Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Սեպտեմբերին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Ամէն անգամ որ գիրքը կը տեղաւորէք, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակով վերայցելեցէք։ Հոկտեմբեր 1-15. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ անհատը հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկը ներկայացուցէք ու ջանացէք Աստուածաշունչի հանդէպ անոր հետաքրքրութիւնը աւելցնել։ Հոկտեմբեր 16–Նոյեմբեր 12. Մասնայատուկ արշաւ՝ «Սուտ կրօնքին վախճանը մօտ է» խորագրով Թագաւորութեան լուրեր թիւ 37 թերթիկը բաշխելու։ Նոյեմբեր 13-30. Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛։ Եթէ անհատը ըսէ թէ զաւակներ չունի, ներկայացուցէք Կը փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ թերթիկը։ Դեկտեմբերին. Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն՝ կրնաք ներկայացնել Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց, Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ, կամ Դուք կրնաք յաւիտեան ապրիլ երկրային դրախտի մը մէջ։
◼ Ժողովքները իրենց յաջորդ հրատարակութիւններու ապսպրանքին հետ պէտք է սկսին խնդրել 2006–ի Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի կազմուած հատորները, ինչպէս նաեւ՝ Դիտարանի գրադարան՝ 2006–ի հրատարակութիւն խտասկաւառակը։ Ամէն ամիս յղուած «Ծանուցում՝ բոլոր ժողովքներուն» խորագրով նամակին մէջ պիտի նշուի թէ այս հրատարակութիւնները ո՛ր լեզուներով մատչելի են։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ Դիտարանի գրադարան՝ 2006–ի հրատարակութիւն–ը ժողովքի մկրտուա՛ծ անդամներուն համար է եւ ձեռք կը ձգուի միայն ժողովքին միջոցով։
◼ Երէցներուն կը յիշեցնենք որ գործադրեն Դիտարան 1 Յուլիս 1991 թիւին մէջ տրուած թելադրութիւնները, էջ 21-23, ոեւէ վտարուած կամ իր ընկերակցութիւնը խզած անհատի առնչութեամբ, որ կը մտածէ ժողովքին վերադառնալ։
◼ Սեպտեմբեր 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածը, էջ 3-6, Յայտնութեան յանգումը գիրքին վերաբերեալ կարգ մը ճշդումներ կը բովանդակէ։ Իւրաքանչիւր անհատ զանոնք ընդօրինակելու է իր անձնական գիրքին մէջ, առ ի պատրաստութիւն Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան, 8 Յունուար 2007–էն սկսեալ։