Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Փետրուարին. Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է։ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Եթէ մարդիկ արդէն ունին այս գրականութիւնը, Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան գիրքը կրնաք ներկայացնել։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, պարփակեցէք այն անհատները որ Յիշատակատօնին եւ/կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ կը գտնուին, բայց կազմակերպութեան հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր։ Ջանացէք տեղաւորել Պաշտամունք գիրքը։ Ամէն ջանք թափեցէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար, յատկապէս եթէ ոմանք արդէն ուսումնասիրած են Գիտութիւն գիրքը եւ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը։ Տեղաւորումները պէտք է ըլլան վերայցելութիւններու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու ընթացքին։
◼ Մարտ 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքին հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ յետոյ, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։ Կարդացէք համաշխարհային գործին եւ կազմակերպութեան կողմէ հովանաւորուած որեւէ այլ հիմնադրամի ի նպաստ ժողովքին կատարած նուիրատուութեան համար ստացուած շնորհակալագիրը։
◼ Քարտուղարը եւ ծառայութեան տեսուչը վերաքաղ պէտք է ընեն բոլոր կանոնաւոր ռահվիրաներուն գործունէութիւնը։ Եթէ ոեւէ մէկը ժամերու պահանջին գոհացում տալու դժուարութիւն ունի, երէցները պէտք է կարգադրեն որ աջակցութիւն տրուի անոր։ Թելադրութիւններու համար, վերաքաղ ըրէք տարեկան նամակները (S-201)։
◼ Բոլոր հրատարակիչներուն ուշադրութեան կը յանձնենք թէ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկի վերջին էջին վրայ տրուած ներկայացումները պարզապէս առաջարկներ են։ Ուստի հարկ չկայ զանոնք բառ առ բառ գործածելու, այլ կրնաք խօսակցական ոճով զանոնք ներկայացնել, ինչպէս որ տեղական թաղամասին կը յարմարի, ըլլայ Ծառայութեան Ժողովին մէջ թէ դաշտի ծառայութեան մէջ։ Հետեւաբար առաջուընէ լաւ կերպով զանոնք պատրաստեցէք։
◼ Զինուորագրութեան կանոնները կը պահանջեն որ 18 տարեկան ըլլալէն ետք, բոլոր տղամարդիկը գրանցուին։ Խնդրոյ առարկայ բոլոր անհատները պէտք է ենթարկուին այս օրէնքին, զայն նկատելով որպէս Քրիստոնեայի մը պարտաւորութիւնը վերին իշխանութիւններուն հանդէպ։ Երէցները ի մտի պէտք է ունենան երիտասարդ եղբայրները, որոնք 18 տարեկան պիտի ըլլան, եւ անոնց պատշաճ վերյիշեցումներ տան։ Այս օրէնքին չենթարկուող եղբայրները անմեղադրելի պիտի չնկատուին, ուստի ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներ ստանձնելու համար որակելի պիտի չըլլան։
◼ 2004–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութեան բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Քաջասի՛րտ Եղէք ու Եհովայի Վստահեցէ՛ք»։ Տես ասոր հետ կապ ունեցող ծանուցումը, Սեպտեմբեր 2003–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։