Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Նոյեմբեր 8–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Արթո՛ւն Կեցէք գրքոյկը բաշխելու մասնայատուկ արշաւը վերջ պիտի գտնէ 14 Նոյեմբերին։ Նոյեմբեր ամսուան մնացեալ օրերուն, Մեծ Ուսուցիչէն Սորվիր գիրքը պիտի ներկայացնենք։ Համառօտաբար վերաքաղ ըրէ թելադրուած ներկայացումները Մայիս 2004–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, էջ 3։
15 վյրկ. Ծառայութեան Ժողովէն Լիովին Օգտուիր։ Ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Կազմակերպուած գիրքին վրայ, էջ 71-72։ Ծառայութեան Ժողովը ո՞ր հինգ մարզերուն մէջ մեզի կ’օգնէ որ իբր Քրիստոնեայ քարոզիչներ բարելաւուինք։ Ընթացիկ ամսուան յայտագրէն օրինակներ տուր։ Նախապատրաստութեան օգուտները ի՞նչ են։ Ինչո՞ւ կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ։ Այս ժողովին համար աստուածաշնչական ի՞նչ նախընթաց կայ։
20 վյրկ. «Ստիպողականութեան Հոգի Պահպանէ»։a Պարփակէ կէտեր, առնուած՝ Դիտարան 15 Յունուար 2000 թիւէն, էջ 12-13։
Երգեցողութիւն Թիւ 14 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 15–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 95
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Եթէ 4–րդ էջի թելադրութիւնները ժողովքիդ թաղամասին համար գործնական են, զանոնք գործածելով Դիտարան 1 Դեկտեմբեր եւ Զարթի՛ր 22 Նոյեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կրնաս իրատես այլ ներկայացումներ գործածել։
15 վյրկ. Տալուն Առթած Ուրախութիւնը կը Վայելե՞ս։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 2004 թիւին վրայ, էջ 19-23 (Անգլ.)։
20 վյրկ. Նոր Գրքոյկը Գործածելով Հետաքրքրութիւն Մշակէ։ Ծառայութեան տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Արթո՛ւն Կեցէք գրքոյկը ընդունող իւրաքանչիւր անհատին պէտք է վերայցելենք եւ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը մշակենք։ Գործածելով էջ 2–ի վրայ գտնուող բովանդակութիւնը, գրքոյկին ամփոփումը ներկայացուր, ուշադրութեան յանձնելով հակիրճ հատուածները (սեւատիպ վերնագիրներու ներքեւ սովորական տառերով գրուած)։ Այս նիւթերուն հիման վրայ կրնանք համառօտ խօսակցութիւններ ունենալ։ Օրինակ, եթէ առաջին հանդիպումին 3-4–րդ էջերուն մասին խօսեցանք, վերայցելութեան կրնանք գործածել էջ 5–ի վրայ գտնուող «Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ» խորագրով հատուածը։ Բացատրէ թէ ասիկա ի՛նչպէս կարելի է ընել։ Այլ հատուածներ աչքէ անցուր, ինչպէս՝ էջ 6-8–ի եւ 17-18–ի վրայ գտնուող հատուածները, կամ ինչ որ տեղական թաղամասին յարմար է։ Ցուցադրէ վերայցելութիւն մը, որ այսպիսի հատուած մը կը գործածէ։ Նշուած համարներէն մէկը կամ աւելի պէտք է կարդացուին ու քննարկուին։ Հրատարակիչը կ’եզրափակէ ուշադրութեան յանձնելով ուրիշ հատուած մը, որ կրնայ նկատի առնել յաջորդ այցելութեան։
Երգեցողութիւն Թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 22–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 123
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. Նոր Գրքոյկը Ընդունողներուն Հետ Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ Սկսիլ։ Ծառայութեան տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Համառօտաբար վերաքաղ ըրէ նախորդ Ծառայութեան Ժողովին մէջ ցուցադրուած վերայցելութիւնը, յատկապէս նշելով վերջաւորութեան յիշուած հատուածը։ Թող նոյն հրատարակիչները (եթէ կարելի է) գործածեն այդ հատուածը, յաջորդ վերայցելութիւնը ցուցադրելու համար։ Ապա հրատարակիչը գրքոյկին ետեւի կողքը կը գործածէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկելու համար, եւ կարգադրութիւններ կ’ընէ որ յաջորդ այցելութեան Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին առաջին դասը նկատի առնէ։ Բոլորը քաջալերէ որ ջանան Արթո՛ւն Կեցէք գրքոյկը ընդունողներուն հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։
Երգեցողութիւն Թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 29–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 195
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Նոյեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Ցուցադրէ Դիտարան 1 Դեկտեմբեր եւ Զարթի՛ր 8 Դեկտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը։
10 վյրկ. Հարցումի Տուփը։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։
25 վյրկ. «Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք՝ Մաս 3»։b Հայթայթուած հարցումները գործածէ։ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, պարփակէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համառօտ ցուցադրութիւն մը, հիմնուած՝ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին վրայ, 5–րդ դաս, առաջին պարբերութիւն։ Պարբերութիւնը արդէն կարդացուած է եւ հարցումին պատասխանը տրուած է։ Վարիչը եւ աշակերտը կը կարդան ու կը քննարկեն Եսայեայ 45։18 եւ Ժողովողի 1։4–ը։ Վարիչը պարզ հարցումներ կը հարցնէ, աշակերտը մղելու որ բացատրէ թէ իւրաքանչիւր համար ի՛նչ կապ ունի նկատի առնուած կէտին հետ։
Երգեցողութիւն Թիւ 112 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 6–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 127
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնները յիշէ։ Մեծագոյն Մարդը գիրքին վերաբերեալ մէկ կամ երկու ներկայացումներ ցուցադրէ։
20 վյրկ. «Կրնա՞ս Օգնութեան Ձեռք Երկարել»։c Մէկ կամ երկու հրատարակիչներու հետ տեսակցութիւն ունեցիր, որոնք ուրիշներու մատուցած օգնութիւնը կամ քաջալերութիւնը գնահատած են։
15 վյրկ. Տեղական փորձառութիւններ։ Ներկաներէն խնդրէ որ փորձառութիւններ պատմեն, որ ունեցած են վերայցելելով Արթո՛ւն Կեցէք գրքոյկը ընդունողներուն։ Առաջուընէ կարգադրէ որ աչքառու փորձառութիւններ խաղարկուին։ Բոլորը գովէ մասնայատուկ արշաւին մէջ իրենց բերած բաժնին համար։
Երգեցողութիւն Թիւ 34 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։