Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/04 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Մարտ 8–ով Սկսող Շաբաթ
  • Մարտ 15–ով Սկսող Շաբաթ
  • Մարտ 22–ով Սկսող Շաբաթ
  • Մարտ 29–ով Սկսող Շաբաթ
  • Ապրիլ 5–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 3/04 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Մարտ 8–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 14

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Բոլորին յիշեցուցէք որ ‘Տեսէ՛ք Բարի Երկիրը’ գրքոյկը իրենց հետ բերեն յառաջիկայ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին։ Գործածելով էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, Դիտարան 1 Ապրիլ եւ Զարթի՛ր 22 Մարտ թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։

15 վյրկ. Թերթիկներ Գործածենք Խօսակցութիւններ Սկսելու Համար։ Ներկաներուն հետ զրոյց։ Խօսակցութեան սկիզբ տալը յաճախ վկայելուն ամենէն դժուար բաժինն է։ Թերթիկները կարելի է գործածել խօսակցութիւն մը սկսելու համար, երբ կը վկայենք դռնէ դուռ, առեւտրական թաղամասին մէջ եւ հանրային վայրերու մէջ։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէք երկու կամ երեք թերթիկներ, որոնք կրնան տեղական թաղամասին մէջ մարդոց հետաքրքրութիւնը շարժել։ Այս թերթիկները ներկայացնելու ատեն, բացման ի՞նչ խօսքեր կրնաք ըսել։ Պատկերները ի՞նչպէս կրնաք գործածել։ Ի՞նչ հարցումներ կրնաք փափկանկատօրէն հարցնել։ Իւրաքանչիւր թերթիկէն աչքառու դարձուցէք պարբերութիւն մը, որ կրնաք նկատի առնել եթէ տանտէրը հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ։ Ցուցադրեցէք թերթիկ մը գործածելով խօսակցութիւն մը սկսելու կերպը։ Թող հրատարակիչը թերթիկէն հակիրճօրէն նկատի առնէ պարբերութիւն մը, ապա եզրափակէ Գիտութիւն գիրքը ներկայացնելով։

20 վյրկ. «Տէ՛րը Սիրեցէք, Ո՛վ Անոր Բոլոր Բարեպաշտները»։a Երբ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, ներկաներէն խնդրեցէք որ պատմեն թէ ի՛նչպէս մարդիկ հրաւիրած են Յիշատակատօնին։

Երգեցողութիւն Թիւ 114 եւ փակման աղօթք։

Մարտ 15–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 32

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ «Յիշատակատօնի Վերաբերեալ Վերյիշեցումներ» շրջագծին գլխաւոր կէտերը վերաքաղ ըրէք։ Ծանուցանեցէք թէ Յիշատակատօնի շաբթուան ընթացքին Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ։

15 վյրկ. Յիշատակատօնի Շրջանի Մասնայատուկ Գործունէութեան Մասին Այժմէական Տեղեկութիւններ։ Ներկաներուն հետ զրոյց, ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ Յիշեցէք եղած մասնայատուկ կարգադրութիւնները։ Պատմեցէք պատահած քանի մը փորձառութիւններ։ Քաջալերեցէք Ապրիլ ու Մայիս ամիսներուն օժանդակ ռահվիրայ ըլլալը։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէք Փետրուարի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականէն մի քանի կէտեր։

20 վյրկ. ‘Տեսէ՛ք Բարի Երկիրը’ Գրքոյկէն Օգտուեցէք։ Նոր գրքոյկը Աստուծոյ Խօսքին մեր ընթերցանութիւնը եւ ուսումնասիրութիւնը աւելի իմաստալից կրնայ դարձնել։ Անոր ցանկը գործածելը բանալի ազդակ մըն է։ Կարդացէք Եսայեայ 63։1–ը, որ ցոյց կու տայ թէ Եհովա Բօսրայէն կու գայ։ Բոլորը հրաւիրեցէք որ ‘Բարի Երկիրը’ գրքոյկին ցանկին մէջ Բօսրա բառը փնտռեն։ Բացատրեցէք թէ «Բօսրա 11 G11» ի՛նչ կը նշանակէ, գործածելով էջ 34–ի վրայ գտնուած շրջագիծը, եւ նշուած քարտէսին վրայ գտէք Բօսրան ու Եդովմը։ Ցանկը գործածելով, Երուսաղէմէն դէպի Սուքար երթալու համար Յիսուսի գործածած ճամբան գտէք։ (Յովհ. 4։3-5) Նոյնը ըրէք Բեթհեզդայի աւազանին վայրը գտնելու համար։ (Յովհ. 5։1-3) Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութենէն մէկ կամ երկու յաւելեալ օրինակներ ընտրեցէք։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ ըսեն թէ այս վայրերը գրքոյկին մէջ ո՛ւր կը գտնուին, եւ քարտէսներուն դիմելով ի՛նչպէս կրնանք օգտուիլ։ Հակիրճօրէն աչքառու դարձուցէք գրքոյկին կարգ մը քարտէսները, յիշելով անոնց ծածկած ժամանակաշրջանները։ Աստուածաշունչի նշած վայրերուն մեծամասնութիւնը կը գտնուի էջ 18-19–ի քարտէսին վրայ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ ‘Տեսէ՛ք Բարի Երկիրը’ գրքոյկը լաւ կերպով գործածեն։

Երգեցողութիւն Թիւ 63 եւ փակման աղօթք։

Մարտ 22–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 129

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Բոլորին յիշեցուցէք որ Մարտ 30–Ապրիլ 4–ի համար յայտագրուած Յիշատակատօնի վերաբերեալ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան հետեւին, ինչպէս ուրուագծուած է Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկին եւ 2004–ի Օրացոյց–ին մէջ։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. «Ձեզ Պարփակող Հեծելազօրքի Արշաւ մը»։b Ժամանակին ներած չափով, նշուած համարները կարդացէք ու քննարկեցէք։

Երգեցողութիւն Թիւ 162 եւ փակման աղօթք։

Մարտ 29–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 57

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Մարտ ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Ապրիլ ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնները յիշեցէք։ Գործածելով էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, Դիտարան 1 Ապրիլ եւ Զարթի՛ր 8 Ապրիլ թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։

15 վյրկ. 2004–ի Տարեգիրք–ը Լաւ Կերպով Գործածեցէք։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ «Նամակ մը Կառավարիչ Մարմինէն» յօդուածէն աչքառու կէտեր, համաշխարհային տեղեկագրութենէն ուշագրաւ թիւեր եւ հաւատք զօրացնող մի քանի փորձառութիւններ յիշեցէք։ Բոլորը քաջալերեցէք որ տարուան ընթացքին ամբողջ գիրքը կարդան։

20 վյրկ. Ճշմարտութիւնը կը Միացնէ Ընտանիքները։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Երբեմն հետաքրքրուած անհատներ ետ կը կենան Եհովայի ծառայելէ, քանի որ ընտանիքի անդամներ իրենց կը հակառակին։ Պատմեցէք հետեւեալ փորձառութիւններէն ոմանք. Դիտարան 1 Յունուար 2002, էջ 23-24. Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 2000, էջ 8. Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1999 (Անգլ.), էջ 32. Դիտարան 1 Յունուար 1999 (Անգլ.), էջ 4. եւ Զարթի՛ր 22 Փետրուար 1998, էջ 31։ Աչքառու դարձուցէք թէ յաճախ ընտանեկան կեանքը կը բարելաւուի, երբ նոյնիսկ մէկ անդամ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկէ։

Երգեցողութիւն Թիւ 127 եւ փակման աղօթք։

Ապրիլ 5–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 21

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

20 վյրկ. Ֆիզիքական Մաքրութիւնը Մեզ կը Յանձնարարէ։ Դասախօսութիւն հիմնուած՝ Դիտարան 1 Յունիս 2002 թիւին վրայ, էջ 25-28։ Պարփակեցէք ցուցադրութիւն մը, որուն մէջ երէց մը ռահվիրայի մը ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնայ փափկանկատօրէն Աստուածաշունչի աշակերտի մը օգնել, որ իր տունն ու բակը մաքուր պահելու կարեւորութիւնը տեսնէ, գործածելով Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին 9–րդ դասին 5–րդ պարբերութիւնը։

15 վյրկ. Յիշատակատօնի տօնակատարութեան եւ Մարտ ամսուան ընթացքին ծառայութեան յաւելեալ գործունէութեան վերաբերեալ փորձառութիւններ պատմեցէք։

Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել