Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, Դեկտեմբեր 26–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 7 Նոյեմբերէն մինչեւ 26 Դեկտեմբեր 2005 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշում. երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընես։—Տես՝ Ծառայութեան դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ի՞նչ կրնանք ընել վստահ ըլլալու համար թէ մեր յորդորը «սիրով» կը տրուի։ (Փիլի. 9) [կօ էջ 266]
2. Ի՞նչ կերպերով կրնանք «ողջամիտ վարդապետութիւնով յորդորել»։ (Տիտ. 1։9) [կօ էջ 267 պարբ. 1-2]
3. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մեր դասախօսութիւնները քաջալերական ըլլան, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ [կօ էջ 268 պարբ. 1-3, շրջանակ]
4. Մովսէսի օրինակին հետեւելով, ի՞նչպէս քաջութիւն կը ներշնչենք, մեր եղբայրներուն յիշեցնելով իր ժողովուրդին ի նպաստ Եհովայի ըրած բաները։ (Բ. Օր. 3։28. 31։1-8) [կօ էջ 268 պարբ. 5–էջ 269 պարբ. 2]
5. Ներկայիս Եհովայի ըրածներուն եւ ապագային անոր ընելիքներուն մասին հիացմունքով խօսիլը, ինչո՞ւ կրնայ մեր ունկնդիրները քաջալերել։ [կօ էջ 270-271]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Ի՞նչ է Եօթանասնից–ը, եւ ինչո՞ւ Քրիստոնեաները կը հետաքրքրէ։ [si էջ 307 պարբ. 12–էջ 310 պարբ. 14]
7. Որո՞նք էին Մազօրէթները, եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան ի՞նչպէս օգտակար դարձան։ [si էջ 310 պարբ. 18. էջ 311 պարբ. 20-21]
8. Անգլերէն Նոր աշխարհի թարգմանութեան Եբրայերէն բաժինը հիմնականօրէն ո՞ր բնագրին վրայ հիմնուած է, եւ ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ այս թարգմանութիւնը վստահելի է։ [si էջ 312 պարբ. 28, 30]
9. Նախկին Քրիստոնեաները ի՞նչպէս Աստուծոյ Խօսքը տարածելու բուռն փափաք ցուցաբերեցին։ [si էջ 315 պարբ. 1-5]
10. Սուրբ Գրութիւններուն մատչելի ձեռագիրներուն ուսումնասիրութիւնը, Աստուածաշունչի մասին ի՞նչ կը յայտնէ։ [si էջ 320 պարբ. 32]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Այն իրողութիւնը թէ Դաւիթի չթոյլատրուեցաւ տաճարը կառուցանել, ցոյց կու տա՞յ թէ Եհովա Դաւիթի մղած պատերազմներուն չէր հաճեր։ (Ա. Մնաց. 22։6-10)
12. Տաճարի նաւակատիքին առթիւ մատուցած իր աղօթքին մէջ, Սողոմոն ի՞նչպէս անդրադարձաւ թէ Եհովա ո՛չ միայն Իր ժողովուրդին կարիքներուն ուշադիր է, այլեւ իրմէ վախցող իւրաքանչիւր անհատի յատուկ պարագայէն տեղեակ է։ (Բ. Մնաց. 6։29, 30)
13. Բ. Մնացորդաց 11։15–ի մէջ (ՆԱ) նշուած «այծակերպ դեւեր»ը ի՞նչ են։
14. Որովհետեւ Բաասայի իշխանութիւնը սկսաւ «Ասա թագաւորին երրորդ տարին» եւ միայն 24 տարի տեւեց, ի՞նչպէս «Ասային թագաւորութեան երեսունըվեցերորդ տարին Իսրայէլի Բաասա թագաւորը Յուդային դէմ ելաւ»։ (Գ. Թագ. 15։33. Բ. Մնաց. 16։1)
15. Բ. Մնացորդաց 20։22, 23–ը ի՞նչպէս վառ կերպով կը նկարագրէ ի՛նչ որ շուտով պիտի պատահի Սատանայի աշխարհին։