Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, 26 Ապրիլ 2004–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 1 Մարտէն մինչեւ 26 Ապրիլ 2004 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշմար. Երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընէք։—Տես՝ Ծառայութեան Դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Երբ դասախօսութիւն մը կու տանք, ինչո՞ւ աւելի լաւ է ուրուագիծ գործածելով խօսիլ, քան՝ ձեռագիրէ մը կարդալ։ [կօ էջ 166 պարբ. 3]
2. Երբ դաշտի ծառայութեան կը պատրաստուինք, ի՞նչպէս կրնանք մեր միտքերը անգիր ուրուագիծի մը մէջ դասաւորել։ [կօ էջ 167 պարբ. 3]
3. Գործք Առաքելոց 13։16-41 եւ 17։2, 3–ը գործածելով, բացատրեցէք թէ Պօղոս ի՛նչպէս ‘տրամաբանօրէն ապացուցանեց թէ Յիսուսը Քրիստոսն է’։ (Գործք 9։22, ՆԱ) [կօ էջ 170 պարբ. 2]
4. Յանպատրաստից խօսելակերպին կարգ մը առաւելութիւնները ի՞նչ են։ [կօ էջ 175 պարբ. 1-4]
5. Յանպատրաստից խօսիլը ո՞ր հաւանական որոգայթները ունի, եւ ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել անոնցմէ խուսափելու։ [կօ էջ 175 պարբ. 5–էջ 176 պարբ. 3]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Ծննդոց 32։24-32–ի համաձայն, 97 տարեկան Յակոբ ի՞նչ ըրաւ Եհովայի օրհնութիւնը ստանալու համար, եւ ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։ [w02 8/1 էջ 29-31]
7. Ի՞նչ է «հանճար»ը, եւ անիկա ի՞նչպէս կրնայ մեզ ետ պահել անհաւասարակշռուած ըլլալէ եւ անհարկիօրէն վնասուելէ։ (Առ. 1։4) [w02 8/15 էջ 21-22]
8. Հանրային դասախօսները ի՞նչպէս կրնան իրենց դասախօսութիւնները Սուրբ Գրութիւններուն վրայ հիմնել։ [կօ էջ 52 պարբ. 6–էջ 53 պարբ. 5]
9. Դասախօսութեան ուրուագիծ մը բովանդակալից սուրբ գրային բացատրութեան մը վերածելու ատեն, դասախօս մը ի՞նչ որոշումներ պէտք է կայացնէ։ [կօ էջ 54 պարբ. 2-4]
10. Անապատին մէջ Եհովա Իսրայելացիները ինչո՞ւ մանանայով կերակրեց շաբաթէ շաբաթ, ամիսէ ամիս, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ (Բ. Օր. 8։16) [w02 9/1 էջ 30 պարբ. 3-4]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Ինչպէս Ծննդոց 37։12-17–ն ցոյց կու տայ, Յովսէփի ու Յիսուսի ընթացքին մէջ ի՞նչ զուգահեռ կը գտնենք։ [w87 5/1 էջ 12 պարբ. 12]
12. Ինչպէս կը տեսնուի Ծննդոց 42։25-35–ի մէջ, Յովսէփ ի՞նչպէս այնպիսի կարեկցութիւն մը ցուցաբերեց, որ նման է Յիսուսի ցուցաբերած կարեկցութեան։ [w87 5/1 էջ 18 պարբ. 10. էջ 19 պարբ. 17]
13. Ներկայիս ծառայ դասակարգին ըրած հայթայթումները ի՞նչպէս կը համապատասխանեն Յովսէփի օրուան ցորենի բաշխումին։ (Ծննդ. 47։21-25)
14. «Ես եմ ՈՐ ԷՆ» ըսելով, Եհովա իր անունին նկատմամբ ի՞նչ կը յայտնէր։ (Ել. 3։14, 15)
15. Ելից 16։2, 3–ի մէջ, գանգատին բովանդակած ո՞ր երկու անբաժան վտանգները նշուած են։ [դ93 6/1 էջ 30]