Հարցումի Տուփ
◼ Ժողովքին մէջ մեզի տրուած նշանակումներուն ի՞նչպէս հոգ պէտք է տանինք։
Միացեալ ջանքերու շնորհիւ, Եհովայի ժողովուրդին իւրաքանչիւր ժողովքին մէջ ամէն բան կարգապահօրէն կ’ընթանայ։ (Ա. Կորն. 14։33, 40) Միտքէդ անցուր այն բոլոր հարցերը, որոնց ուշադրութիւն կ’ընծայուի մէկ ժողովքային հանդիպումի առիթով։ Յայտագրին կողքին, մեծ աշխատանք կը տարուի ժողովէն առաջ ու ետք, մինչ եղբայրներ ու քոյրեր այլազան պարտականութիւններ կը կատարեն, որոնցմէ ոմանք ուրիշներու կողմէ աննկատ ըլլալով հանդերձ՝ կարեւոր գործունէութիւններ են։ Իւրաքանչիւրս ի՞նչպէս կրնանք ասոնց մէջ բաժին բերել։
Ձեռնտու եղիր։ Յօժարակամութիւն ցուցաբերող անհատները ընելիք շատ բան պիտի գտնեն։ (Սաղմ. 110։3) Հիւանդներով ու տարեցներով հետաքրքրուիր։ Թագաւորութեան Սրահը մաքրելու օգնէ։ Առանց սպասելու որ մէկը մեզմէ խնդրէ, կրնանք օգտաշատ գործեր ընել, պարզապէս օգնելու փափաքը ունենալով։
Համեստօրէն ծառայէ։ Համեստ անհատները ուրախութեամբ կը ծառայեն ուրիշներուն։ (Ղուկ. 9։48) Համեստութիւնը մեզի թոյլ պիտի չտայ որ մեր կարողութենէն աւելի պատասխանատուութիւններ ընդունինք։ Ասկէ զատ, համեստութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ մեր հեղինակութեան սահմանէն անդին չանցնինք։—Առ. 11։2
Վստահելի եղիր։ Մովսէսի քաջալերութիւն տրուեցաւ որ «վստահելի մարդիկ» ընտրէ, վաղեմի Իսրայէլի մէջ պատասխանատու դիրքերու վրայ ըլլալու համար։ (Ել. 18։21, ՆԱ) Այս նոյն յատկութիւնը ներկայիս անհրաժեշտ է։ Իւրաքանչիւր նշանակումիդ խղճմտօրէն հոգ տար։ (Ղուկ. 16։10) Եթէ քեզի տրուած մէկ նշանակումը պիտի չկարենաս կատարել, քանի որ պիտի բացակայիս, անպայման կարգադրէ որ անհատ մը անոր հոգ տանի։
Լաւագոյնդ ըրէ։ Քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած է որ նոյնիսկ աշխարհիկ հարցերու մէջ սրտանց գործեն։ (Կող. 3։22-24) Աւելի մեծ պատճառ ունինք սրտանց գործելու, երբ ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջացնելու համար կ’աշխատինք։ Նոյնիսկ եթէ պարտականութիւն մը աննշան թուի, անիկա ժողովքին համար օրհնութիւն է, եթէ լաւ կերպով կատարուի։
Իւրաքանչիւր նշանակում մեզի պատեհութիւն կու տայ որ Եհովայի ու մեր եղբայրներուն հանդէպ մեր սէրը ապացուցանենք։ (Մատթ. 22։37-39) Թող մեզի վստահուած որեւէ պարտականութեան հաւատարմօրէն հոգ տանինք։