Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Նշում. Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը ամառուան ընթացքին իւրաքանչիւր շաբթուան համար Ծառայութեան Ժողով մը պիտի յայտագրէ։ Ժողովքները կրնան կարիքին համաձայն ճշդումներ ընել, նկատի ունենալով «Ազատումը մօտ է» բնաբանով նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուիլը։ Համաժողովէն առաջ տեղի ունենալիք վերջին Ծառայութեան Ժողովին ընթացքին, 15 վայրկեան տրամադրեցէք այս ամսուան յաւելուածէն յարմար խրատներ ու յիշեցումներ վերաքաղ ընելու համար։ Ձեր համաժողովէն մէկ կամ երկու ամիս ետք, Ծառայութեան Ժողովին մէջ 15-20 վայրկեան յատկացուցէք (թերեւս տեղական կարիքներուն բաժինը), համաժողովին ուշագրաւ կէտերը վերաքաղ ընելու։ Համաժողովի ամբողջ յայտագիրը վերաքաղ մի՛ ընէք, այլ՝ ուշագրաւ դարձուցէք միայն այն մասերը որ ուղղակի դաշտի ծառայութեան հետ կապ ունին։ Թող ունկնդիրները պատմեն թէ ի՛նչպէս տեղեկութիւնները կը կիրարկեն իրենց ծառայութեան մէջ։
Ապրիլ 10–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Մայիս եւ Զարթի՛ր Ապրիլ թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ, թող հրատարակիչը նաեւ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ներկայացնէ տանտիրոջ մը, որ Աստուածաշունչի պատգամին հանդէպ բացառիկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ։
15 վյրկ. «Նախանձախնդրութիւնը ի՛նչպէս պահել»։ Կարգ մը կէտեր նշէ՝ Դիտարան 1 Յուլիս 2002 թիւէն, էջ 13, պարբերութիւն 13։
20 վյրկ. «Յայտագիրդ կրնա՞ս յարմարցնել»։ Նիւթը տեղականօրէն կիրարկէ։ Նշէ երեկոյեան վկայութեան համար ժողովքին ըրած կարգադրութիւնները։
Երգեցողութիւն թիւ 13 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 17–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 112
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հանրային մասնաւոր դասախօսութեան համար եղած կարգադրութիւնները ընդգծէ։ Բոլորը քաջալերէ որ շարունակեն Դիտարան 1 Ապրիլ թիւին (Անգլ.) ետեւի կողքը գործածել, Յիշատակատօնի ներկաները, Աստուածաշունչի աշակերտները եւ այլ հետաքրքրուած անհատներ հրաւիրելու համար։ Համառօտաբար պատմէ երկու կամ երեք փորձառութիւններ, ցոյց տալով թէ ի՛նչպէս այս Դիտարան–ին միջոցով անհատներ հրաւիրուած են հանրային մասնաւոր դասախօսութեան։
12 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
18 վյրկ. «Դրան առջեւ եւ հեռախօսով՝ Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարէ՛»։ Պարփակէ համառօտ ցուցադրութիւն մը, որ ցոյց կու տայ թէ հրատարակիչը ի՛նչ կրնայ ըսել, որպէսզի սկսի դրան առջեւ վարուած ուսումնասիրութիւնը տան մէջ վարել։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 24–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 33
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Մայիսի ընթացքին պիտի շարունակենք Դիտարան–ն ու Զարթի՛ր–ը ներկայացնել։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Մայիս եւ Զարթի՛ր Մայիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ցուցադրութիւններէն ետք, ուշադրութեան յանձնէ այս թիւերուն բովանդակած միւս յօդուածները, որոնք կրնան թաղամասի մարդոց հետաքրքրութիւնը շարժել։
30 վյրկ. «Եհովայի սպասէ՛»։ Նիւթը նկատի կ’առնէ ժողովքի քարտուղարը։ Նշէ ժողովքին նշանակուած համաժողովը։ Ունկնդիրներէն խնդրէ որ մեկնաբանեն թէ համաժողովի քաղաքին մէջ ի՛նչպէս համաժողովի լանջանշանը ամէն ատեն կրելը կրնայ ճամբան հարթել վկայութիւն մը տալու։ Ունկնդիրները քաջալերէ որ անպաշտօն կերպով վկայելու պատեհութիւնները օգտագործեն եւ Հաճեցէք հետապնդել (S-43) պատճենը գործածեն՝ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը տեղեկագրելու համար։
Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 1–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 34
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Ապրիլ ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Քննարկէ էջ 6–ի վրայ եղող՝ «Հարցնելով ծանօթանալու մեթոտը կը գործածե՞ս» շրջանակը։
10 վյրկ. «Անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ՝ աչքի լաւ հաղորդակցութեամբ»։ Համառօտ ցուցադրութիւն մը պարփակէ, որուն մէջ հրատարակիչը հանրային վայրի մը մէջ անհատի մը հետ աչքի հաղորդակցութիւն կը հաստատէ, խօսակցութիւն մը կը սկսի, ապա վկայութիւն մը կու տայ։
15 վյրկ. ԵՀՈՎԱՅԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾԷ։ (Սաղմ. 77։12) Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ 2006–ի Տարեգիրք–ին վրայ։ Կառավարիչ Մարմինի նամակէն քաջալերական կէտեր նկատի առ։ (էջ 3-5) «Աստուածաշունչի թարգմանութիւն» ենթագլուխին ներքեւ եղած նիւթը քննարկէ։ (էջ 10-11) Անցեալ տարուան նկատմամբ կարգ մը ուշագրաւ կէտեր ու փորձառութիւններ պատմէ։ (էջ 6-64) Թող ունկնդիրները նշեն թէ ի՛նչ հետաքրքրական կէտեր գտած են 2006–ի Տարեգիրք–ին մէջ։ Բոլորը քաջալերէ որ զայն գործածեն՝ Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ Աստուածաշունչի աշակերտներուն գնահատութիւնը մշակելու համար։
15 վյրկ. «Աշխարհածաւալ արշաւ՝ ծանուցանելու համար ‘Ազատումը մօտ է’ բնաբանով նահանգային համաժողովը»։ Բոլոր պարբերութիւնները թող կարդացուին։
Երգեցողութիւն թիւ 10 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։