքը ազդուօրէն գործածելու կարողութիւնը մշակեն։

Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։

Յուլիս 7–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 63

5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. Տեղական փորձառութիւններ։ Պատմեցէք կամ խաղարկեցէք ձեր ժողովքի հրատարակիչներուն ունեցած փորձառութիւնները, երբ (1) վկայած են էթնիք խումբերու կամ օտարախօսներու, կամ (2) գործածած են տունէ տուն եւ փողոցի մէջ քարոզելէն տարբեր մեթոտներ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ երբ օտարախօսի մը հանդիպին, Բարի Լուր Բոլոր Ազգերուն Համար գրքոյկը եւ Հաճեցէք Հետապնդել (S-43) պատճենը ազդու կերպով գործածեն։—Տես՝ Սեպտեմբեր 1999–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 2, Ծանուցումներ։

25 վյրկ. «Աստուածային Անունը Ճանչցնել»։f Հայթայթուած հարցումները գործածեցէք։ Երբ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, «Աստուծոյ Անունը Ճանչցնել» խորագրով շրջագծէն կէտեր պարփակեցէք, Ծանուցանողներ, էջ 124։ Թող ատակ հրատարակիչ մը վերայցելութիւն մը ցուցադրէ։ Պատճառաբանել գրքէն առնուած երկու կամ երեք համարներ գործածելով, էջ 196-197 (կամ՝ էջ 435, Արաբ.), ցոյց տուէք թէ ինչո՛ւ կարեւոր է Աստուծոյ անձնական անունը ճանչնալ ու գործածել։

Երգեցողութիւն Թիւ 112 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

d Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

e Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

f Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել