Տեսաերիզի Յայտագիրներ՝ DVD–ի Վրայ
Ներարկումի Փոխընտրութիւններ՝ Փաստագրական Շարք խորագրով DVD–ն, տեսաերիզի երեք յայտագիրներ կը պարունակէ։ Ներարկումի Փոխընտրութիւններ՝ Պարզ, Ապահով եւ Ազդու ծրագրուած է բժիշկներու եւ բժշկութիւն ուսանող աշակերտներու համար. ուստի միւս երկու յայտագիրներէն աւելի շատ բժշկական տեսարաններ կը պարփակէ։ Ներարկումի Փոխընտրութեան Վերաբերեալ Առողջապահական Խնամք՝ Հիւանդին Կարիքներուն եւ Իրաւունքներուն Գոհացում Տալ ծրագրուած է յատկապէս բժշկական լրագրողներու, առողջապահական պաշտօնեաներու, ընկերային գործիչներու եւ դատախազներու համար։ Անիկա նկատի կ’առնէ թէ ի՛նչպէս կարելի է հիւանդներուն բժշկական կարիքներուն հոգ տանիլ եւ միեւնոյն ատեն անոնց օրինական իրաւունքները ընդունիլ։ Բժշկութիւնը կը Դիմագրաւէ Արիւն Չգործածելու Մարտահրաւէրը գլխաւորաբար ծրագրուած է հանրութեան համար։ DVD–ն կը պարունակէ Անգլերէն լեզուով տեսաերիզները, ինչպէս նաեւ յաւելեալ ձայնագրութիւններ հետեւեալ լեզուներով. Գերմաներէն, Իտալերէն, Ճափոներէն, Ռուսերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն (Պրազիլի մէջ գործածուող) եւ Ֆրանսերէն։ Կրնաս այս յայտագիրները բաժնել բժիշկներուդ, Աստուածաշունչի աշակերտներուդ, Վկայ չեղող կողակիցիդ, ազգականներուդ, ուսուցիչներուդ, գործակիցներուդ եւ դպրոցակիցներուդ հետ։