Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/04 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Սեպտեմբեր 13–ով Սկսող Շաբաթ
  • Սեպտեմբեր 20–ով Սկսող Շաբաթ
  • Սեպտեմբեր 27–ով Սկսող Շաբաթ
  • Հոկտեմբեր 4–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 9/04 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Սեպտեմբեր 13–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 32

12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Եթէ էջ 4–ի վրայ գտնուող թելադրութիւնները ժողովքիդ թաղամասին մէջ գործնական են, զանոնք գործածելով Դիտարան 1 Հոկտեմբեր եւ Զարթի՛ր 22 Սեպտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է ուրիշ ներկայացումներ գործածել։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութենէ ետք, համառօտաբար ուշագրաւ դարձուր ներկայացումին դրական մէկ երեսակը։

15 վյրկ. «Աչքդ Պարզ Պահէ»։a Հայթայթուած հարցումները գործածէ։ Ժամանակին ներած չափով, նշուած համարները ցցուն դարձուր։

18 վյրկ. Մեր Բարի Գործերուն Ականատես Եղողները։ (Ա. Պետ. 2։12) Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 2002 թիւին վրայ, էջ 22-24, պարբերութիւն 14-20։ Ներկաներէն խնդրէ որ պատմեն թէ ժողովքի թաղամասին մէջի մարդիկը մեր բարի գործերը տեսնելով ի՛նչպէս տպաւորուած են։

Երգեցողութիւն Թիւ 162 եւ փակման աղօթք։

Սեպտեմբեր 20–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 14

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին առաջին էջին վրայ գտնուող մասնաճիւղի նամակին գլխաւոր կէտերը նկատի առ։ Բոլորը քաջալերէ որ Թուոց 16։1-35 կարդան, ապա Եհովայի Հեղինակութիւնը Յարգենք տեսաերիզը դիտեն, առ ի պատրաստութիւն՝ Հոկտեմբեր 4–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին։

15 վյրկ. Անցեալ Տարի Ի՞նչ Իրագործեցինք։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ ժողովքի 2004 ծառայութեան տարուան տեղեկագրութեան վրայ։ Տեղեկագրութեան դրական երեսակներուն վրայ կեդրոնացիր, եւ իրագործուած լաւ բաներուն համար ժողովքը գովէ։ Ռահվիրաներուն ծանր աշխատանքը աչքառու դարձուր։ Յիշէ մէկ կամ երկու մարզ, որոնց ժողովքը կրնայ ուշադրութիւն ընծայել յառաջիկայ տարուան ընթացքին։

20 վյրկ. Բարի Գործերու Մէջ Յարատեւենք։ (Գաղ. 6։10) Հարցազրոյց ունեցիր երկու կամ երեք կանոնաւոր ռահվիրաներու կամ օժանդակ ռահվիրաներու հետ։ Անոնք Եհովայի ծառայութեան մէջ ի՞նչ խոչընդոտներ դիմագրաւած են, եւ ի՞նչպէս զանոնք յաղթահարած են։ Ի՞նչ բան իրենց օգնած է որ ուրիշներուն բարիք ընելու մէջ յարատեւեն։ Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ իրենց ջանքերը ի՞նչպէս օգտակար եղած են իրենց եւ ուրիշներուն։ Եթէ կիրարկելի է, նկատի առ թէ ի՛նչ կարգադրութիւններ եղած են բարի լուրը օտարախօսներուն քարոզելու համար։ Բոլորը գովէ ‘իրենց հաւատքին գործին ու սիրոյ աշխատութեան եւ համբերութեան’ համար։—Ա. Թես. 1։2, 3

Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։

Սեպտեմբեր 27–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 63

15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Սեպտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր եւ Զարթի՛ր 8 Հոկտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։

10 վյրկ. Եհովայի խօսքը կենդանի է։ Դասախօսութիւն։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի՝ Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութեան յայտագրէն լիովին օգտուելու համար, Դիտարան–ի մէջ «Եհովայի խօսքը կենդանի է» խորագրով յօդուածաշարք մը սկսաւ լոյս տեսնել։ Գործածելով Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 2004, էջ 18-20, այս յօդուածներուն երեսակները նշէ։ Ընդհանուր ակնարկ մը նետելէ ետք, «Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել» բաժինը Աստուածաշունչի կարգ մը դժուար հատուածներու մասին բացատրութիւն կը հայթայթէ։ «Դասեր՝ Մեզի Համար» բաժինը տեղեկութիւններուն գործնական արժէքին վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ։ Քանի մը մասնայատուկ օրինակներ նկատի առ, ցոյց տալու համար թէ այս յօդուածաշարքը ի՛նչպէս պիտի օգնէ մեզի որ Աստուծոյ Խօսքին մասին աւելի լաւ հասկացողութիւն ձեռք ձգենք։ Բոլորը քաջալերէ որ այս կարգադրութենէն լիովին օգտուին, մինչ կը սկսինք յառաջիկայ շաբաթ Բ. Օրինաց գիրքը ընթերցել։

20 վյրկ. «Աստուածաշունչը Ազդուօրէն Գործածէ»։b Հայթայթուած հարցումները գործածէ։ Բացման խօսքերը հիմնէ Ծառայութեան Դպրոց գիրքին վրայ, էջ 145, պարբերութիւն 2-3։ Երկու համառօտ ցուցադրութիւններ պարփակէ, մէկը՝ տունէ տուն ծառայութիւն, իսկ միւսը՝ վերայցելութիւն, ցոյց տալով տրուած թելադրութիւններուն կիրարկումը։

Երգեցողութիւն Թիւ 38 եւ փակման աղօթք։

Հոկտեմբեր 4–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 204

5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

25 վյրկ. «Եհովայի Հեղինակութիւնը Պէտք Է Յարգենք»։ Կարդա՛ Յուդա 11, բացման խօսքերուն տրամադրելով շուրջ երկու վայրկեան։ Ապա ներկաներուն հետ յօդուածը քննարկէ, բոլոր հարցումները գործածելով։ Աչքառու դարձուր այն կէտը թէ Եհովայի հաճութիւնը չկորսնցնելու համար, Կորխի ըմբոստ կեցուածքէն պէտք է խուսափինք եւ իր որդիներուն օրինակին հետեւինք, որոնք ամէն բանէ առաջ ուզեցին Եհովայի հաւատարիմ մնալ։

Երգեցողութիւն Թիւ 13 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել