Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/05 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Յունուար 10–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունուար 17–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունուար 24–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունուար 31–ով Սկսող Շաբաթ
  • Փետրուար 7–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 1/05 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Յունուար 10–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 32

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ կը յարմարին), Դիտարան 1 Փետրուար եւ Զարթի՛ր 22 Յունուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ իրատես ներկայացումներ գործածել։ Ներկայացումներէն մէկուն մէջ, պարբերաթերթերը Վկայ չեղող ազգականի մը ներկայացնելու կերպը ցոյց տուր։

15 վյրկ. «Հաւատքին Խօսքերով Սնանինք»։a Ժամանակին ներած չափով, նշուած համարները կարդա՛ ու քննարկէ։

20 վյրկ. «Դիւրաթեք Մօտեցում մը Փորձէ»։ Ներկաներուն հետ նկատի առ յաւելուածականին 6–րդ էջը։ Երկու ցուցադրութիւններով ցոյց տուր թէ այս մօտեցումը ի՛նչպէս կարելի է գործածել այս ամսուան ներկայացուելիք գրականութեան հետ։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութեան մէջ, հրատարակիչը համար մը կը կարդայ, որ տանտիրոջ յիշած մէկ մտահոգութեան հետ կապ ունի։

Երգեցողութիւն Թիւ 143 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 17–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 34

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. Պատանինե՛ր, Հոգեւորապէս կը Յառաջդիմէ՞ք։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 2003 թիւին վրայ (Անգլ.), էջ 8-10։ Յիշէ կարգ մը իրատես ու հասանելի նպատակակէտեր, եւ դեռատիները քաջալերէ որ հոգեւոր մասնայատուկ նպատակակէտեր դնեն։

20 վյրկ. «Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք՝ Մաս 5»։b Պարփակէ ցուցադրութիւն մը, ուր փորձառու ուսուցիչ մը նորեկ հրատարակիչի մը կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս կրնայ 4-5–րդ պարբերութիւններուն մէջ յիշուած որոգայթներէն խուսափիլ։

Երգեցողութիւն Թիւ 204 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 24–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 33

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ «Տեսաերիզի Յայտագիրներ՝ DVD–ի Վրայ» շրջանակը համառօտաբար նկատի առ։

10 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Դասախօսութիւն։

25 վյրկ. «Ներկայացումի Նմոյշները Ի՛նչպէս Գործածել»։c Հայթայթուած հարցումները գործածէ։ Նշէ թէ այս ամսուան յաւելուածականին 3-5–րդ էջերը կը բովանդակեն ներկայացումներ այն գրականութիւններուն վերաբերեալ, որ հետագային պիտի ներկայացնենք։ Այս յաւելուածականը պահեցէք, ամբողջ տարուան ընթացքին զայն գործածելու համար։ Յօդուածը նկատի առնելէ ետք, քննարկէ թէ ի՛նչպէս կրնանք Եհովայի Մօտեցիր գիրքը ներկայացնել Փետրուար ամսուան ընթացքին։ Երկու ներկայացում ցուցադրէ, գործածելով էջ 3–ի վրայ գտնուող ներկայացումի նմոյշները կամ թաղամասիդ մէջ ազդու եղող այլ ներկայացումներ։

Երգեցողութիւն Թիւ 63 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 31–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 162

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Յունուար ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ կը յարմարին), Դիտարան 1 Փետրուար կամ Զարթի՛ր 8 Փետրուար թիւը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ իրատես ներկայացումներ գործածել։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. Աստուածաշունչը Ամէն Օր կը Քննե՞ս։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր՝ 2005 գրքոյկին նախաբանին վրայ։ Շեշտէ թէ կարեւոր է որ ամէն օր քանի մը վայրկեան տրամադրենք նկատի առնելու համար օրուան համարն ու մեկնաբանութիւնը։ Կանխաւ կարգադրէ որ մէկ կամ երկու հոգի խօսին օրուան համարը նկատի առնելու իրենց սովորութեան եւ քաղած օգուտներուն մասին։ Եզրափակէ համառօտաբար քննարկելով 2005–ի տարուան համարը։

Երգեցողութիւն Թիւ 46 եւ փակման աղօթք։

Փետրուար 7–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 138

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. Նորեկներուն Օգնենք որ Սորվին Աստուած եւ Դրացին Սիրել։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Յուլիս 2004 թիւին վրայ, էջ 26, պարբերութիւն 7-9։ Աչքառու դարձուր թէ ի՛նչպէս ժողովքին իւրաքանչիւր անդամը կրնայ նորեկներուն օգնել որ Քրիստոսի աշակերտները ըլլան։

20 վյրկ. Եհովա Բարութիւն մը Չի Պակսեցներ։ (Սաղմ. 84։11) Տեսակցութիւն ունեցիր մի քանի եղբայրներու եւ քոյրերու հետ, որոնք փորձութիւններու ներքեւ հաւատարիմ մնացած են։ Անոնք ի՞նչ դժուարութիւններ դիմագրաւած են։ Ի՞նչ բան իրենց օգնած է որ դիմանան։ Անոնք ի՞նչ ուրախութիւններ եւ օրհնութիւններ վայելած են։

Երգեցողութիւն Թիւ 77 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել