Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, Փետրուար 27–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 2 Յունուարէն մինչեւ 27 Փետրուար 2006 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշում. երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընես։—Տես՝ Ծառայութեան դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը ի՞նչ կերպերով մեզի կ’օգնէ որ ‘Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք ու իր անունը դաւանինք’։ (Եբր. 13։15) [կօ էջ 5 պարբ. 3–էջ 6 պարբ. 1]
2. Ինչո՞ւ ժրաջան աշխատանք պէտք է տանինք որ ճշգրիտ կերպով ընթերցենք։ [կօ էջ 83 պարբ. 1-5]
3. Երբ կը խօսինք ու կ’ուսուցանենք, ինչո՞ւ յստակ արտասանութիւնը շատ կարեւոր է։ [կօ էջ 86 պարբ. 1-6]
4. Ճշգրիտ առոգանութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է, եւ ի՞նչ ազդակներ նկատի պէտք է առնուին։ [կօ էջ 89 պարբ. 1–էջ 90 պարբ. 2, շրջանակ]
5. Ի՞նչ թելադրութիւններ կրնան մեզի օգնել սահուն խօսելակերպ ունենալու։ [կօ էջ 94 պարբ. 4-5, շրջանակ]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Բ. Մնացորդաց 36։17-23–ը ի՞նչպէս կը հաստատէ Աստուածաշունչի մարգարէութեան վստահելիութիւնը։ [si էջ 84 պարբ. 35]
7. Ի՞նչ իրարայաջորդ դէպքեր կարելի դարձուցին որ Հրեաները Հ.Դ.Ա. 537–ին իրենց հայրենիքը վերադառնան, Եհովայի տաճարը վերաշինելու համար։ [si էջ 85 պարբ. 1-3]
8. Եզրասայ գիրքը ի՞նչպէս կը ջատագովէ Եհովան որպէս ճշմարիտ Աստուածը եւ իրեն հանդէպ վստահութիւն կը կերտէ։ [si էջ 87 պարբ. 14, 18]
9. «Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարին» ինչո՞ւ կարեւոր է աստուածաշնչական ժամանակագրութեան մէջ։ (Նէեմ. 2։1, 5, 6, 11, 17, 18) [si էջ 88 պարբ. 2, 5]
10. Նէեմիա ի՞նչպէս ընտիր օրինակ կը հանդիսանայ Աստուծոյ արդի ծառաներուն։ [si էջ 90 պարբ. 16-17]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Վերադարձած աքսորեալներուն մատչելի՞ էին Ուրիմն ու Թումիմը, որոնցմով Եհովա պատասխան կու տար ի պահանջել հարկին։ (Եզրաս. 2։61-63)
12. Բաբելոնի Հրեաներէն շատեր ինչո՞ւ վարանեցան Եզրասի հետ Երուսաղէմ վերադառնալու։ (Եզրաս. 7։28–8։20)
13. Պարիսպը վերակառուցանելու գործը ի՞նչպէս կրնար մէկ ձեռքով կատարուիլ։ (Նէեմ. 4։17, 18)
14. Սանաբաղատ ինչո՞ւ Նէեմիայի «բաց թուղթ» ուղարկեց, երբ գաղտնի նամակները սովորաբար կնքուած պարկի մէջ կը դրուէին։ (Նէեմ. 6։5)
15. Հաւատուրաց Հրեաները ‘յանդիմանելէ’ զատ, ինչպէս նախապէս ըրած էր իշխաններուն ու ազնուականներուն, Նէեմիա ուրիշ ի՞նչ սրբագրիչ քայլեր առաւ։ (Նէեմ. 13։25, 28)