Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/05 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Մարտ 14–ով Սկսող Շաբաթ
  • Մարտ 21–ով Սկսող Շաբաթ
  • Մարտ 28–ով Սկսող Շաբաթ
  • Ապրիլ 4–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 3/05 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Մարտ 14–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 32

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերէ որ Դաւիթ Աստուծոյ Վստահեցաւ տեսաերիզը դիտեն, առ ի պատրաստութիւն անոր քննարկման՝ Ապրիլ 4–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ։ Գործածելով 4–րդ էջի թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ կը յարմարին), Դիտարան 1 Ապրիլ եւ Զարթի՛ր 22 Մարտ թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ իրատես ներկայացումներ գործածել։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ, հրատարակիչը կը վերայցելէ կանոնաւորաբար պարբերաթերթ առնողի մը, եւ եզրափակութեան մէջ անոր կը յիշեցնէ Յիշատակատօնին թուականը։

20 վյրկ. «Աստուածաշունչին Վրայ Աւելի Շեշտ Դնել»։a

15 վյրկ. Մեզ Զօրացնող Կարգադրութիւն մը։ Մէկ վայրկեանէն նուազ տեւող բացումէ ետք, ներկաներուն հետ նկատի առ 2005–ի Տարեգիրք–ը։ Արդի ժամանակներուն Եհովայի կատարած սքանչելի գործերուն վրայ խոկալը, մեզ իրեն ու մեր եղբայրներուն կը մօտեցնէ։ (Սաղմ. 77։12-14) Անիկա մեզ կ’ամրապնդէ որ Բանսարկուին դէմ դնենք՝ «հաւատքով հաստատուած»։ (Ա. Պետ. 5։8, 9) Անիկա նորեկներուն կ’օգնէ Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ գնահատութիւն մշակելու։ Ներկաները հրաւիրէ որ 2005–ի Տարեգիրք–էն կարգ մը հաճելի կէտեր պատմեն։ Կանխաւ կարգադրէ որ մէկ կամ երկու հոգի խօսին թէ Տարեգիրք–ը կարդալու համար ի՛նչ յայտագրի կը հետեւին։

Երգեցողութիւն Թիւ 14 եւ փակման աղօթք։

Մարտ 21–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 63

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. «Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք՝ Մաս 7»։b Երբ այս բաժինը կը պատրաստես, աչքէ անցուր Դիտարան 15 Յուլիս 2002 թիւը, էջ 27, պարբերութիւն 5-6 (Անգլ.)։

20 վյրկ. Արմագեդոնը Ի՞նչ Է։c Նիւթը հիմնուած է Պատճառաբանել գիրքին վրայ, էջ 44-49 (կամ՝ էջ 399-404, Արաբ.)։ Ներկաները հրաւիրէ որ սեւատիպ հարցումներուն պատասխանեն, գործածելով մէջբերուած ու նշուած համարները։ Քննարկէ թէ այս տեղեկութիւնները դաշտի ծառայութեան մէջ ի՛նչպէս կրնանք գործածել։

Երգեցողութիւն Թիւ 85 եւ փակման աղօթք։

Մարտ 28–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 33

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Բոլորին յիշեցուր որ Դաւիթ Աստուծոյ Վստահեցաւ տեսաերիզը դիտեն, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին։ Բոլորը քաջալերէ որ հետաքրքրուած անհատները հանրային մասնաւոր դասախօսութեան հրաւիրեն, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 10–ին։ Ապրիլի ու Մայիսի ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնները յիշէ։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. Դիտարան ու Զարթի՛ր Պարբերաթերթերը Ներկայացնենք։ Պարբերաթերթերու բաշխումը աւելցնելու վերաբերեալ Փետրուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին 8–րդ էջին մէջ յիշուած թելադրութիւնները վերաքաղ ըրէ։ Ընթացիկ պարբերաթերթերուն բովանդակած կարգ մը հետաքրքրական կէտերը նշէ։ Գործածելով էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ կը յարմարին), Դիտարան 1 Ապրիլ եւ Զարթի՛ր 8 Ապրիլ թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ իրատես ներկայացումներ գործածել։ Իւրաքանչիւր ներկայացումին մէջ, բացատրէ թէ մեր համաշխարհային գործը ի՛նչպէս կը ֆինանսաւորուի։—Տես՝ Դիտարան էջ 2, կամ՝ Զարթի՛ր էջ 5։

Երգեցողութիւն Թիւ 162 եւ փակման աղօթք։

Ապրիլ 4–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 127

5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. Իրարու Հանդէպ Սէր Ունեցէք։ (Յովհ. 13։35) Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Փետրուար 2003 թիւին վրայ, էջ 24-26, պարբերութիւն 10-21։ Ինչպէս Ծանուցումները կը նշեն, Ապրիլի ու Մայիսի ընթացքին պիտի ջանանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ անոնց հետ, որ արդէն Գիտութիւն գիրքը եւ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ուսումնասիրած են։ Աչքառու դարձուր թէ հրատարակիչները ի՛նչպէս կրնան երէցներուն հետ համագործակցիլ, տկարներուն օգնելու համար։

25 վյրկ. «Տեսաերիզ՝ Ընդմիշտ Օգտակար Եղող Պատգամով»։ Կարդա՛ եւ համառօտաբար մեկնաբանէ Սաղմոս 91։2 եւ 31։14–ը։ Ապա ներկաներուն հետ նկատի առ երկրորդ պարբերութեան յիշած բոլոր հարցումները, ինչպէս նաեւ երրորդ պարբերութեան ուղղած հարցումը։ Անկէ ետք, ընտանիքներէն խնդրէ որ պատմեն թէ DVD–ին բովանդակած «Սորվելու Վարժութիւններ»էն ի՛նչպէս օգտուած են։ Եզրափակէ՝ կարդալով Սաղմոս 56։11–ը։

Երգեցողութիւն Թիւ 113 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել