Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/04 էջ 3
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 1/04 էջ 3

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Յունուարին. 1988–էն առաջ հրատարակուած որեւէ գիրք որ ժողովքը ունի։ Եթէ չունիք, հաճեցէք մօտակայ ժողովքներէն հին գրականութիւններ խնդրել, որպէսզի զանոնք գործածէք։ Փետրուարին. Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է։ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Եթէ մարդիկ արդէն ունին այս գրականութիւնը, Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան գիրքը կրնաք ներկայացնել։ Ապրիլին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, պարփակեցէք այն անհատները որոնք Յիշատակատօնին կամ աստուածպետական այլ առիթներուն ներկայ կը գտնուին, բայց կազմակերպութեան հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր։ Ջանացէք տեղաւորել Միացած՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուծոյ Պաշտամունքին Մէջ գիրքը։ Ամէն ջանք թափեցէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար, յատկապէս եթէ ոմանք արդէն ուսումնասիրած են Գիտութիւն գիրքը եւ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը։ Տեղաւորումները պէտք է ըլլան վերայցելութիւններու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու ընթացքին։

◼ Փետրուարէն սկսեալ, իսկ Մարտ 7–էն ոչ աւելի ուշ, շրջանային տեսուչները պիտի ներկայացնեն հետեւեալ նոր հանրային դասախօսութիւնը՝ «Որո՞ւ Արժէքները կ’Արժեւորէք»։

◼ Ժողովքները կարգադրութիւններ պէտք է ընեն այս տարի Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար, Կիրակի Ապրիլ 4–ին, արեւնամուտէն ետք։ Թէեւ դասախօսութիւնը կանուխ կրնայ սկսիլ, սակայն Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն հրամցուիլը պէտք է սկսի արեւնամուտէն ետք։ Տեղական աղբիւրներէ ստուգեցէք թէ արեւնամուտը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ ձեր շրջանին մէջ։ Որովհետեւ այդ օր դաշտի ծառայութեան ժողովներէն զատ ուրիշ ժողովներ տեղի պիտի չունենան, պատշաճ փոփոխութիւններ պէտք է ըլլան Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան ժողովը ուրիշ օր մը ընելու համար։ Շրջանային տեսուչները այդ շաբթուան համար իրենց ժողովներու յայտագրին մէջ փոփոխութիւններ պէտք է մտցնեն տեղական պարագաներուն համաձայն։ Մինչ փափաքելի է որ իւրաքանչիւր ժողովք Յիշատակատօնը առանձին տօնակատարէ, բայց ասիկա միշտ կարելի չէ։ Ուր որ մի քանի ժողովքներ սովորաբար նոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն, թերեւս մէկ կամ աւելի ժողովքներ կարենան կարգադրել ուրիշ վայր մը գործածել այդ իրիկուան համար։ Հոն ուր կարելի է, կը թելադրենք որ առնուազն 40 վայրկեան ըլլայ երկու յայտագիրներուն միջեւ, որպէսզի բոլորն ալ լիովին օգտուին առիթէն։ Նկատի պէտք է առնուի նաեւ խճողումի եւ ինքնաշարժները շարելու, ինչպէս նաեւ անհատներ հասցնելու եւ վերադարձնելու հարցը։ Երէցներու մարմինը պէտք է որոշէ թէ ո՛ր կարգադրութիւնները լաւագոյնն են իրենց ժողովքին համար։

◼ 2004–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի յայտագիրը կը բովանդակէ նշանակումներ, որոնք հիմնուած են Պատճառաբանել գիրքին վրայ։ Պարբերութիւնները համրելու համար, հաշուեցէք միայն այն պարբերութիւնները, որոնց առաջին տողը լուսանցքէն աւելի ներս առնուած է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել