Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Դեկտեմբեր 12–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները (եթէ ժողովքի թաղամասին կը յարմարին), Դիտարան 1 Յունուար եւ Զարթի՛ր 22 Դեկտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ գործնական ներկայացումներ գործածել։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութենէ ետք, նշէ թէ ներկայացման մէջ համար մը պարփակելը որքա՜ն դիւրին է։
15 վյրկ. «Դպրոց մը՝ որ մեզի կ’օգնէ գործնական կիրարկում ընելու»։ Դպրոցի տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն։ Հոկտեմբեր 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականէն կարգ մը կէտեր նշէ։
20 վյրկ. «Կեանքի առաջնորդող կրթութիւն»։a Կանխաւ կարգադրէ որ մէկ կամ երկու հոգի խօսին թէ աստուածային կրթութենէն ի՛նչպէս օգտուած են։
Երգեցողութիւն թիւ 143 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 19–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 160
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Դեկտեմբեր 25–ի եւ Յունուար 1–ի վերաբերեալ դաշտի ծառայութեան յատուկ կարգադրութիւնները նշէ։ Բոլորին յիշեցուր որ յառաջիկայ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին իրենց հետ Զարթի՛ր Յունուար 2006 թիւը բերեն։
15 վյրկ. «Անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ՝ յարմարող ըլլալով»։b Համառօտ ցուցադրութիւն մը պարփակէ, ցոյց տալով թէ հրատարակիչ մը ի՛նչպէս կրնայ իր մօտեցումը փոխել, տանտիրոջ մեկնաբանութեան վրայ հիմնուելով։
25 վյրկ. «Զաւակդ կրնա՞յ լուրջ որոշում մը կայացնել»։c Երէցի մը կողմէ քննարկում։ Թող ատակ եղբայր մը բարձրաձայն կարդայ իւրաքանչիւր պարբերութիւն։ Բոլոր նշուած համարները քննարկէ։ Երկրորդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, հակադրէ երկու պատանիներուն պարագաները, որոնք յիշուած են Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1991 թիւին մէջ, էջ 18-19, պարբերութիւն 16-17 եւ շրջանակը։ Եզրափակէ՝ ծնողները քաջալերելով որ Դիտարան–ի վերոնշեալ յօդուածը ամբողջովին աչքէ անցընեն, ապա անմիջապէս իրենց զաւակներուն հետ արեան վերաբերեալ աստուածաշնչական պատուէրին մասին զրոյցներ ու փորձի նիստեր ունենան, զանոնք զինելով որ իրենց հաւատալիքներուն մասին համոզումով խօսին։ Ընտանիքի գլուխը պէտք է վստահ ըլլայ թէ իւրաքանչիւր մկրտուած զաւակ իրեն հետ կը կրէ ՄՓ (Մնայուն Փոխանորդագիր) քարտը, իսկ չմկրտուած զաւակը՝ Անձնագիր մը։ Երբոր անհատ մը հիւանդանոց կը մտնէ եւ արեան ներարկումի հարցը կը ծագի, երէցները պէտք է խնդրեն Հիւանդանոցի Յարակից Յանձնախումբին օգնութիւնը։
Երգեցողութիւն թիւ 27 եւ փակման աղօթք։
Դեկտեմբեր 26–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 85
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները կարդա՛։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Դեկտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Եթէ ժողովքդ նոր տարուան համար իր ժողովի ժամերը պիտի փոխէ, նոր ժամերը ծանուցանէ։ Յունուարին ներկայացուելիք հրատարակութիւնները նշէ, ինչպէս նաեւ՝ թէ ո՛ւր կարելի է թելադրուած ներկայացումներ գտնել։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. ԶԱՐԹԻ՛Ր–Ի ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՆՈՐ ԵՐԵՍԱԿՆԵՐԸ։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Զարթի՛ր–ի կրած փոփոխութիւնները նշէ, ինչպէս ծանուցանուեցան Մարտ 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, էջ 1, պարբերութիւն 5-6։ Կարգ մը կէտեր յիշէ «Մեր ընթերցողներուն» յօդուածէն, Զարթի՛ր Յունուար 2006 թիւին մէջ, էջ 3-4։ Օրինակներով ցոյց տուր թէ պարբերաթերթը ի՛նչպէս ընթերցողները ուղղակի Աստուածաշունչին կ’ուղղէ։ Ունկնդիրներէն խնդրէ որ էջ 31–ի վրայ եղող նոր երեսակին մասին խօսին։ Պիտի շարունակենք Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը միասնաբար ներկայացնել առաջին հանդիպումին։ Անշուշտ, պարբերաթերթերը կանոնաւորաբար առնողներուն միայն մէ՛կ Զարթի՛ր պիտի ներկայացնենք։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները (եթէ ժողովքի թաղամասին կը յարմարին), Դիտարան 1 Յունուար եւ Զարթի՛ր Յունուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ գործնական ներկայացումներ գործածել։ Յունուար 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը պիտի պարփակէ Զարթի՛ր Յունուար թիւին համար երկրորդ ներկայացում մը, որ երկրորդական յօդուած մը ուշագրաւ կը դարձնէ։ Ամսուան ընթացքին երկու ներկայացումներն ալ կարելի է գործածել։
Երգեցողութիւն թիւ 222 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 2–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 195
Նշում. Ժողովքները Յունուար 2–ով սկսող շաբթուան իրենց Ծառայութեան Ժողովը որոշուած օրէն առաջ պէտք չէ ընեն, բացի եթէ անիկա շրջանային տեսուչին այցելութեան կը զուգադիպի։ Ամէն ժողովքի մէջ, համաժողովի յաւելուածականը Ծառայութեան Ժողովին մէջ պէտք է նկատի առնուի յայտագրին համաձայն։ Եթէ այս շաբաթ շրջանային համաժողով կայ, գիրքի ուսումնասիրութեան տեսուչները նահանգային համաժողովի վայրն ու թուականները պէտք է ծանուցանեն, իրենց գիրքի ուսումնասիրութեան սովորական օրուան մէջ։ Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչը «Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ»ը մատչելի պէտք է ընէ, որպէսզի ներկաները կարենան պանդոկներուն հեռախօսի թիւերը ընդօրինակել, իրենց վերապահումները ընելու համար։ Սակայն այս ցանկին կրկնօրինակը պէտք չէ տրուի ոեւէ հրատարակիչի։
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր հրատարակութիւնները իմաստութեամբ գործածենք»։d Կարգ մը կէտեր նշէ Սեպտեմբեր 2002–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն, էջ 1։
25 վյրկ. «Եհովայի Վկաներու՝ ‘ազատումը մօտ է’ բնաբանով 2006–ի նահանգային համաժողով»։e Ժողովքի քարտուղարին կողմէ քննարկում։ Առաջին պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, կարդա՛ համաժողովի նշանակումին վերաբերեալ 15 Դեկտեմբեր 2005 թուակիր նամակը։ Բոլորը քաջալերէ որ համաժողովի համար իրենց կարգադրութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ ընեն։
Երգեցողութիւն թիւ 112 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
d Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
e Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։