Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, 23 Փետրուար 2004–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 5 Յունուարէն մինչեւ 23 Փետրուար 2004 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշմար. Երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընէք։—Տես՝ Ծառայութեան Դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ի՞նչ կրնանք ընել վստահ ըլլալու համար թէ ներկայացուած նիւթին գործնական արժէքը ունկնդիրներուն յստակ է եւ իրապէս անոնց կ’օգտէ։ [կօ էջ 158 պարբ. 2-4]
2. Ինչո՞ւ մեր բառերը բծախնդրութեամբ պէտք է ընտրենք։ [կօ էջ 160 պարբ. 1 եւ երկրորդ շրջագիծը]
3. Ա. Կորնթացիս 14։9–ի մէջ լաւ խօսակցութեան հիմնական պահանջներէն ո՞ր մէկը աչքառու դարձուած է, եւ այս սկզբունքը մեր ուսուցումին մէջ ի՞նչպէս կրնանք կիրարկել։ [կօ էջ 161 պարբ. 1-4]
4. Ինչպէս Մատթէոս 5։3-12 եւ Մարկոս 10։17-21–ի մէջ կը տեսնուի, ի՞նչ է Յիսուսի ուսուցման ուշագրաւ մէկ յատկանիշը որ կրնանք ընդօրինակել։ [կօ էջ 162 պարբ. 4]
5. Մեր ծառայութեան մէջ կամ երբ ժողովներուն կը մեկնաբանենք, ինչո՞ւ կ’ուզենք այնպիսի բառեր գործածել, որոնք ուժգնութիւն, զգացում կամ երանգ կը հաղորդեն։ (Մատթ. 23։37, 38) [կօ էջ 163 պարբ. 3–էջ 164 պարբ. 1]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Դասախօսութեան բնաբանը ի՞նչ է, եւ զայն ի մտի ունենալը ի՞նչպէս կրնայ օգտակար ըլլալ, երբ դասախօսութեան մը համար տեղեկութիւններ պիտի ընտրէք ու դասաւորէք։ [կօ էջ 39 պարբ. 6–էջ 40 պարբ. 1]
7. (ա) Ի՞նչ կը նշանակէ հոգեւորապէս մաքուր ըլլալ, եւ ինչո՞ւ հոգեւոր մաքրութիւնը կրնայ ամենէն կարեւոր մաքրութիւնը նկատուիլ։ (բ) Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան մերժել աշխարհի մէջ սովորական դարձած բարոյական անմաքրութիւնը։ [w02 2/1 էջ 5-6]
8. Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքները աւելի ծանրակշիռ են։ [դ02 3/1 էջ 3 պարբ. 3, 6, 8]
9. Ի՞նչ է կարեկցութիւնը, եւ Յիսուս ի՞նչպէս այս յատկութիւնը ցուցաբերեց։ [w02 4/15 էջ 24 պարբ. 4, էջ 25 պարբ. 4-5]
10. Առակաց 11։11–ը ի՞նչպէս կը կիրարկուի Եհովայի ժողովուրդին ժողովքներուն։ [w02 5/15 էջ 27 պարբ. 1-3]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Ծննդոց 2։9–ի մէջ յիշուած «կենաց ծառը» ի՞նչ կը ներկայացնէ։
12. Ղովտի կինը ինչո՞ւ իր կեանքը կորսնցուց։ (Ծննդ. 19։26) [w90 4/15 էջ 18 պարբ. 10]
13. Ծննդոց 24–րդ գլուխին մարգարէական թատերախաղին մէջ, ո՞վ կը պատկերացնէ (ա) Աբրահամ, (բ) Իսահակ, (գ) Աբրահամի ծառան՝ Եղիազար, (դ) տասը ուղտերը, եւ (ե) Ռեբեկան։
14. Աստուած Յակոբի ու Եսաւի կեանքը նախասահմանե՞ց։ (Ծննդ. 25։23)
15. Ռաքէլ ի՞նչ կերպով ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ։ (Ծննդ. 30։1-8) [w02 8/1 էջ 29-30]