Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Յունիսին. Գիտութիւն գիրքը կամ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք։ Երբ տանտէրները արդէն ունին այս գրականութիւնները, ժողովքին ունեցած յարմար այլ գրքոյկ մը գործածեցէք։ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը կրնայ գործածուիլ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . . , Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը. Ինչպէ՞ս Կրնաք Գտնել Զայն, Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք եւ Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան։ Եթէ յարմար է, հետեւեալ գրքոյկները կրնան գործածուիլ. Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար եւ Գոհացուցիչ Կեանք՝ Ի՛նչպէս Ձեռք Ձգել։ Սեպտեմբերին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։
◼ Նիւ Եորքի մէջ, մասնաճիւղի համալիրները Պրուքլինի, Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի մէջ փակ պիտի ըլլան հետեւեալ Շաբաթ օրերը. 13 Սեպտեմբեր 2003 (Գաղաադու շրջանաւարտութիւն), 4 Հոկտեմբեր 2003 (Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան տարեկան ժողով), 13 Մարտ 2004 (Գաղաադու շրջանաւարտութիւն), եւ 15 Մայիս 2004 (գարնանային մաքրութիւն)։ Այդ օրերը շրջապտոյտի համար կարգադրութիւններ պիտի չըլլան, նաեւ ժողովքները չեն կրնար գրականութիւններ առնել։
Հաճեցէք նկատի ունենալ թէ «Աստուծոյ Փառք Տանք» Նահանգային Համաժողովի յայտագիրը կը սկսի Ուրբաթ կ.ա. ժամը 9։30–ին, իսկ միջազգային համաժողովի յայտագիրը՝ Հինգշաբթի կ.ե. ժամը 1։20–ին։