Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Յունուարին. 1990–էն առաջ հրատարակուած որեւէ գիրք որ ժողովքը ունի։ Եթէ չունիք, հաճեցէք մօտակայ ժողովքներէն հին գրականութիւններ խնդրել, որպէսզի զանոնք գործածէք։ Հին գիրքեր չունեցող ժողովքները կրնան Միակ Ճշմարիտ Աստուածը Պաշտեցէք գիրքը ներկայացնել։ Փետրուարին. Եհովայի Մօտեցիր։ Եթէ այս գրականութիւնը մատչելի չէ, կրնաք ներկայացնել Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գիրքը։ Մարտին. Արթո՛ւն Կեցէք։ Երբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, Գիտութիւն գիրքը ներկայացուցէք, ջանալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Ապրիլին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու վերայցելէք, պարփակելով անոնք որ Յիշատակատօնին կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուած են, բայց կազմակերպութեան հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, ջանացէք տեղաւորել Աստուած Պաշտեցէք գիրքը։ Ամէն ջանք թափեցէք Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար, յատկապէս եթէ ոմանք արդէն ուսումնասիրած են Գիտութիւն գիրքը եւ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը։
◼ Փետրուարէն սկսեալ, իսկ Մարտ 6–էն ոչ աւելի ուշ, շրջանային տեսուչները պիտի ներկայացնեն հետեւեալ նոր հանրային դասախօսութիւնը՝ «Անզգամ Աշխարհի մը Մէջ Իմաստութեամբ Վարուեցէք»։
◼ Ժողովքները յարմար կարգադրութիւններ պէտք է ընեն Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար այս տարի, Հինգշաբթի Մարտ 24–ին, արեւնամուտէն ետք։ Թէեւ դասախօսութիւնը կանուխ կրնայ սկսիլ, սակայն Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն հրամցուիլը պէտք է սկսի արեւնամուտէն ետք։ Տեղական աղբիւրներէ տեղեկացէք թէ արեւնամուտը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ ձեր շրջանին մէջ։ Թէեւ փափաքելի է որ իւրաքանչիւր ժողովք Յիշատակատօնը առանձին տօնակատարէ, բայց ասիկա միշտ կարելի չէ։ Եթէ մի քանի ժողովքներ սովորաբար նոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն, թերեւս մէկ կամ աւելի ժողովքներ կարենան կարգադրել ուրիշ վայր մը գործածել այդ իրիկուան համար։ Հոն ուր կարելի է, կը թելադրենք որ առնուազն 40 վայրկեան ըլլայ երկու յայտագիրներուն միջեւ, որպէսզի բոլորն ալ լիովին օգտուին առիթէն։ Նկատի պէտք է առնուի նաեւ խճողումի եւ ինքնաշարժները շարելու, ինչպէս նաեւ անհատներ հասցնելու եւ վերադարձնելու հարցը։ Երէցներու մարմինը պէտք է որոշէ թէ ո՛ր կարգադրութիւնները լաւագոյնն են իրենց ժողովքին համար։
◼ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Մարտ թիւը պիտի քննարկէ՝ Դաւիթ Աստուծոյ Վստահեցաւ տեսաերիզը։ Այս տեսաերիզը մատչելի է միայն սա DVD–ին վրայ՝ Նոյ Աստուծոյ Հետ Քալեց, Դաւիթ Աստուծոյ Վստահեցաւ։ Այս խտասկաւառակը կը բովանդակէ ութ լեզուներ՝ Անգլերէն, Գերմաներէն, Իտալերէն, Ճափոներէն, Ռուսերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն (Պրազիլի մէջ գործածուող) եւ Ֆրանսերէն։ DVD–ն կարելի է ապսպրել ժողովքին միջոցով, գրականութիւններու յաջորդ ապսպրանքին հետ։