Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, մէջը ըլլալով անոնք որ Յիշատակատօնին կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուած են, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, ջանացէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Յունիսին. Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞։ Որպէս փոխընտրութիւն՝ կրնաք ներկայացնել Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը։ Յուլիսին. Արթո՛ւն կեցէք։ Երբ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ներկայացուցէք, ջանալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Օգոստոսին. Միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեցէք։ Եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուի, կը յանձնարարուի Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը սերտել, Աստուած պաշտեցէք գիրքէն առաջ։
◼ Համաշխարհային գործին ի նպաստ, նահանգային համաժողովներուն մէջ եւ մասնաճիւղին ուղարկուած՝ վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները «Դիտարան»ի անունով պէտք է ըլլան։ Մասնաճիւղին ելեւմտական հասցէն է՝ Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania, c/o Treasurer’s Office, 25 Columbia Heights, Brooklyn, NY 11201-2483։
◼ Երէցներու մարմինը պէտք է վերաքաղ ընէ 6 Յուլիս 2006 թուակիր նամակը, աղէտներու համար պատրաստուած ըլլալու առնչութեամբ, եւ վստահ պէտք է ըլլայ թէ իւրաքանչիւր հրատարակիչի ընթացիկ հասցէն ու հեռախօսի թիւերը ունի։ Աղէտի ենթակայ շրջաններուն մէջ, երէցները ստիպողական պարագայի մը առ ի պատրաստութիւն հրատարակիչներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պէտք է ունենան։ Անշուշտ, ստիպողական պարագաներէ զատ, օգտակար կ’ըլլայ եթէ հրատարակիչներ իրենց Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչը կամ ուրիշ երէց մը տեղեակ պահեն որ երկար ժամանակ ժողովքէն պիտի բացակային, օրինակ՝ արձակուրդի կամ գործի պատճառաւ պիտի ճամբորդեն, հիւանդանոց պիտի մտնեն, եւայլն։