Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/03 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյեմբեր 10–ով Սկսող Շաբաթ
  • Նոյեմբեր 17–ով Սկսող Շաբաթ
  • Նոյեմբեր 24–ով Սկսող Շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 1–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 11/03 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Նոյեմբեր 10–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 212

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Երկու իրատես ցուցադրութիւններով ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս կրնաք էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները գործածել, Դիտարան 1 Դեկտեմբեր եւ Զարթի՛ր 22 Նոյեմբեր թիւերը ձեր թաղամասին մէջ ներկայացնելու համար։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ թող բացատրուի թէ մեր համաշխարհային գործը ի՛նչպէս կը ֆինանսաւորուի։—Տես՝ Դիտարան, էջ 2, կամ Զարթի՛ր, էջ 5։

15 վյրկ. «Պատրաստ Կեցէք»։a Ներկաներէն խնդրեցէք որ խօսին թէ ի՛նչ բան իրենց կ’օգնէ թոյլ չտալու որ իրերու այս դրութեան մտահոգութիւններն ու զբաղումները վատնեն այն ժամանակը, որ կրնայ աւելի ազդուօրէն գործածուիլ հոգեւոր հետապնդումներու համար։

20 վյրկ. Ձեր Ընկերակիցները Ի՞նչպէս կ’Ընտրէք։ Ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած Աստուած Պաշտեցէք գիրքին վրայ, էջ 47-49։ 13–րդ պարբերութեան մէջ գտնուած հարցումներն ու նշուած համարները գործածելով, ներկաներէն խնդրեցէք որ խօսին սուրբ գրային սկզբունքներուն մասին, որոնց համաձայն մեր ընկերակիցները կ’ընտրենք։

Երգեցողութիւն Թիւ 127 եւ փակման աղօթք։

Նոյեմբեր 17–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 14

12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հարցազրոյց ունեցէք երկու կամ երեք հրատարակիչներու հետ, որոնք այս ամիս ներկայացուելիք գրականութիւնը գործածելով, դաշտի ծառայութեան մէջ հետաքրքրական փորձառութիւններ ունեցած են։ Գուցէ ոմանք կրցած են Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։

15 վյրկ. Առատաձեռնութեան Հոգին Մշակեցէք։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած Դիտարան 1 Նոյեմբեր 2003 թիւին վրայ, էջ 27-30 (Անգլերէն)։

18 վյրկ. «Գովասանքը կը Թարմացնէ»։b Պարփակեցէք կէտեր, առնուած Ընտանիք գիրքէն, էջ 49-50, պարբերութիւն 21։ Հակիրճ մեկնաբանութիւններ խնդրեցէք անոնցմէ, որոնք ուրիշներու գովասանքի խօսքերէն քաջալերուած են։

Երգեցողութիւն Թիւ 57 եւ փակման աղօթք։

Նոյեմբեր 24–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 32

12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Գործածելով էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Դեկտեմբեր եւ Զարթի՛ր 8 Դեկտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Էջ 4–ի վրայ թելադրուած համարէն տարբեր համար մը կրնայ գործածուիլ։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։ Ներկայացումներէն մէկուն մէջ, ցուցադրեցէք հանրային փոխադրամիջոցի մը կամ տեղական այլ յարմար վայրի մը մէջ անպաշտօն կերպով պարբերաթերթերը ներկայացնելու կերպը։

10 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։

23 վյրկ. «Եհովայի Հետ Մտերմութիւն Մշակել»։c Հայթայթուած հարցումները գործածեցէք։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ բացատրեն թէ համարները ի՛նչպէս կը կիրարկուին։ Կանխաւ կարգադրեցէք որ մէկ կամ երկու հոգի պատմեն թէ ի՛նչ բան իրենց օգնած է որ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան որակը բարելաւեն։

Երգեցողութիւն Թիւ 77 եւ փակման աղօթք։

Դեկտեմբեր 1–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 138

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Նոյեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնները յիշեցէք։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէք մէկ կամ երկու թելադրուած ներկայացումներ։ Բացատրեցէք թէ հրատարակիչները ի՛նչպէս կրնան Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ–ը գործածել, յաւելեալ ներկայացումներ գտնելու համար։—Տես՝ Սեպտեմբեր 2001–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 2։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. Որակելի՝ Ուրիշներուն Սորվեցնելու։ Ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած Դիտարան 1 Յունիս 2000 թիւին վրայ, էջ 16-17, պարբերութիւն 9-13։ Ազդուօրէն սորվեցնելու կարող ըլլալը, մեր ծառայութեան մէջ առաջնակարգ նպատակակէտ մըն է։ Որպէսզի ոչխարանման անհատներուն օգնելու մէջ յաջողութիւն գտնենք, Թագաւորութեան պատգամը պէտք է հաղորդենք այնպիսի կերպով մը որ անոնց համար տեղեկատու եւ խթանիչ ըլլայ։ Հետեւեալ հարցումները նկատի առէք. (1) Քարոզելու եւ աշակերտելու միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն կայ։ (it-2 էջ 672 պարբ. 2) (2) Ոմանք ինչո՞ւ կը վարանին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու։ (3) Ուսուցանելու մեր կարողութիւնը ի՞նչպէս կրնանք բարելաւել։ (4) Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր աշակերտը իր սորվածը կ’ըմբռնէ։ (5) Աշակերտին պէտք է օգնենք ո՞ր նպատակակէտին հասնելու։

Երգեցողութիւն Թիւ 21 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։

c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել