Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/04 էջ 3
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 11/04 էջ 3

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Հոկտեմբեր 18–Նոյեմբեր 14. Արթո՛ւն Կեցէք գրքոյկը բաշխելու մասնայատուկ արշաւ։ Նոյեմբեր 15-30. Մեծ Ուսուցիչէն Սորվիր։ Եթէ տանտէրը երախաներ չունի, ներկայացուցէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը, ջանալով տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Դեկտեմբերին. Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն կրնաք գործածել՝ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց, Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ, կամ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ։ Յունուարին. 1990–էն առաջ հրատարակուած որեւէ գիրք որ ժողովքը ունի։ Եթէ չունիք, հաճեցէք մօտակայ ժողովքներէն հին գրականութիւններ խնդրել, որպէսզի զանոնք գործածէք։ Հին գիրքեր չունեցող ժողովքները կրնան Միակ Ճշմարիտ Աստուածը Պաշտեցէք գիրքը ներկայացնել։ Փետրուարին. Եհովայի Մօտեցիր։ Եթէ այս գրականութիւնը մատչելի չէ, կրնաք ներկայացնել Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գիրքը։

◼ Դեկտեմբեր 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Նաեւ ստուգեցէք անջատ որեւէ հաշիւ, ինչպէս՝ նորոգութեան կամ շինարարութեան վերաբերեալ։ Ստուգումը աւարտելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։

◼ Ժողովքները իրենց յաջորդ ամսուան գրականութիւններու ապսպրանքին հետ պէտք է սկսին ապսպրել 2004–ի Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի կազմուած հատորները։ Ամէն ամիս բոլոր ժողովքներուն յղուած «Ծանուցում՝ Բոլոր Ժողովքներուն» մէջ պիտի նշուի թէ այս գրականութիւնները ո՛ր լեզուներով մատչելի են։ Մինչեւ որ կազմուած հատորները մատչելի ըլլան եւ առաքուին, անոնք ժողովքի ծրարումի ցանկերուն մէջ պիտի նշուին իբր «Առկախ»։ Կազմուած հատորները մասնայատուկ ապսպրանքներ են։

◼ 23 Մայիս 2005–էն սկսեալ, Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան մէջ պիտի սերտենք Արթո՛ւն Կեցէք գրքոյկը։

◼ Մասնաճիւղի գրասենեակին համար անհրաժեշտ է ունենալ բոլոր վերակացու տեսուչներուն եւ քարտուղարներուն ընթացիկ հասցէներն ու հեռախօսի թիւերը։ Եթէ որեւէ ատեն փոփոխութիւն մը ըլլայ, Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը Վերակացու Տեսուչի/Քարտուղարի Հասցէի Փոփոխութիւն (S-29) պատճեն պէտք է լեցնէ, ստորագրէ եւ փութով մասնաճիւղի գրասենեակ ուղարկէ։ Ասիկա կը պարփակէ հեռախօսի քոտ–ի որեւէ փոփոխութիւն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել