Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Մայիս 14–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Յունիս եւ Զարթի՛ր Մայիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։
20 վյրկ. ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԻԼ՝ ՏԵՂԱԿԱՆՕՐԷՆ ՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գիրքին վրայ, գլուխ 12։
15 վյրկ. «Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը»։ Ժամանակին ներած չափով՝ ներկաներէն խնդրէ որ նշուած համարներուն մասին մեկնաբանեն։
Երգեցողութիւն թիւ 47 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 21–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ «Հարցումի տուփ»ը նկատի առ։
15 վյրկ. ԿՐՆԱ՛Ս ՕՏԱՐ ԼԵԶՈՒ ՄԸ ՍՈՐՎԻԼ։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Զարթի՛ր Մարտ 2007 թիւին վրայ, էջ 10-12։ Բարի լուրը քարոզելու նպատակաւ օտար լեզու մը սորվելուն արժէքը ցցուն ըրէ։
20 վյրկ. «Աստուծոյ Խօսքը կը ջատագովե՞ս»։ Պարփակէ մեկնաբանութիւններ, հիմնուած՝ Ծառայութեան Դպրոց գրքին 143-144–րդ էջերուն շրջանակներուն վրայ։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 28–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 46
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Մայիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Յունիս եւ Զարթի՛ր Յունիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։
20 վյրկ. ՅՈՒՆԻՍԻՆ՝ ՍՏԵՂԾԻՉ ԿԱՄ ԸՆՏԱՆԻՔ ԳԻՐՔԸ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆՔ։ Այս գրքերուն կարգ մը յատկանշական երեսակները նշէ եւ ցուցադրէ իւրաքանչիւր գիրքը ներկայացնելու կերպը, գործածելով տեղական թաղամասին մէջ գործնական եղող ներկայացումներ։ Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրէ որ պատմեն թէ այս հրատարակութիւնները ծանօթներու կամ ընտանիքի անդամներու ներկայացնելով ի՛նչ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած են։
15 վյրկ. ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ։ Պատմէ օժանդակ ռահվիրաներու եւ այլ հրատարակիչներու վայելած փորձառութիւնները, որոնք ջանացին իրենց գործունէութիւնը աւելցնել Մարտ, Ապրիլ ու Մայիս ամիսներուն ընթացքին։ Նաեւ պատմէ անոնց փորձառութիւնները, որոնք պարբերաթերթեր տեղաւորելէ ետք՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակաւ վերայցելեցին։ Կարելի է մէկ կամ երկու ուշագրաւ փորձառութիւններ խաղարկել։
Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 4–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 34
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Զաւակներուդ սորվեցուր Եհովան փառաբանել»։ Երբ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, պարփակէ կէտեր՝ Յուլիս 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն, էջ 3։
Երգեցողութիւն թիւ 10 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։