Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Փետրուար 12–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 150
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Մարտ եւ Զարթի՛ր Փետրուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ ցոյց տուր թէ ի՛նչ կը պատասխանենք, եթէ տանտէրը ըսէ. «Կրօնքով հետաքրքրուած չեմ»։—Տեսնել Պատճառաբանել գիրքը, էջ 16-17։
35 վյրկ. «Եհովայի առաքինութիւնները հռչակէ»։ Ծառայութեան տեսուչը նիւթը նկատի կ’առնէ։ Քննարկութեան ընթացքին երբ յարմար է, ծանուցանէ Յիշատակատօնին ժամն ու վայրը, դաշտի ծառայութեան յաւելեալ ժողովներու կարգադրութիւնները եւ Ապրիլ ամսուան համար օժանդակ ռահվիրաներու վերաբերեալ ժողովքին դրած նպատակակէտը։
Երգեցողութիւն թիւ 212 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 19–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
20 վյրկ. «Մեծ Ուսուցիչը ընդօրինակէ՝ երբ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կը գործածես»։ Երբ 6–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, թող հրատարակիչ մը ցուցադրէ թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին 6–րդ գլուխին վերջաւորութեան գտնուող շրջանակը կը գործածէ, իր աշակերտին հետ դասը վերաքաղ ընելու համար։
20 վյրկ. ՄԱՐՏ ԱՄՍՈՒԱՆ ՄԷՋ՝ ԿՐՆԱ՞Ս ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍԿՍԻԼ։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Մարտ ամսուան առաջին կիսուն, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը պիտի ներկայացնենք, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտով։ Յունուար 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածին մէջ նշուած թելադրութիւնները վերաքաղ ըրէ, էջ 3-6։ Գործածելով էջ 6–ի թելադրութիւններէն մէկը կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացում մը, առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու կերպը ցուցադրէ։ Ներկաներէն խնդրէ որ պատմեն թէ գիրքը գործածելով ի՛նչ ուշագրաւ փորձառութիւններ ունեցած են, մանաւանդ՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելուն վերաբերեալ։
Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 26–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 95
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Մարտ եւ Զարթի՛ր Մարտ թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ, թող հրատարակիչը առեւտրական թաղամասի մէջ վկայէ։
15 վյրկ. «Անգործունեաները մի՛ մոռնար»։ Պարփակէ մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Դիտարան 1 Մայիս 2004 թիւէն, էջ 29-30, պարբերութիւն 13-16։
20 վյրկ. «Ծառայութեան մէջ Քրիստոսը ընդօրինակէ»։ Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրէ որ նշուած համարները կարդան ու անոնց մասին մեկնաբանեն։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 5–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Յիշատակատօնի մասնայատուկ հրաւիրագրէն մէկական օրինակ բաշխէ ներկաներուն եւ վերաքաղ ըրէ թաղամասին մէջ զայն բաշխելու տեղական կարգադրութիւնները։ Բոլորը քաջալերէ որ լիովին մասնակցին։ Հրաւիրագրին գործածութեան կերպը՝ ցուցադրութեամբ մը ցոյց տուր։
15 վյրկ. ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ԿԱՐԳԱՊԱՀՕՐԷՆ ՔԱՐՈԶԵԼ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գրքին վրայ, էջ 102–ի ենթագլուխէն մինչեւ գլուխին վերջաւորութիւնը։
15 վյրկ. «Մեզի գանձ մը վստահուած է»։ Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրէ որ նշուած համարներուն մասին մեկնաբանեն։
Երգեցողութիւն թիւ 129 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։