Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Յուլիս 12–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 14
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, Դիտարան 1 Օգոստոս եւ Զարթի՛ր 22 Յուլիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ, թող հրատարակիչը պարբերաթերթ ներկայացնէ անցորդի մը, որ Հայերէն լաւ չի խօսիր։
18 վյրկ. «Եհովայի Արդարութիւնը Ընդօրինակէ»։a Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրէ որ նշուած համարները մեկնաբանեն։
15 վյրկ. Աստուածաշունչը՝ Վստահելի Գուշակութիւններու Գիրք մը։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար գրքոյկին վրայ, էջ 27-29։ Մեր ծառայութեան մէջ յաճախ կը հանդիպինք ապագայով հետաքրքրուած մարդոց։ Աստուածաշունչը վստահելի տեղեկութիւններով կը նշէ փայլուն ապագայ մը հնազանդ մարդկութեան համար։ Նկատի առ Աստուածաշունչի կարգ մը մարգարէութիւններ, որոնք ապագայի վերաբերեալ Աստուածաշունչի գուշակութիւններուն հանդէպ վստահութիւն կը ներշնչեն։ Հրատարակիչ մը թող համառօտակի ցուցադրէ թէ ի՛նչպէս աստուածաշնչական դէպքերը կրնան գործածուիլ հետաքրքրուած անհատի մը օգնելու որ Աստուածաշունչին հանդէպ վստահութիւն կերտէ։
Երգեցողութիւն Թիւ 46 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 19–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 129
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ընդգծէ Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութեան կանոնաւոր յայտագիր մը պահպանելու կարեւորութիւնը, նոյնիսկ երբ ամառնային գործունէութիւններ խանգարեն մեր սովորամոլութիւնը։ Պարփակէ մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Դիտարան 15 Օգոստոս 2000 թիւէն, էջ 32։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք՝ Մաս 1»։ Դասախօսութիւն՝ ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ Ներկաներուն թոյլ տուր որ Ծանուցանողներ գիրքէն կէտեր մէջբերեն, էջ 572-574, ցոյց տալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործին զարգացումը արդի ժամանակներուն։ Հետագայ յօդուածներուն հանդէպ խանդավառութիւն կերտէ։ Անոնք հետեւեալ կէտերը նկատի պիտի առնեն. ուսումնասիրութիւնը վարելու համար ի՛նչպէս նախապատրաստուիլ, աշակերտին ի՛նչպէս օգնել որ դասը պատրաստէ, ո՛րքան նիւթ ծածկել, համարները ի՛նչպէս ազդուօրէն գործածել, աշակերտին հարցուցած հարցումները ի՛նչպէս ձեռք առնել, ի՛նչպէս սկսիլ աղօթել, եւ աշակերտը ի՛նչպէս կազմակերպութեան ուղղել։ Բոլորը քաջալերէ որ տրուած թելադրութիւնները կիրարկեն եւ այս յօդուածները պահեն ապագայ գործածութեան համար։
Երգեցողութիւն Թիւ 10 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 26–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 63
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Յուլիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, Դիտարան 1 Օգոստոս եւ Զարթի՛ր 8 Օգոստոս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Իւրաքանչիւր պարագային, «Ինչո՞ւ այսքան յաճախ կ’այցելէք»՝ խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնը ձեռք առնելու տարբեր կերպ մը ցոյց տուր։—Տես Պատճառաբանել գիրքը, էջ 20։
8 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Նիւթը նկատի թող առնուի երէցի մը կողմէ։ Ամբողջ յօդուածը կարդա՛ ու քննարկէ։
25 վյրկ. «Առեւտրական Թաղամասի Մէջ Ի՛նչպէս Քարոզել»։b Առեւտրական թաղամասի վերաբերեալ տեղական կարգադրութիւնները յիշէ։ Համառօտակի ցուցադրէ 4 եւ 5–րդ պարբերութիւններուն մէջ թելադրուած երկու ներկայացումները կամ այլ մօտեցում մը, որ թաղամասիդ մէջ ազդու է։ Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրէ որ առեւտրական թաղամասի մէջ իրենց ունեցած դրական փորձառութիւնները պատմեն։
Երգեցողութիւն Թիւ 112 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 2–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 113
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
22 վյրկ. Պատճառներ կու Տա՞ս։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Ծառայութեան Դպրոց գիրքին վրայ, էջ 254, պարբերութիւն 1-2։ Երբ դաշտի ծառայութեան մէջ եւ ամպիոնէն համարներ բացատրենք ու կիրարկենք, մեր ուսուցումը աւելի ազդու կ’ըլլայ, եթէ մեր ըսածին համար պատճառներ տանք, փոխանակ պարզապէս պնդելու թէ բան մը այսպէս է։ Պատճառաբանել գիրքէն կամ այլ գրականութիւններէ օրինակներ գործածելով, որոնք թաղամասիդ յարմար են, ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնաս (1) համարի մը բանալի արտայայտութիւնները անջատել ու բացատրել, (2) բովանդակութենէն կամ նոյն նիւթին մասին խօսող այլ համարէ մը թիկունք կանգնող ապացոյցներ ներկայացնել, (3) ըսածիդ տրամաբանական ըլլալը ցոյց տալու համար օրինակ մը գործածել, եւ (4) հարցումներ գործածել՝ դիմացինին օգնելու որ տուեալ հարցին մասին տրամաբանէ։ Տրամաբանական մօտեցում գործածելու օգուտները աչքառու դարձուր։
15 վյրկ. Տեղական փորձառութիւններ։ Ներկաներէն խնդրէ որ կարգ մը շինիչ փորձառութիւններ պատմեն, որ ամառուան սկիզբը ունեցան, նահանգային համաժողովին յաճախելով, օժանդակ ռահվիրայ ըլլալով կամ այլ հոգեւոր գործունէութիւններու մէջ բաժին բերելով։
Երգեցողութիւն Թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։