Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/05 էջ 6
  • Դիւրաթեք Մօտեցում մը Փորձէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Դիւրաթեք Մօտեցում մը Փորձէ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դաշտի Ծառայութեան Համար Թելադրուած Ներկայացումներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • ՊԱՐԶ ԵՒ ԱԶԴԵՑԻԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • Հետաքրքրութիւն Զարգացնենք Խաղաղութիւն Բերող Աստուծոյ Թագաւորութեան Հանդէպ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԻԼ ԵՐԲ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՔ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 1/05 էջ 6

Դիւրաթեք Մօտեցում մը Փորձէ

Մարդոց հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւնը մեզ պիտի մղէ որ փորձենք անոնց կարիքները զատորոշել եւ ցոյց տանք թէ Թագաւորութիւնը ի՛նչպէս լիովին պիտի լուծէ իրենց դիմագրաւած խնդիրները։ (Փիլ. 2։4) Բազմաթիւ հրատարակիչներ հետեւեալ դիւրաթեք մօտեցումը ազդու գտած են. տանտիրոջ գաղափարը առնել մեր գրականութիւններուն բովանդակած Դրախտի տեսարաններուն մասին,– ոմանք այս էջին աջ սիւնակին մէջ նշուած են։ Ասիկա կրնաս ընել՝ հետեւեալ բացումներէն մէկը գործածելով.

◼ «Կը խորհի՞ս թէ օր մը մարդկային ընտանիքը պիտի վայելէ այս պատկերին մէջ ցոյց տրուած վիճակները»։

◼ «Բոլորս կ’ուզենք որ մեր զաւակները կարենան ապրիլ այս պատկերին ներկայացուցած աշխարհին մէջ։ Արդեօք ի՞նչպէս կարելի է ասիկա իրագործել»։

◼ «Այս պատկերը ցոյց կու տայ թէ երկրագունդին վրայ ի՛նչ վիճակներ պիտի տիրեն, երբ Աստուծոյ կամքը ըլլայ երկրի վրայ, ինչպէս որ է երկինքը։ Ի՞նչ կը նկատես որ ներկայ կեանքէն տարբեր է»։

◼ «Կը փափաքի՞ս հոս պատկերացուած վիճակներուն ներքեւ ապրիլ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Կը խորհի՞ս թէ ասոնք մե՛ր կեանքի տեւողութեան պիտի իրականանան»։

Ուշի–ուշով մտիկ ըրէ անհատին պատասխանը եւ ազնուօրէն անոր տեսակէտը գիտցիր՝ յաւելեալ մէկ կամ երկու հարցում հարցնելով։ Եթէ ոմանք ըսեն թէ չեն փափաքիր ցոյց տրուած վիճակներուն ներքեւ ապրիլ, կամ՝ թէ չեն հաւատար որ այսպիսի բան մը կարելի է, անմիջապէս մի՛ եզրակացներ թէ անոնք հետաքրքրուած չեն։ Փափկանկատօրէն հարցուր թէ ինչո՛ւ այսպէս կը մտածեն։ Անոնց մեկնաբանութիւնները կրնան մարդկութեան դիմագրաւած երեւութապէս անլուծելի խնդիրներուն հանդէպ խոր մտահոգութիւն մը երեւան հանել։—Եզեկ. 9։4

Տանտիրոջ մտահոգութիւնները զատորոշելէ ետք, ներկայացումդ ըստ այնմ յարմարցուր։ Ցցուն ըրէ Թագաւորութեան պատգամին այն երեսակը, որ անոր կարիքներուն հետ ուղղակի կապ ունի։ Մէկ կամ երկու համար կարդա՛, որոնք զինք հետաքրքրող նիւթին մասին կը խօսին։ (Տես աջ սիւնակին մէջ տրուած թելադրութիւնները։) Թող անձամբ տեսնէ թէ Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ։ Եթէ ան հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, գրականութիւնը ներկայացուր եւ կարգադրէ վերադառնալ։ Առաջին խօսակցութեան համաձայն, շարունակէ անոր հետաքրքրութիւնը զարգացնել։

[Շրջանակ՝ էջ 6]

Դրախտի Տեսարաններու Օրինակներ

Ստեղծագործութիւն գիրք՝ էջ 237, 243, 251

Ուսուցիչ գիրք՝ էջ 251-254

Գիտութիւն գիրք՝ էջ 4-5, 188-189

Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկ՝ էջ 11, 13

Իսկական Խաղաղութիւն գիրք՝ էջ 98

Աստուած Պաշտեցէք գիրք՝ էջ 92-93

[Շրջանակ՝ էջ 6]

Մարդիկ Հետաքրքրող Նիւթեր

Փտածութիւն, անարդարութիւն

Եսայեայ 9։6, 7.

Բ. Պետրոս 3։13

Ոճիր, բռնութիւն

Սաղմոս 37։10, 11.

Առակաց 2։21, 22

Մահ, սուգ

Եսայեայ 25։8.

Յայտնութիւն 21։3, 4

Ընկճուածութիւն

Սաղմոս 34։8.

Եսայեայ 65։17-19

Սով, յոռի սննդառութիւն

Սաղմոս 72։16.

Եսայեայ 25։6

Բնակարան, տնտեսական խնդիրներ

Եսայեայ 65։21, 22

Անկարող կառավարութիւն

Սաղմոս 146։3, 4.

Դանիէլ 2։44

Անասուններու հանդէպ գէշ վերաբերմունք

Առակաց 12։10

Բարոյական անկում

Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

Աղքատութիւն, կեղեքում

Սաղմոս 72։12-14.

Ժողովողի 8։9

Կանխադատութիւն, անհաւասարութիւն

Եսայեայ 11։3-5.

Գործք 10։34, 35

Երկրի ապականում

Յայտնութիւն 11։18

Հիւանդութիւն, հաշմանդամութիւն

Եսայեայ 33։24. 35։5, 6

Պատերազմ, ահաբեկչութիւն

Սաղմոս 46։8, 9.

Միքիայ 4։3, 4

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել