Անկարող՝ Բայց Պտղաբեր
1 Եթէ անկարողութիւն մը ունեցող Եհովայի Վկաներէն մէկն էք, տակաւին կրնաք պտղաբեր ծառայութիւն մը ունենալ։ Իրականութեան մէջ, ձեր պարագաները կրնան մասնայատուկ պատեհութիւններ ներկայացնել ձեզի, որ վկայութիւն մը տաք եւ ուրիշները քաջալերէք։
2 Վկայութիւն մը Տալ. Բազմաթիւ անհատներ, որոնք հաշմանդամութենէ մը կը տառապին, ծառայութեան մէջ լման մասնակցութիւն կը բերեն։ Օրինակ, քոյր մը որ վիրաբուժութենէ մը ետք շարժելու ու խօսելու դժուարութիւն ունեցաւ, նկատեց թէ կրնար պարբերաթերթով վկայել, եթէ իր ամուսինը իրենց ինքնաշարժը խճողուած մայթի մը քով շարէր։ Առիթով մը, ան միայն երկու ժամուան ընթացքին 80 պարբերաթերթ տեղաւորեց։ Ձեր իւրայատուկ պարագաներն ալ կրնան ձեզ շփման մէջ բերել անհատներու հետ, որոնց հասնիլը դժուար է։ Այո, զանոնք ձեր յատուկ թաղամասը նկատեցէք։
3 Ձեր քարոզչութիւնը կրնայ շատ ազդու ըլլալ։ Երբ ուրիշներ կը նկատեն ձեր վճռակամութիւնը եւ ձեր կեանքին վրայ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ձգած դրական ազդեցութիւնը, կրնան Թագաւորութեան պատգամով հրապուրուիլ։ Ասկէ զատ, երբ աննպաստ պայմաններէ տառապող անհատներու հանդիպիք, կեանքի մէջ ձեր փորձառութիւնը կրնայ ձեզի օգնել, որ Աստուծոյ Խօսքով զանոնք մխիթարէք։—Բ. Կորն. 1։4
4 Կրնաք Ուրիշները Զօրացնել. Լորըլ Նիսպէթի կենսագրութիւնը ձեզ չքաջալերե՞ց, որ 37 տարի երկաթէ թոքի մէջ ապրեցաւ, սակայն 17 անհատներու օգնեց որ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ճշգրիտ գիտութիւնը ստանան։ Նոյնպէս, ձեր օրինակը կրնայ ձեր հաւատակիցները ներշնչել, որ Եհովայի ծառայութեան մէջ ջանասէր ըլլան։—g93 1/22 էջ 18-21
5 Նոյնիսկ եթէ ձեր պարագաները թոյլ չեն տար որ ձեր ուզած չափով ծառայութեան մասնակցիք, տակաւին կրնաք ուրիշները զօրացնել։ Եղբայր մը ըսաւ. «Սորվեցայ թէ նոյնիսկ խիստ անկարող անհատ մը կրնայ ուրիշներուն մեծապէս օգնել։ Ես եւ կինս ժողովքին մէջ զանազան անհատներու համար նեցուկ կանգնող խարիսխ մը եղած ենք։ Մեր պարագաներուն պատճառաւ, միշտ հոս ներկայ ենք, միշտ մատչելի»։ Սակայն, ձեր հաշմանդամութեան պատճառաւ, հասկնալի է որ միշտ չէք կրնար ձեր նախանձախնդրութեան համաձայն գործել։ Այսուհանդերձ, որոշ օգնութեամբ թերեւս կարենաք ծառայութեան մէջ գործօն բաժին մը բերել։ Հետեւաբար, եթէ օգնութեան կարիքը ունիք, մի վարանիք ասիկա երէցներուն կամ ժողովքին մէջ ուրիշներու ուշադրութեան յանձնելու, որոնք կրնան ձեզի օգնել։
6 Եհովա կը տեսնէ իրեն ծառայելու համար ձեր ըրած բոլոր բաները, եւ ձեր բոլորանուէր ծառայութենէն հաճոյք կ’առնէ։ (Սաղմ. 139։1-4) Մինչ իրեն կ’ապաւինիք, ան կրնայ ձեզ զօրացնել որ պտղաբեր ու իմաստալից ծառայութիւն մը ունենաք։—Բ. Կորն. 12։7-10