Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/06 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Մարտ 13–ով սկսող շաբաթ
  • Մարտ 20–ով սկսող շաբաթ
  • Մարտ 27–ով սկսող շաբաթ
  • Ապրիլ 3–ով սկսող շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
թծ 3/06 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Մարտ 13–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 14

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Ապրիլ եւ Զարթի՛ր Մարտ թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Իւրաքանչիւր ներկայացման վերջաւորութեան, թող հրատարակիչը տանտէրը հրաւիրէ Յիշատակատօնի, պարբերաթերթին ետեւի կողքը գործածելով։

15 վյրկ. «Ուրիշներուն օգնէ՛ որ փրկանքէն օգտուին»։ Յաջորդ բաժինը մանրամասնօրէն նկատի պիտի առնէ թէ ի՛նչպէս կրնանք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքին 206-208–րդ էջերը գործածել, երբ անհատներ Յիշատակատօնի կը հրաւիրենք։

20 վյրկ. ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ՝ ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱՏՈՒՈՂ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ։ Հարց–պատասխանով քննարկել Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքին 206-208–րդ էջերը։ Մէկ վայրկեանէ նուազ տեւող բացման խօսքին մէջ ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կարելի է տանտիրոջ հետ նիւթը բանալ՝ առաջին պարբերութիւնը կարդալով։ Ապա առանց պարբերութիւնները կարդալու, ունկնդիրներէն խնդրէ որ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեն. (պարբ. 2) Յիսուս իր մահուան Յիշատակատօնը ե՞րբ հաստատեց։ (պարբ. 3) Տէրունական Ընթրիքը ո՞րքան յաճախ պէտք է պահուի։ (պարբ. 4) Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը նկարագրէ Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը։ (պարբ. 5) Ի՞նչպէս գիտենք թէ Յիսուս չվերածեց հացը իր բառացի մարմինին, եւ գինին՝ իր բառացի արեան։ (պարբ. 6) Անխմոր հացը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։ (պարբ. 7) Կարմիր գինին ի՞նչ կը ներկայացնէ։ (պարբ. 8) Միայն որո՞նք հացին ու գինիին պէտք է մասնակցին։ (պարբ. 9) Ամէն տարի Յիշատակատօնը ե՞րբ տեղի կ’ունենայ, եւ ինչո՞ւ պէտք է ներկայ գտնուինք։ Ժամանակին ներած չափով, գլխաւոր համարները աչքառու դարձուր։ Բոլորը քաջալերէ որ այս տեղեկութիւնները Աստուածաշունչի աշակերտներուն եւ Յիշատակատօնի հրաւիրուած անհատներուն հետ նկատի առնեն, պարբերութիւնները կարդալով, գլխաւոր կէտերը քննարկելով եւ պարզ հարցումներ ուղղելով։

Երգեցողութիւն թիւ 150 եւ փակման աղօթք։

Մարտ 20–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 114

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ «Յիշատակատօնի վերաբերեալ յիշեցումներ» խորագրով շրջանակին գլխաւոր կէտերը նշէ։

23 վյրկ. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԴԵՐԸ։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գիրքին վրայ, էջ 10-13։ Երբ «Քրիստոսի դերը» ենթագլուխին ներքեւ առաջին երկու պարբերութիւնները նկատի կ’առնես, տրամադրէ 3-4 վայրկեան՝ Յիշատակատօնի հրաւէրը գործածելու կերպեր թելադրելու եւ ցուցադրելու։ Նշէ այն թելադրութիւնները որ ներկայացուած են Փետրուար 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, էջ 3, պարբերութիւն 3։

12 վյրկ. ԶՕՐԱՆԱՆՔ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԱՄԷՆ ՕՐ ՔՆՆԵԼՈՎ։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւն, հիմնուած՝ Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2006 գրքոյկին նախաբանին վրայ։ Ցուցադրութիւն մը կարգադրէ, որուն մէջ ընտանիք մը այսօրուան համարն ու մեկնաբանութիւնը նկատի կ’առնէ։

Երգեցողութիւն թիւ 46 եւ փակման աղօթք։

Մարտ 27–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 32

15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Մարտ ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Ապրիլ եւ Զարթի՛ր Ապրիլ թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Նաեւ ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնանք հրաւիրատոմսը գործածել՝ հետաքրքրուած անհատները Յիշատակատօնի հրաւիրելու։

10 վյրկ. ԱՍՏՈՒԱԾ ՏԱԿԱՒԻՆ ԳԵՐԻՇԽԱ՞Ն Է։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 2006 թիւին վրայ (Անգլ.), էջ 32։ Ամէն պատեհութիւն օգտագործէ՝ անհատներ հրաւիրելու հանրային մասնաւոր դասախօսութեան։ Վստահ եղիր Աստուածաշունչի աշակերտը հրաւիրելու, ինչպէս նաեւ՝ անոր ընտանիքի անդամները, որոնք ուսումնասիրութեան չեն մասնակցիր։ Պէտք է հրաւիրենք բոլոր հետաքրքրուած անհատները եւ դաշտի ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած անհատները։ Ցուցադրէ ի՛նչպէս գործածել Դիտարան 1 Ապրիլ թիւը, հրաւիրելու համար մէկը որ անգործունեայ դարձած է կամ այլեւս ժողովներուն ներկայ չի գտնուիր։

20 վյրկ. Տեղական փորձառութիւններ։ Ունկնդիրներէն խնդրէ որ պատմեն թէ ի՛նչ փորձառութիւններ վայելեցին, Մարտ ամսուան ընթացքին Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ներկայացնելով։ Ուշադրութեան յանձնէ թէ քանի՛ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսուեցան։ Մէկ կամ երկու ուշագրաւ փորձառութիւններ կարելի է խաղարկել։

Երգեցողութիւն թիւ 138 եւ փակման աղօթք։

Ապրիլ 3–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 63

15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Համառօտաբար վերաքաղ ըրէ՝ «Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին ուսումնասիրութիւնը վայելէ» յօդուածը, Փետրուար 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, էջ 6։ Ուշադրութիւն հրաւիրէ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքին ուսումնասիրութեան յայտագրին վրայ։ Նաեւ ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնանք հրաւիրատոմսը գործածել՝ հետաքրքրուած անհատները Յիշատակատօնի հրաւիրելու։

10 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. «Հեզերուն սորվեցուր Աստուծոյ ճամբային մէջ քալել»։ Պարփակէ կարգ մը մեկնաբանութիւններ, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Յուլիս 2004 թիւին վրայ, էջ 26, պարբերութիւն 9։

Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել