Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/04 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Դեկտեմբեր 13–ով Սկսող Շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 20–ով Սկսող Շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 27–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունուար 3–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 12/04 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Դեկտեմբեր 13–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 47

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերէ որ Բժշկութիւնը կը Դիմագրաւէ Արիւն Չգործածելու Մարտահրաւէրը տեսաերիզը դիտեն, առ ի պատրաստութիւն զայն քննարկելու յառաջիկայ շաբաթ։ Դեկտեմբեր 25–ի ու Յունուար 1–ի համար եղած դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները յիշէ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ յարմար են), Դիտարան 1 Յունուար եւ Զարթի՛ր 22 Դեկտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Այլ իրատես ներկայացումներ կրնան գործածուիլ։ Իւրաքանչիւր պարագային՝ «Արդէն ձեր գործին ծանօթ եմ» խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնը ձեռք առնելու կերպ մը ցոյց տուր։—Տես Պատճառաբանել գիրքը, էջ 20։

15 վյրկ. «Օգնութեանդ Կարիք Կայ»։a Երէցի մը հետ համառօտ հարցազրոյց ունեցիր։ Թող պատմէ թէ ի՛նչ բան զինք քաջալերեց որ ձգտի ժողովքին մէջ ծառայելու եւ ի՛նչ բան օգնեց որ որակեալ ըլլայ։

20 վյրկ. «Ի՞նչպէս Ազգականներուն Վկայենք»։b Հայթայթուած հարցումները գործածէ։ Ներկաներէն խնդրէ որ համառօտաբար խօսին թէ ի՛նչպէս կրցած են ազգականներու հետաքրքրութիւնը արթնցնել եւ անոնց վկայել։

Երգեցողութիւն Թիւ 21 եւ փակման աղօթք։

Դեկտեմբեր 20–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 28

5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. «Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը Ի՛նչպէս կ’Օգտէ Մեզի»։ Դպրոցի տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն։ Կարգ մը կէտեր մէջբերէ՝ Հոկտեմբեր 2004–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականէն։ Կանխաւ կարգադրէ որ մէկ կամ երկու հոգի խօսին թէ ի՛նչպէս դպրոցէն կ’օգտուին։

25 վյրկ. «Բժշկութիւնը կը Դիմագրաւէ Արիւն Չգործածելու Մարտահրաւէրը Խորագրով Տեսաերիզէն Օգտուիր»։ Ներկաներուն հետ զրոյց, գործածելով էջ 6–ի մէջ հայթայթուած հարցումները։ Աւարտին, կարդա՛ վերջին պարբերութիւնը։ Բոլորը քաջալերէ որ յառաջիկայ շաբաթ ներկայ ըլլան, քննարկելու համար նոր կարգադրութիւն մը, որ մեզի պիտի օգնէ արիւնէ ետ կենալու։

Երգեցողութիւն Թիւ 10 եւ փակման աղօթք։

Դեկտեմբեր 27–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 59

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Դեկտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ յարմար են), Դիտարան 1 Յունուար կամ Զարթի՛ր 8 Յունուար թիւը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։

25 վյրկ. Արիւնէ Ետ Կենալու Աստուծոյ Հրամանին Հնազանդինք։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, գործածելով մասնաճիւղի գրասենեակին հայթայթած ձեռագիրը։ Նախ նշէ թէ Մնայուն Փոխանորդագիր քարտը այս ժողովին պէտք չէ լեցուի։ Մինչ ձեռագիրը կը կարդաս, կրնաս համառօտ մեկնաբանութիւններ ընել՝ կարեւոր կէտեր շեշտելու համար, բայց յաւելեալ օրինակներ կամ համարներ մի՛ գործածեր։ Ժամանակին ներած չափով, նշուած համարները կրնաս կարդալ կամ մէջբերել։ Որոշ տեղեր կանգ առ եւ ուշադրութեան յանձնէ կարգ մը կէտեր «Նոր Կարգադրութիւն՝ Մեզի Օգնելու որ Արիւնէ Ետ Կենանք» շրջանակէն։ Քարտուղարը բոլոր մկրտուած հրատարակիչներուն պէտք է տայ Մնայուն Փոխանորդագիր քարտը եւ «ՄՓ Քարտը Լեցնելու Ցուցմունքներ»ը, որպէսզի կարենան դասախօսութեան հետեւիլ։ Քարտուղարը նաեւ վստահ պէտք է ըլլայ որ բաւարար Անձնագիր–ներ մատչելի են։

10 վյրկ. Խղճմտանքիդ Դերը։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Յուլիս 2004 թիւին վրայ, էջ 17-18, պարբերութիւն 16-19։ Շեշտէ թէ խղճմտանքի ձգուած հարցերը լուրջ են, քանի որ Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան կ’ազդեն։

Երգեցողութիւն Թիւ 38 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 3–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 27

Նշմար. Ժողովքները Յունուար 3–ով սկսող շաբթուան իրենց Ծառայութեան Ժողովը որոշուած օրէն առաջ պէտք չէ ընեն, բացի եթէ անիկա շրջանային տեսուչին այցելութեան կը զուգադիպի։ Ամէն ժողովքի մէջ, համաժողովի յաւելուածականը Ծառայութեան Ժողովին մէջ պէտք է նկատի առնուի յայտագրին համաձայն։ Եթէ այս շաբաթ շրջանային համաժողով կայ, գիրքի ուսումնասիրութեան տեսուչները նահանգային համաժողովի վայրն ու թուականները պէտք է ծանուցանեն, իրենց գիրքի ուսումնասիրութեան սովորական օրուան մէջ։ Տեսուչը Յանձնարարուած Իջեւանի Ցանկէն օրինակ մը պէտք է մատչելի ընէ, որպէսզի ներկաները կարենան պանդոկներուն հեռախօսի թիւերը ընդօրինակել, իրենց վերապահումները ընելու համար։ Սակայն այս ցանկին կրկնօրինակը պէտք չէ տրուի ոեւէ հրատարակիչի։

5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Յունուար ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնները յիշէ։

15 վյրկ. «Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք՝ Մաս 4»։ Առաջին պարբերութիւնը գործածելով, մէկ վայրկեան տեւող բացման խօսքէն ետք, հինգ վայրկեան տրամադրէ ցուցադրութեան մը, հիմնուած՝ 2 եւ 3–րդ պարբերութիւններուն վրայ, ցոյց տալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարող մը, որ աշակերտին կը բացատրէ ի՛նչպէս դասը պատրաստել։ Ցուցադրութեան մէջ, Գիտութիւն գիրքէն կամ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկէն պարբերութիւն մը գործածէ։ Ապա հարց–պատասխանով նկատի առ 2-5–րդ պարբերութիւնները, աչքառու դարձնելով ցուցադրութեան գլխաւոր կէտերը։

25 վյրկ. «Եհովայի Վկաներու ‘Աստուծոյ Հնազանդիլ’ Բնաբանով 2005–ի Նահանգային Համաժողով»։c Նիւթը նկատի թող առնուի ժողովքի քարտուղարին կողմէ։ Երկրորդ պարբերութիւնը քննարկելէ ետք, կարդա՛ 15 Դեկտեմբեր 2004 թուակիր համաժողովի նշանակումին նամակը։ Երբ 4–րդ պարբերութիւնը քննարկես, նկատի առ էջ 4–ի վրայ գտնուող շրջանակներուն բովանդակած բոլոր կէտերը։ Բոլորը քաջալերէ որ համաժողովի համար իրենց կարգադրութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ ընեն։

Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել