Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/06 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
թծ 2/06 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Փետրուարին. Եհովայի մօտեցիր։ Եթէ այս գիրքը մատչելի չէ, Յայտնութիւն—անոր հոյակապ յանգումը մօտ է գիրքը կրնաք ներկայացնել։ Մարտին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատել։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, մէջը ըլլալով անոնք որ Յիշատակատօնին կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուած են, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, ջանացէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքով Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։

◼ Որովհետեւ Ապրիլ ամիսը հինգ լման շաբաթավերջեր ունի, կրնայ օժանդակ ռահվիրայութեան համար հոյակապ ամիս մը ըլլալ։

◼ 2006–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութեան բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Աստուած տակաւին իրերը կը ղեկավարէ՞»։ Տես յարակից ծանուցումը, Սեպտեմբեր 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։

◼ Էջ 6–ի վրայ գտնուող «Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին ուսումնասիրութիւնը վայելէ» յօդուածը, Ապրիլ 3–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ նկատի պիտի առնուի։ Հաճեցէք պահել յօդուածը եւ անոր ընկերակցող ուսումնասիրութեան յայտագիրը։

◼ Մարտ 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Նաեւ ստուգեցէք անջատ որեւէ հաշիւ, ինչպէս՝ նորոգութեան կամ շինարարութեան վերաբերեալ։ Ստուգումը աւարտելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։

◼ Շրջանային Շինարարական Յանձնախումբերը հիմնարկի եւ խնամակալութեան փաստաթուղթերու պատճեններ ունին, որոնք պէտք է գործածուին ժողովքի կալուածներուն սեփականատիրութեան համար։ Երբ այս օրինական թուղթերը այժմէականացնելու հարկը ըլլայ, երէցները իրենց շրջանային յանձնախումբէն նորագոյն պատճենները պէտք է ձեռք ձգեն։

◼ Քարտուղարը եւ ծառայութեան տեսուչը վերաքաղ պէտք է ընեն բոլոր կանոնաւոր ռահվիրաներու գործունէութիւնը։ Եթէ ոեւէ մէկը ժամերու պահանջին գոհացում տալու դժուարութիւն կ’ունենայ, երէցները պէտք է կարգադրեն անոր օգնութիւն տալ։ Թելադրութիւններու համար, վերաքաղ ըրէք տարեկան նամակները (S-201)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել