Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Յուլիս 9–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Օգոստոս եւ Զարթի՛ր Յուլիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։
15 վյրկ. Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ԻՍԿԱԿԱՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԲԵՐԷ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Յունիս 2006 թիւին վրայ, էջ 15, պարբերութիւն 11-12։ Հակիրճ տեսակցութիւն ունեցիր մէկու մը հետ, որ ընտրած է իր կեանքը կեդրոնացնել ծառայութեան վրայ, փոխանակ հաճոյք կամ աշխարհիկ ասպարէզ մը հետապնդելու։ Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ ան հոգեւոր նպատակակէտեր հետապնդէ։ Ասիկա ի՞նչպէս երջանկութիւն պատճառած է։
20 վյրկ. Հարցումի տուփ։ Նիւթը թող նկատի առնուի երէցի մը կողմէ։ Կարդա՛ ու քննարկէ՛ լման յօդուածը։ Պարփակէ կէտեր, առնուած՝ Զարթի՛ր 22 Մայիս 2005 թիւէն, էջ 13-14, «Խաբէութեան եւ ծածկամտութեան վտանգները» եւ «Ընտրել ի՛նչ որ իրական է եւ ո՛չ թէ ենթադրական» ենթագլուխներուն ներքեւ։
Երգեցողութիւն թիւ 47 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 16–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 57
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
20 վյրկ. ԺՈՂՈՎՔԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գրքին վրայ, էջ 144–էն մինչեւ էջ 150–ի ենթագլուխը։
15 վյրկ. «Հետաքրքրաշարժ փոփոխութիւններ՝ Դիտարան–ին համար»։a
Երգեցողութիւն թիւ 212 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 23–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 95
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Օգոստոս եւ Զարթի՛ր Օգոստոս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։
20 վյրկ. ԶԻՐԱՐ ՀԻՒՐԱՍԻՐԵՑԷՔ։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Յունուար 2005 թիւին վրայ, էջ 21-23 (Անգլ.)։ Պարփակէ հակիրճ տեսակցութիւն մը, մէկ կամ երկու հրատարակիչներու հետ, որոնք ճանչցուած են որպէս հիւրասէր անհատներ։ Անոնք ի՞նչպէս ջանացած են հիւրասէր ըլլալ։ Ասոր ի տես, անոնք եւ իրենց ընտանիքները ի՞նչ օրհնութիւններ վայելած են։
15 վյրկ. ԱԶԴՈՒ ԲԱՑՈՒՄՆԵՐ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Պատճառաբանել գրքին վրայ, էջ 9, պարբերութիւն 1-2։ Պարփակէ երկու ցուցադրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան Օգոստոսի ընթացքին մեր հրատարակութիւնները ներկայացնելու կերպը։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 30–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 204
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Յուլիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։
15 վյրկ. ԱՆՁՆԱԶՈՀՈՒԹԻՒՆԸ ԵՀՈՎԱՅԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԵՐԷ։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Նոյեմբեր 2005 թիւին վրայ, էջ 8-9 (Անգլ.)։
20 վյրկ. «Երանելի է այն մարդը, որ փորձութեան կը համբերէ»։b Երբ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, ներկաներէն խնդրէ որ պատմեն թէ զօրաւոր հաւատքը ի՛նչպէս իրենց օգնած է, երբ անակնկալ փորձութիւններ ծագած են։ Կարելի է մէկ կամ երկու մեկնաբանութիւններ կանխաւ պատրաստել։
Երգեցողութիւն թիւ 13 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 6–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 59
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Ինչո՛ւ կրկին անգամ կը վերադառնանք»։c Երբ 5–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, ներկաներէն խնդրէ որ խօսին թէ ի՛նչ բան պատճառ եղած է որ ճշմարտութեամբ հետաքրքրուին, մինչ նախապէս կը հակառակէին կամ հետաքրքրուած չէին։
Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։