Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/07 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Յունուար 8–ով սկսող շաբաթ
  • Յունուար 15–ով սկսող շաբաթ
  • Յունուար 22–ով սկսող շաբաթ
  • Յունուար 29–ով սկսող շաբաթ
  • Փետրուար 5–ով սկսող շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 1/07 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Յունուար 8–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 46

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերէ որ Բժշկութիւնը կը դիմագրաւէ արիւն չգործածելու մարտահրաւէրը տեսաերիզը դիտեն, առ ի պատրաստութիւն անոր քննարկման՝ Յունուար 22–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Փետրուար եւ Զարթի՛ր Յունուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ ցոյց տուր թէ ի՛նչ կը պատասխանենք, եթէ տանտէրը ըսէ. «Զբաղած եմ»։—Տեսնել Պատճառաբանել գիրքը, էջ 19-20։

15 վյրկ. ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՔՆՆԵՆՔ ԱՄԷՆ ՕՐ ԳՐՔՈՅԿԷՆ ՕԳՏՈՒԷ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ 2007–ի Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկին նախաբանին վրայ։ Ցոյց տուր թէ բոլորն ալ ամէն օր քանի մը վայրկեան պէտք է տրամադրեն, համարն ու մեկնաբանութիւնը նկատի առնելու համար։ Կանխաւ կարգադրէ որ մէկ կամ երկու հոգի խօսին օրուան համարը նկատի առնելու իրենց սովորութեան եւ ձեռք ձգուած օգուտներուն մասին։ Եզրափակէ՝ հակիրճօրէն քննարկելով 2007–ի տարուան համարը։

20 վյրկ. ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ԲՈԼՈՐԻՆ ՔԱՐՈԶԵՆՔ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գրքին վրայ, էջ 92–էն մինչեւ էջ 102–ի ենթագլուխը։

Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 15–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 32

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։

15 վյրկ. ԲԱՆ ՄԸ ՁԵԶ ԵՏ ԿԸ ԿԵՑՆԷ՞։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 2002 թիւին վրայ, էջ 25-26։

20 վյրկ. «Հետաքրքրուած չեմ»։ Երբ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, ներկաներուն հարցուր թէ տեղական թաղամասին մէջ մարդիկ ի՛նչ նիւթերով հետաքրքրուած են։ Երկու հակիրճ ցուցադրութիւններով ցոյց տուր թէ ի՛նչ կը պատասխանենք, եթէ տանտէրը ըսէ. «Հետաքրքրուած չեմ»։—Տեսնել Պատճառաբանել գիրքը, էջ 16։

Երգեցողութիւն թիւ 13 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 22–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 21

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Փետրուար եւ Զարթի՛ր Փետրուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ներկայացումներէն մէկուն մէջ, կանոնաւորաբար պարբերաթերթ առնողի մը վերայցելելու կերպը ցուցադրէ։

10 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

25 վյրկ. «Բժշկական ամենէն բարձրորակ խնամքը ի՞նչ է»։ Երէցի մը կողմէ քննարկութիւն։ Ներկաներուն հետ անմիջապէս նկատի առ տեսաերիզը, գործածելով յօդուածին հարցումները։ Եզրափակէ՝ կարդալով վերջին պարբերութիւնը եւ բոլորը քաջալերելով որ նշուած Դիտարան–ի յօդուածները ուշադրութեամբ վերաքաղ ընեն։

Երգեցողութիւն թիւ 10 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 29–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 55

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Յունուար ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Փետրուարին ներկայացուելիք հրատարակութիւնը նշէ եւ ներկայացում մը ցուցադրէ։

20 վյրկ. «Բնական աղէտի մը համար նախապատրաստուա՞ծ ես»։ Թող երէց մը նիւթը նկատի առնէ։ Պարփակէ մեկնաբանութիւններ, Նոյեմբեր 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին 3–րդ էջէն։

15 վյրկ. ԵԹԷ ԽՈՍՏԱՑԱՐ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ, ԽՕՍՔԴ ՅԱՐԳԷ՛։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Սեպտեմբեր 1999 թիւին վրայ, էջ 11։ Ներկաներէն խնդրէ որ փորձառութիւններ պատմեն, որոնք ցոյց կու տան թէ իրենց խոստումին համաձայն վերադառնալով՝ ի՛նչ օրհնութիւններ վայելած են։

Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։

Փետրուար 5–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 112

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. ԵՍ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՅ ԵՄ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Կարգ մը դեռատիներ որպէս Եհովայի Վկայ իրենց ինքնութիւնը յայտնելու կը վարանին, խորհելով թէ իրենց տարեկիցները կրնան զիրենք ծաղր ընել։ Սակայն ինքնութիւնդ գիտցնելու լաւ պատճառներ կան։ Հաւատալիքներուդ ծանօթ եղող ուսուցիչները յաճախ զանոնք կը յարգեն եւ չեն պնդեր որ անպատշաճ բանի մը մասնակցիս։ Անսկզբունք դեռատիները արագօրէն քեզ պիտի չհրաւիրեն որ իրենց հետ սխալ ընթացքի մը միջամուխ ըլլաս։ Ուրիշներ իսկոյն պիտի գնահատեն որոշումդ կարգ մը հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ հակառակ սեռին հետ ժամադրուիլը կամ դպրոցական մարզանքներու եւ այլ արտակրթական գործունէութիւններու մասնակցիլը։ Ասկէ զատ, դպրոցին մէջ վկայելու կամ թաղամասին մէջ քարոզելու ատեն դասընկերոջ մը հանդիպելու նկատմամբ նուազ երկչոտ պիտի ըլլաս։ (g02 3/22 էջ 12) Հրատարակիչներէն խնդրէ որ պատմեն թէ դպրոցին մէջ իրենք զիրենք որպէս Եհովայի Վկայ ճանչցնելը ի՛նչպէս օգտակար եղած է։ Կարելի է մէկ կամ երկու մեկնաբանութիւններ կանխաւ կարգադրել։

20 վյրկ. «Սէր՝ պտղաբեր ծառայութեան բանալին»։ Պարփակէ մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Դիտարան 1 Փետրուար 2003 թիւէն, էջ 31, պարբերութիւն 16-17։

Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել