Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Յուլիս 14–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 57
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու իրապաշտական ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Օգոստոս եւ Զարթի՛ր 22 Յուլիս թիւերը ժողովքի թաղամասին մէջ ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։
15 վյրկ. Եհովայի Պաշտամունքը Ի՞նչպէս Մեր Կեանքը կը Ճոխացնէ։ Ներկաներուն հետ զրոյց։ Ճշմարիտ պաշտամունքը ուրախ եւ իմաստալից կեանքի մը բանալին է։ (1) Անիկա մեզի կ’օգնէ կեանքի խնդիրներուն ու մտահոգութիւններուն հետ գլուխ ելլելու։ (Փիլ. 4։6, 7) (2) Անիկա մեզ կը քաջալերէ Աստուած հաճեցնող յատկութիւններ մշակել։ (Բ. Պետ. 1։5-8) (3) Անիկա մեզի կ’օգնէ որ մեր ժամանակն ու նիւթական միջոցները օգտալից կերպով գործածենք։ (Ա. Տիմ. 6։17-19) (4) Անիկա ապագայի համար ստոյգ յոյս կը հայթայթէ։ (Բ. Պետ. 3։13) (5) Անիկա մեզ կարող կը դարձնէ Եհովայի հետ մտերիմ յարաբերութիւն մը մշակելու։ (Յակ. 4։8) Բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս այս բաները չեն վայելեր անոնք որոնք Եհովան չեն ճանչնար կամ անոր չեն ծառայեր։
20 վյրկ. «Երախտապարտ՝ Աստուծոյ Ողորմութեան Համար»։a Երբ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, կանոնաւորաբար պարբերաթերթ տանելու վարժութիւնը սկսելու համար թելադրութիւններ ներկայացուցէք, հիմնուած՝ Հոկտեմբեր 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին վրայ, էջ 8։ Մէկ կամ երկու ատակ հրատարակիչներու հարցուցէք, թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար ո՛ր մօտեցումը ազդու գտած են։ Բոլորը քաջալերեցէք որ նպատակադրեն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ եւ վարել։—om էջ 91
Երգեցողութիւն Թիւ 152 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 21–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
10 վյրկ. «Շրջանային Համաժողովի Նոր Յայտագիր»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Յաջորդ շրջանային համաժողովին թուականը ծանուցանեցէք։ Եթէ ժողովքը մի քանի ամիս ետք իր համաժողովը պիտի ունենայ, յիշեցէք թէ մկրտուիլ փափաքողները վերակացու տեսուչը պէտք է տեղեակ պահեն։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Աստուածաշունչի աշակերտները հրաւիրելու եւ իւրաքանչիւր նիստին ներկայ գտնուելու համար մասնայատուկ ջանք թափեն։
25 վյրկ. Քարոզչութեան Մէջ Անոնց Համարձակութիւնը Ընդօրինակեցէք։ Ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Աստուած Պաշտեցէք գրքին վրայ, էջ 170-171։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ 7–րդ պարբերութեան հարցումներուն պատասխանեն եւ նշուած համարները իրենց մեկնաբանութիւններուն մէջ պարփակեն։ Կարգ մը համարներ կարդացէք։ Ընդգծեցէք այս դրուագներէն քաղուած դասերը եւ թէ անոնք ի՛նչպէս կ’օգնեն մեզի որ քարոզելու մեր նշանակումին հանդէպ պատշաճ տեսակէտ մը ունենանք։
Երգեցողութիւն Թիւ 27 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 28–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 33
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Յուլիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Օգոստոս եւ Զարթի՛ր 8 Օգոստոս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ, հրատարակիչը անպաշտօն կերպով կը վկայէ։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Խմբովին Վկայելը Ուրախութիւն կը Պատճառէ»։b Երբ 3–րդ պարբերութիւնը կը քննարկէք, կարգ մը կէտեր պարփակեցէք Սեպտեմբեր 2001–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփէն։ Հակիրճօրէն հարցազրոյց ունեցէք Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչի մը հետ։ Անոր հարցուցէք իր գրքի ուսումնասիրութեան խումբին համար ըրած դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւններուն մասին, եւ թէ անոնք ի՛նչպէս կ’օգտուին խմբովին վկայելով։
Երգեցողութիւն Թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 4–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 162
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Այս ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնները յիշեցէք։ Ցուցադրեցէք մէկ կամ երկու հակիրճ ներկայացումներ, զորս կարելի է գործածել։
20 վյրկ. «Գրականութիւններ Ներկայացնել Բազմալեզու Թաղամասին Մէջ»։c Հայթայթուած հարցումները գործածեցէք։ Երբ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, ցուցադրեցէք պարզ ներկայացում մը այն օտար լեզուով որ ձեր թաղամասին մէջ կը խօսուի եւ որուն համար ժողովք մը չկայ։—թծ 7/02 էջ 1 պարբ. 4
15 վյրկ. Դեռատիները Եհովան կը Փառաբանեն։ Դասախօսութիւն, ներկաներուն հետ զրոյց եւ հարցազրոյցներ։ Ժողովներուն հաճոյք կ’առնենք լսելով դեռատիներուն տուած լաւ–պատրաստուած պատասխանները։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ անոնց ժրաջանութիւնն ու յառաջդիմութիւնը ուրախութիւն կը պատճառեն։ Անոնք հարազատ հաւատք կ’ապացուցանեն, մինչ ընտիր վկայութիւն կու տան ծառայութեան մէջ։ Անոնց բարեպաշտ վարքը Եհովան կը պատուէ։ (yb88 էջ 53-54) Անոնց հոգեւոր յառաջդիմութիւնը հիմ կը դնէ ապագայ առանձնաշնորհումներու համար։ Հակիրճօրէն հարցազրոյց ունեցէք երկու կամ երեք Քրիստոնեայ դեռատիներու հետ, որոնք ժողովքի գործունէութիւններուն կանոնաւորաբար կը մասնակցին։ Ջերմօրէն գովեցէք ժողովքին դեռատիները, իրենց ընտիր ջանքերուն համար որ Եհովան փառաբանեն։
Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։
c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։