Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու վերայցելէք, պարփակելով անոնք որ Յիշատակատօնին եւ/կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուած են, բայց կազմակերպութեան հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, ջանացէք տեղաւորել Պաշտամունք գիրքը։ Ամէն ջանք թափեցէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար, յատկապէս եթէ ոմանք արդէն ուսումնասիրած են Գիտութիւն գիրքը եւ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը։ Յունիսին. Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը։ Կեդրոնացէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ։ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը կրնայ գործածուիլ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . . , Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը. Ինչպէ՞ս Կրնաք Գտնել Զայն, Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք եւ Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան։
◼ Ապրիլէն սկսեալ, 2004–ի նահանգային համաժողովի լանջանշանները ինքնաբերաբար պիտի ղրկուին գրականութեան առաքումին հետ։ Հարկ չկայ ապսպրել զանոնք, բացի եթէ ձեր ժողովքին կ’ընկերակցի օտարախօս խումբ մը։ Լանջանշաններու իւրաքանչիւր ծրար պիտի պարունակէ 25 հատ, եւ անոնք պիտի ղրկուին ժողովքին անդամներուն թիւին համաձայն։ Եթէ ժողովքը յաւելեալ լանջանշաններու պէտք ունենայ, զանոնք կրնաք ապսպրել Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճեն (S-14) գործածելով։ Լանջանշանի ձեւընկալ պատեանները կրնաք ապսպրել, եթէ ժողովքին մէջ ոմանք կը փափաքին զանոնք ունենալ։
◼ Մասնաճիւղի գրասենեակին համար անհրաժեշտ է ունենալ բոլոր վերակացու տեսուչներուն եւ քարտուղարներուն ընթացիկ հասցէներն ու հեռաձայնի թիւերը։ Եթէ որեւէ ատեն փոփոխութիւն մը ըլլայ, Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը Վերակացու Տեսուչի/Քարտուղարի Հասցէի Փոփոխութիւն (S-29) պատճեն պէտք է լեցնէ, ստորագրէ եւ փութով մասնաճիւղի գրասենեակ ղրկէ։ Ասիկա կը պարփակէ շրջանի քօտ–ի որեւէ փոփոխութիւն։
◼ Ժողովքի քարտուղարը հետեւեալ պատճեններէն բաւարար քանակ պէտք է ունենայ. Կանոնաւոր Ռահվիրայական Ծառայութեան Դիմումնագիր (S-205) եւ Օժանդակ Ռահվիրայական Ծառայութեան Դիմումնագիր (S-205b)։ Ասոնք կրնան ապսպրուիլ Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճեն (S-14) գործածելով։ Առնուազն մէկ տարուան պահեստ ունեցէք։ Կանոնաւոր ռահվիրայութեան բոլոր դիմումնագիրները աչքէ անցուցէք, վստահ ըլլալու համար թէ անոնք ամբողջացած են, ի ներառեալ դիմումնագիր ներկայացնող անհատին մկրտութեան թուականը։