Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/06 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Օգոստոս 14–ով սկսող շաբաթ
  • Օգոստոս 21–ով սկսող շաբաթ
  • Օգոստոս 28–ով սկսող շաբաթ
  • Սեպտեմբեր 4–ով սկսող շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
թծ 8/06 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Օգոստոս 14–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 32

15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Քննարկէ «Միօրեայ մասնաւոր համաժողովի նոր յայտագիր» յօդուածը։ Յաջորդ միօրեայ մասնաւոր համաժողովի թուականը ծանուցանէ։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Սեպտեմբեր եւ Զարթի՛ր Օգոստոս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ, ցոյց տուր թէ ի՛նչ կը պատասխանենք երբ տանտէրը ըսէ. «Եհովայի Վկաներով հետաքրքրուած չեմ»։—Տես՝ Պատճառաբանել, էջ 17-18։

15 վյրկ. «Զարթի՛ր–ի մասնայատուկ թիւ մը պիտի ներկայացնենք Սեպտեմբերին»։ Երբ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, հակիրճ ցուցադրութեան մը մէջ թող պատանի մը Զարթի՛ր–ի Սեպտեմբեր թիւը ներկայացնէ ուսուցիչի մը։

15 վյրկ. «ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ՝ Ե՞ՐԲ ՍԵՐՏ ԿԸ ՍԵՊՈՒԻ։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ քննարկում, հիմնուած՝ Զարթի՛ր Ապրիլ 2006–ի թիւին վրայ, էջ 17-19։ Ներկաներէն անոնք որ քրիստոնէական ընտանիքներու մէջ մեծցած են, թող պատմեն թէ իրենց ծնողքը ի՛նչպէս զիրենք պատրաստեցին՝ դպրոցին մէջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու եւ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելու։ Կարելի է մէկ կամ երկու անհատներէ խնդրել որ նախապատրաստուին։

Երգեցողութիւն թիւ 127 եւ փակման աղօթք։

Օգոստոս 21–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 21

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Քննարկէ «Շրջանային համաժողովի նոր յայտագիր» յօդուածը եւ ծանուցանէ յաջորդ շրջանային համաժողովի թուականը։

15 վյրկ. ԴԻՏԱՐԱՆ–Ի ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵՆԷՆ ՈՒ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԷՆ ՕԳՏՈՒԻՆՔ։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ քննարկում, հիմնուած՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գրքին վրայ, էջ 59–էն մինչեւ էջ 64–ի ենթագլուխը։

20 վյրկ. ՀԻՄԱԿՈՒԸՆԷ ԾՐԱԳՐԷ ՕԺԱՆԴԱԿ ՌԱՀՎԻՐԱՅ ԸԼԼԱԼ։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Քաջալերէ նպատակակէտ դնել ծառայութեան նոր տարուան ընթացքին առնուազն մէկ ամիս օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ։ (Ա. Կորն. 9։26) Ոմանք թերեւս ընտրեն մասնայատուկ գործունէութեան ամիս մը, կամ՝ արձակուրդ կամ յաւելեալ շաբաթավերջեր ունեցող ամիս մը։ Ունկնդիրներուն հարցուր. «Անցեալին ի՞նչպէս խոչընդոտներ յաղթահարած էք, որպէսզի օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցիք։ Օժանդակ ռահվիրայութիւնը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։ Եթէ փափաքը ունիս բայց կը վարանիս, ինչո՞ւ տեղին է որ ասոր մասին աղօթես։ (Գործք 4։29. Բ. Կորն. 4։7. Յակ. 1։5) Ինչո՞ւ նաեւ լաւ է որ ասոր մասին խօսիս ընտանիքիդ եւ հրատարակիչներուն հետ, մանաւանդ անոնց հետ՝ որոնք համանման պարագաներ ունին։ (Առ. 15։22) Ո՞ր ամիսը կը ծրագրես օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ»։

Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։

Օգոստոս 28–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 57

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Օգոստոս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Սեպտեմբեր կամ Զարթի՛ր Սեպտեմբեր թիւը՝ կանոնաւորաբար պարբերաթերթ առնողի մը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։

15 վյրկ. ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐ ՄԸ ԿՐՆԱ՛Ս ԸԼԼԱԼ։ (Հռովմ. 1։11, 12) Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ քննարկում։ Ժողովքին մէջ կանոնաւոր ռահվիրաներուն թիւը նշէ։ Զիրենք քաջալերելու կերպեր ցոյց տուր, ինչպէս՝ գովասանք ներկայացնել, ռահվիրայական ծառայութեան մասին դրականօրէն խօսիլ, ծառայութեան մէջ անոնց հետ աշխատիլ, զիրենք ճաշի հրաւիրել եւ երթեւեկի ծախսերուն մէկ մասը ծածկել։ Կանոնաւոր ռահվիրաներէն խնդրէ որ խօսին թէ ուրիշներ ի՛նչպէս քաջալերած են զիրենք։ Եթէ ժողովքին մէջ կանոնաւոր ռահվիրաներ չկան, նկատի առ թէ ի՛նչպէս կրնանք օժանդակ ռահվիրաները քաջալերել։

20 վյրկ. ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԿՐՆԱ՞Ս ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍԿՍԻԼ։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւններ։ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին յատկապէս պիտի ջանանք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը գործածելով։ Ասիկա կը նշանակէ թէ գիրքը տեղաւորելու ատեն, պիտի ջանանք մի քանի պարբերութիւններ քննարկել տանտիրոջ հետ։ Ժողովքի թաղամասին յարմար եղող նիւթեր գործածելով, երկու ցուցադրութիւններ ներկայացուր։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութեան մէջ ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս որոշ կարգադրութիւններ կ’ընենք վերադառնալու ու քննարկումը շարունակելու համար։

Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։

Սեպտեմբեր 4–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 195

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. «Անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ՝ անաչառօրէն քարոզելով»։ Երբ 2–րդ պարբերութեան վերջաւորութեան նշուած Հռովմայեցիս 1։14–ը նկատի կ’առնես, հակիրճօրէն կէտեր պարփակէ Խորաթափանց գրքէն, Հատոր 1, էջ 255, «Բարբարոս» նիւթին առաջին պարբերութիւնը։ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, Բարի լուր՝ բոլոր ազգերուն գրքոյկին 2–րդ էջին մէջ ուրուագծուած երեք քայլերը վերաքաղ ըրէ, եւ ժողովքի թաղամասին մէջ եղող օտարախօսներուն հետ գրքոյկը գործածելու կերպը ցուցադրէ։

Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել