Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/04 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Յունուար 12–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունուար 19–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունուար 26–ով Սկսող Շաբաթ
  • Փետրուար 2–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 1/04 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Յունուար 12–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 32

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, Դիտարան 1 Փետրուար եւ Զարթի՛ր 22 Յունուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութենէ ետք, ներկայացումին կարգ մը լաւ երեսակները ուշագրաւ դարձուցէք։

15 վյրկ. «Աստուածային Իմաստութեան Գերազանց Արժէքը»։ Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրեցէք որ նշուած համարներուն մասին մեկնաբանեն։

20 վյրկ. Նոր Գրականութիւններ Ստանալով Ուրախացանք։ Ներկաներուն հետ զրոյց։ «Աստուծոյ Փառք Տանք» բնաբանով Նահանգային Համաժողովին երկու նոր հրատարակութիւններ ստանալով ուրախացանք։ ‘Տեսէ՛ք Բարի Երկիրը’ գրքոյկը մեր գրադարանին մէջ գտնուած որեւէ գրականութեան չի նմանիր։ Իւրաքանչիւր էջ Խոստացեալ Երկրին տարբեր մէկ երեսակը ցցուն կը դարձնէ։ Քարտէսներուն ներկայացուցած կարգ մը մանրամասնութիւնները նշեցէք։ Այս հրատարակութիւնը գործածելու գործնական կերպեր թելադրեցէք։ Մեծ Ուսուցիչէն Սորվեցէք գիրքը մեր զաւակներուն հոգեւոր բարօրութեան պիտի նպաստէ։ Յիշեցէք անոր ներկայացուցած կարգ մը ժամանակայարմար նիւթերը, ցոյց տալով թէ ծնողներն ու երախաները ի՛նչպէս կրնան օգտուիլ։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ խօսին թէ այս նոր գրականութիւնները ի՛նչպէս ազդուօրէն կը գործածեն։

Երգեցողութիւն Թիւ 14 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 19–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 95

5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

10 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

15 վյրկ. «Ի՞նչպէս Կրնանք Վկայ Չեղող Կողակիցներուն Օգնել»։ Հարցազրոյց ունեցէք մէկ կամ երկու անհատներու հետ, որոնք Եհովայի ծառաներ եղան, իրենց Վկայ կողակիցին ընտիր օրինակին շնորհիւ։

Երգեցողութիւն Թիւ 21 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 26–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 46

12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Յունուար ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, Դիտարան 1 Փետրուար եւ Զարթի՛ր 8 Փետրուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։ Ներկայացումներէն մէկուն մէջ, պարբերաթերթերը դրացիի մը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։

15 վյրկ. Աստուծոյ Խօսքը Ամէն Օր Կիրարկեցէք։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր՝ 2004 գրքոյկէն լաւագոյնս օգտուին։ Նախաբանէն կէտեր նկատի առէք, էջ 3-4։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ յիշեն թէ անձնապէս ո՛ր ժամանակը կը նկատեն լաւագոյն ժամանակը օրուան համարը նկատի առնելու համար։ Ժողովքին հետ քննարկեցէք օրուան համարն ու անոր մեկնաբանութիւնը։ Թող ներկաները բացատրեն տրուած տեղեկութիւններուն կիրարկումը։ Բոլորը քաջալերեցէք որ ամէն օր օրուան համարը նկատի առնելէ ետք, պահ մը խորհին թէ ի՛նչպէս կրնան տեղեկութիւնները կիրարկել։

18 վյրկ. Հաւատակիցներուն Հետ Բարեկամութիւն Մշակենք։ (Առ. 18։24. 27։9) Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 2000 թիւին վրայ, էջ 22-23։ Ճշմարիտ պաշտամունքին օրհնութիւններէն մէկն է՝ իսկական բարեկամներ ունենալու պատեհութիւնը։ Ժողովներուն, դաշտի ծառայութեան մէջ եւ այլ առիթներով մեր ունեցած ընկերակցութիւնը, քաջալերութեան աղբիւր մըն է։ Ի՞նչպէս կրնանք ժողովքի անդամներուն հետ բարեկամութիւն մշակել։ «Վեց Քայլեր՝ Մնայուն Բարեկամութեան մը Համար» շրջագիծը վերաքաղ ըրէք, եւ ներկաներէն խնդրեցէք որ բացատրեն թէ իւրաքանչիւր կէտ ի՛նչպէս կրնանք կիրարկել մեր եղբայրներուն հետ մեր գործառնութեանց մէջ։

Երգեցողութիւն Թիւ 127 եւ փակման աղօթք։

Փետրուար 2–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 204

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Փետրուար ամսուան համար ներկայացուելիք գրականութիւնները յիշեցէք։ Վերաքաղ ըրէք Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գիրքին ներկայացումները, որոնք յիշուած են Փետրուար 1997–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, էջ 8։

20 վյրկ. «Ձեր Ժամանակը Շատ Զգուշութեամբ Գործածեցէք»։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ պատմեն թէ ի՛նչ կ’ընեն, որպէսզի անհրաժեշտ չեղող գործունէութիւններ հոգեւոր հետապնդումները չխանգարեն։

15 վյրկ. Պօղոսը Ընդօրինակեցէք, Ինչպէս Ինք Քրիստոսը Ընդօրինակեց։ (Ա. Կորն. 11։1) Ներկաներուն հետ զրոյց։ Յիսուսի նման, Պօղոս առիթներ օգտագործեց վկայելու համար «անոնց որ հանդիպէր»։ (Գործք 17։17) Ասիկա մեր թաղամասին մէջ ընելու համար ի՞նչ պատեհութիւններ ունինք։ Որո՞նց ‘կը հանդիպինք’, երբ գնում կ’ընենք, գործատեղ կամ դպրոց կը գտնուինք, կամ հանրային փոխադրամիջոց կը գործածենք։ Որո՞նց հետ կրնանք շփման մէջ գալ, երբ տուն գտնուինք։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ պատմեն փորձառութիւններ որ ունեցած են, ամէնօրեայ գործունէութիւններու ընթացքին իրենց հանդիպած մարդոց վկայելով։

Երգեցողութիւն Թիւ 10 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել