Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/06 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Փետրուար 13–ով սկսող շաբաթ
  • Փետրուար 20–ով սկսող շաբաթ
  • Փետրուար 27–ով սկսող շաբաթ
  • Մարտ 6–ով սկսող շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
թծ 2/06 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Փետրուար 13–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 14

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Մարտ եւ Զարթի՛ր Փետրուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ, թող հրատարակիչը հանրային վայրի մը մէջ վկայէ։

10 վյրկ. ԵՀՈՎԱՅԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՔԱՅԼ ԿԸ ՊԱՀԵ՞Ս։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գիրքին վրայ, էջ 7-10։

25 վյրկ. «‘Աշխարհի լոյս’ին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրէ»։ Ծառայութեան տեսուչը նիւթը նկատի կ’առնէ։ Օժանդակ ռահվիրաներուն անունները ծանուցանէ։ Ուշադրութեան յանձնէ դաշտի ծառայութեան յաւելեալ ժողովները։ Փետրուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկի յաւելուածին 5–րդ էջին վրայ գտնուող օժանդակ ռահվիրայութեան յայտագիրներու նմոյշին մասին կարգ մը կէտեր նշէ։

Երգեցողութիւն թիւ 150 եւ փակման աղօթք։

Փետրուար 20–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 63

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։

15 վյրկ. «Քարոզելու պատեհութիւններ ստեղծէ՛»։ Դժուար պարագաներ ունեցող հրատարակիչէ մը խնդրէ որ պատմէ թէ ի՛նչպէս կրցած է վկայելու պատեհութիւններ ստեղծել։

20 վյրկ. «Շուտ գտնուող օգնական ըլլալ»։ Երէց մը նիւթը նկատի կ’առնէ։ Կարգ մը կէտեր յիշէ Նոյեմբեր 1998 եւ Նոյեմբեր 2000–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկի «Հարցումի տուփ»էն։

Երգեցողութիւն թիւ 212 եւ փակման աղօթք։

Փետրուար 27–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 21

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները կարդա՛։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Փետրուար ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Մարտ կամ Զարթի՛ր Մարտ թիւը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։

10 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

25 վյրկ. ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ԳԻՐՔԸ Ի՛ՆՉՊԷՍ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼ։ Մարտ ամսուան ընթացքին նոր գիրքը պիտի ներկայացնենք։ Յունուար 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածը գործածելով, էջ 3-6, ժողովքի թաղամասին յարմարող քանի մը ներկայացումներ վերաքաղ ըրէ ու ցուցադրէ։ Ունկնդիրներէն խնդրէ որ պատմեն թէ նոր գիրքը գործածելով ի՛նչ ուշագրաւ փորձառութիւններ ունեցած են, մանաւանդ՝ եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատած են։

Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։

Մարտ 6–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 113

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Թերթիկներ կրելը դիւրին եւ անոնց երեւոյթը գրաւիչ ըլլալով, անոնք խօսակցութիւն սկսելու համար գործնական են, երբ տունէ տուն կը ծառայենք, հանրային վայրերու մէջ կը քարոզենք ու անպաշտօն կերպով կը վկայենք։ Տառապանքին վախճանը մօտ է նոր թերթիկը գործածելով խօսակցութիւն մը սկսելու կերպը ցուցադրէ։ Թերթիկին 2–րդ էջին վրայ մէջբերուած համար մը ցցուն ըրէ։

15 վյրկ. «Անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ՝ նախապատրաստուած ըլլալով»։ Պարփակէ համառօտ ցուցադրութիւն մը, որ ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս երկու հրատարակիչներ կը նախապատրաստուին Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ներկայացնելու։ Անոնք Յունուար 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկի յաւելուածէն ներկայացում մը կ’ընտրեն եւ կը խօսակցին թէ ի՛նչպէս կրնան զայն իրենց բառերով ըսել ու ժողովքի թաղամասին յարմարցնել։ Ցուցադրութիւնը կ’աւարտի, երբ անոնք կը սկսին ներկայացումը բարձրաձայն փորձ ընել։

20 վյրկ. «Ուսուցանող օժանդակ պիտոյքներ գործածէ՛»։ Յօդուածին մէջ նշուած իւրաքանչիւր տեսաերիզի կողքը ցոյց տուր եւ համառօտաբար նկարագրէ բովանդակութիւնը։ Ունկնդիրները թող պատմեն թէ իրենց ծառայութեան մէջ տեսաերիզներ գործածելով ի՛նչ փորձառութիւններ ունեցած են։—Տես՝ 1997–ի Տարեգիրք–ը, էջ 54, եւ 1995–ի Տարեգիրք–ը, էջ 50-51։

Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել