Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Մայիս 10–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Եթէ 4–րդ էջին վրայ գտնուած թելադրութիւնները ձեր ժողովքի թաղամասին համար գործնական են, զանոնք գործածեցէք Դիտարան 1 Յունիս եւ Զարթի՛ր 22 Մայիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրելու համար։ Կարելի է այլ ներկայացումներ գործածել։ Իւրաքանչիւր պարագային, ցոյց տուէք «Ես իմ կրօնքս ունիմ» խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնը ձեռք առնելու տարբեր կերպ մը։—Տես՝ Պատճառաբանել գիրքը, էջ 18-19։
15 վյրկ. Ձեր Գործատէրը Տեղեակ Պահեցի՞ք։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ «Դո՛ւք Հոն Պիտի Ըլլա՞ք» յօդուածին վրայ, Յունուար 2000–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 1։ Պարփակեցէք կէտեր Ծառայութեան Դպրոց գիրքէն, էջ 67։
20 վյրկ. «Ձեր Սիրտը Լայնցուցէք»։a Պարփակեցէք կէտեր Աստուած Պաշտեցէք գիրքէն, էջ 150, պարբերութիւն 14։
Երգեցողութիւն Թիւ 127 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 17–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 212
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Ձեր Երախտագիտութիւնը Ցուցաբերեցէք»։b Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրեցէք որ նշուած համարները մեկնաբանեն։ Երբ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, վերջերս իբր օժանդակ ռահվիրայ ծառայած մէկ կամ երկու անհատներ թող պատմեն իրենց քաղած օրհնութիւններուն մասին։
20 վյրկ. Իրարու Հանդէպ Հետաքրքրութիւն Ունի՛նք։ (Ա. Կորն. 12։25, 26) Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Կազմակերպուած գիրքին վրայ, էջ 157-159, «Իրարու Հանդէպ Հոգածութիւն» ենթագլուխին ներքեւ։ Թէեւ Եհովայի ժողովուրդը երկրագունդին բոլոր մասերուն մէջ կ’ապրի, սակայն անոնք սերտօրէն միացած են։ Բոլորս ամէն օր մեր եղբայրներուն համար պէտք է աղօթենք։ Իսկ երբ հրատապ կարիքներ ստեղծուին, անմիջապէս նիւթական օգնութիւն կը հայթայթենք։ Բանալի համարները կարդացէք ու քննարկեցէք, եւ մեր գրականութիւններէն առնուած մէկ կամ երկու փորձառութիւններ պարփակեցէք։
Երգեցողութիւն Թիւ 57 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 24–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 21
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Ցուցադրեցէք Դիտարան 1 Յունիս եւ Զարթի՛ր 8 Յունիս թիւերը ներկայացնելու կերպը։ Իւրաքանչիւր ներկայացում այնպէս մը յարմարցուցէք որ տեղական կրօնքի պատկանող անհատի մը սիրտին խօսին։
15 վյրկ. «Թարմացնող Երաժշտութիւն»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ 2002–ի Տարեգիրք–էն, էջ 175, եւ Դիտարան 1 Փետրուար 1997 (Անգլ.), էջ 27, պարբերութիւն 1-2։
18 վյրկ. Անպաշտօն Կերպով Վկայելու Պատրաստ Եղէք։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Յունիս 2003–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին վրայ, էջ 3։ Կանխաւ կարգադրեցէք որ քանի մը հոգի պատմեն անպաշտօն կերպով վկայելու ընթացքին իրենց ունեցած փորձառութիւնները։ Հակիրճօրէն ցուցադրեցէք թէ անպաշտօն կերպով վկայելու ատեն ի՛նչպէս կարելի է գործածել Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ թերթիկը եւ Բարի Լուր Բոլոր Ազգերուն Համար գրքոյկը։
Երգեցողութիւն Թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 31–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 152
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Մայիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։
17 վյրկ. Կեանքի Պարգեւը Մեծապէս Պէտք Է Արժեւորել։ Ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Պատճառաբանել գիրքին վրայ, էջ 25-26 (կամ՝ էջ 27-29, Արաբ.)։ Պարփակեցէք կէտեր՝ Զարթի՛ր 22 Մայիս 1993 թիւէն, էջ 10-11։ Ի՞նչպէս կը բացատրէք վիժումի նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը անհատի մը, որ կը խորհի թէ կինը իր մարմինին վերաբերեալ հարցերուն շուրջ իրաւունք ունի իր ուզածը որոշելու։ Պատմեցէք Դիտարան 1 Յունուար 2000 թիւին մէջ յիշուած փորձառութիւնը, էջ 4, պարբերութիւն 4-5։
20 վյրկ. «Ներկայացնենք Մեծ Ուսուցիչէն Սորվեցէք Գիրքը»։ Գիրքին երեսակները նշեցէք, ինչպէս նկարագրուած են էջ 7–ի վրայ, պարբերութիւն 1-3։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ պատմեն թէ գիրքին ո՛ր երեսակները կը գնահատեն։ Թելադրուած ներկայացումները աչքէ անցուցէք։ Գիրքը ներկայացնելու ատեն պատկերները ուշագրաւ դարձնելու կերպը ցոյց տուէք։ Պատանի մը թող ցուցադրէ առաջին ներկայացումը, իսկ չափահաս մը՝ յաջորդ երկու ներկայացումներէն մէկը։ Եթէ տեղական թաղամասին մէջ տարբեր մօտեցում մը աւելի ազդեցիկ կրնայ ըլլալ, բացատրեցէք զայն ու վերոյիշեալ մէկ ցուցադրութեան փոխարէն ցուցադրեցէք զայն։
Երգեցողութիւն Թիւ 150 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 7–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 113
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ «Անոնց Օգնելու Միջոց մը» յօդուածին գլխաւոր կէտերը քննարկեցէք։ Ձեր թաղամասին մէջ խօսուած կարգ մը լեզուները թուեցէք։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. Ձեր Ուսուցումին Մէջ Ազդու Օրինակներ Գործածեցէք։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 2002 թիւին վրայ, էջ 30-31։ Ի՞նչ չորս ազդակներ օրինակ մը ազդու կը դարձնեն։ Ինչո՞ւ օգտակար է որ օրինակները պարզ պահենք։ Ո՞ւր կրնանք լաւ օրինակներ գտնել։
Երգեցողութիւն Թիւ 143 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։