Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
ՆՈԹ. Ժողովքը «Աստուծոյ հնազանդիլ» բնաբանով նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուելէն մէկ կամ երկու ամիս ետք, Ծառայութեան Ժողովին մէջ 15–էն 20 վայրկեան պէտք է տրամադրուի (թերեւս տեղական կարիքներու բաժինը գործածելով), համաժողովի կարգ մը կէտերը վերաքաղ ընելու համար, որոնք հրատարակիչները դաշտի ծառայութեան մէջ օգտալից գտած են։ Ծառայութեան Ժողովի այս մասնաւոր բաժինը մեզի պատեհութիւն պիտի տայ բացատրելու թէ համաժողովին մեր սորված բաները ի՛նչ կերպով կը գործածենք եւ անոնք ի՛նչպէս օգնած են որ մեր ծառայութիւնը աւելի ազդու ըլլայ։—Տես՝ Ապրիլ 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 2։
Օգոստոս 8–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր 2006 ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովի եւ միօրեայ մասնաւոր համաժողովի թուականները, եթէ մատչելի են։
10 վյրկ. «Յայտաթերթիկները կը գործածե՞ս»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Ներկաներէն խնդրէ որ թուեն կարգ մը լաւ արդիւնքներ, որոնք ձեռք ձգեցին յայտաթերթիկները գործածելով։ Թող հրատարակիչ մը ցուցադրէ թէ ի՛նչպէս յայտաթերթիկ գործածելով՝ հետաքրքրուած անհատը ժողովի կը հրաւիրէ։
25 վյրկ. «Հիմա՛ է քարոզելու ժամանակը»։a Առաջուընէ կարգադրէ որ մէկ կամ երկու կանոնաւոր ռահվիրաներ խօսին թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ կատարեցին որ ռահվիրայութեան ձեռնարկեն, եւ ի՛նչ օրհնութիւններ վայելած են։
Երգեցողութիւն թիւ 129 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 15–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ կը յարմարին), Դիտարան 1 Սեպտեմբեր եւ Զարթի՛ր 22 Օգոստոս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ցուցադրութիւնը թող պարփակէ երէց մը եւ ֆիզիքապէս անկարող հրատարակիչ մը, որոնք հեռախօսով կը վկայեն։
15 վյրկ. Կը յիշե՞ս։ Ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Ապրիլ 2005 թիւին վրայ, էջ 30 (Անգլ.)։ Ներկաներէն խնդրէ որ իւրաքանչիւր հարցումին պատասխանեն։ Տեղեկութիւններուն գործնական արժէքը աչքառու դարձուր։ Բոլորը քաջալերէ որ ուշադրութեամբ կարդան Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն իւրաքանչիւր թիւը։
20 վյրկ. «Դրան առջեւ եւ հեռախօսով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ»։b Պարփակէ համառօտ ցուցադրութիւն մը, ցոյց տալով թէ ի՛նչպէս առաջին հանդիպումին կարելի է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն սկսիլ, Ի՛նչ կը պահանջէ գրքոյկէն միայն մէկ կամ երկու պարբերութիւն գործածելով։ Համառօտաբար պատմէ մէկ կամ երկու քաջալերական փորձառութիւն՝ հեռախօսով ուսումնասիրութիւններ հաստատելու մասին։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 22–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները կարդա՛։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Թագաւորութեան քարոզչութիւնը թանկագին առանձնաշնորհում մըն է»։c Երբ 4–րդ պարբերութիւնը կը քննարկես, բացատրէ առնուազն 15 վայրկեան դաշտի ծառայութիւն տեղեկագրելու մասնաւոր կարգադրութիւնը, անոնց համար որ յառաջացած տարիքի կամ վատառողջութեան պատճառով շատ սահմանափակ են։—Տես՝ Հոկտեմբեր 2002–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 8, պարբերութիւն 6։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 29–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Օգոստոս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ կը յարմարին), Դիտարան 1 Սեպտեմբեր եւ Զարթի՛ր 8 Սեպտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ներկայացումներէն մէկուն մէջ, ցուցադրէ կանոնաւորաբար պարբերաթերթ առնողի մը վերայցելելը։
15 վյրկ. «Վկայութիւն՝ առանց խօսքի»։d Կանխաւ ընտրուած հրատարակիչներէ խնդրէ որ պատմեն թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ ժողովուրդին լաւ վարքը նկատելը իրենց օգնեց Եհովայի ծառաներ ըլլալու։
20 վյրկ. Աստուածաշունչը գործածէ առաջին հանդիպումին։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Աչքէ անցուր տրուած թելադրութիւնները Սեպտեմբեր 2004–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, էջ 4, պարբերութիւն 2։ Ցուցադրէ թէ թելադրուած ներկայացումներէն մէկ կամ երկուքը ի՛նչպէս կրնան գործածուիլ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութեան հետ։ Ներկայացուելիք գրականութեան առնչութեամբ, Յունուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին մէջի թելադրութիւններն ալ կրնան նկատի առնուիլ եւ ցուցադրուիլ, ժամանակին ներած չափով։
Երգեցողութիւն թիւ 46 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 5–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 127
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք՝ Մաս 12»։e Կանխաւ կարգադրէ որ մէկ կամ երկու հրատարակիչներ պատմեն թէ ի՛նչ բան իրենց օգնեց որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատելու եւ վարելու մէջ յառաջդիմեն։
20 վյրկ. Կազմակերպուած կերպով տարեցներուն օգնենք։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Օգոստոս 1993 թիւին վրայ (Անգլ.), էջ 28-29, «Կարգադրութիւններ ընելը կարեւոր է» ենթագլուխին ներքեւ։ Նշէ ժողովքին մէջ եղած կարգադրութիւնները, հիւանդներուն եւ տարեցներուն օգնելու համար։
Երգեցողութիւն թիւ 95 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
d Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
e Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։