Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Հետեւեալ վերաքաղի հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, Հոկտեմբեր 29–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 3 Սեպտեմբերէն մինչեւ 29 Հոկտեմբեր 2007 շաբաթներուն նշանակումները։
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Կրկնումը ինչո՞ւ ուսուցման կարեւոր հմտութիւն մըն է։ [կօ էջ 206 պարբ. 1-2, շրջանակ]
2. Ի՞նչ կերպերով կրնանք դասախօսութեան մը բնաբանը աչքառու դարձնել։ [կօ էջ 210, շրջանակ]
3. Դասախօսութեան մը գլխաւոր կէտերը ի՞նչ են, եւ ի՞նչ բանի հիման վրայ կ’ընտրենք զանոնք։ [կօ էջ 212 պարբ. 1-3]
4. Դասախօսութեան մը մէջ ինչո՞ւ գլխաւոր կէտերը շատ պէտք չէ ըլլան։ [կօ էջ 213 պարբ. 2-4]
5. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մեր բացումը հետաքրքրութիւն արթնցնէ, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ [կօ էջ 215 պարբ. 1. էջ 216 պարբ. 1-3, շրջանակ]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Սաղմոս 119։89, 90–ն ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի ըմբռնելու թէ կրնանք Աստուծոյ խօսքին վստահիլ։ [դ05 5/1 էջ 11 պարբ. 3]
7. Եզեկիէլի գիրքը ի՞նչ կը շեշտէ, եւ ի՞նչպէս պիտի օրհնուին անոնք որ ներկայիս իրենց կեանքին մէջ Եհովան կը սրբացնեն։ [si էջ 137 պարբ. 33]
8. «Տէրոջը խօսքերը» ի՞նչպէս կրնան մեր սիրտը պահպանել։ (Սաղմ. 18։30) [w05 9/1 էջ 30 պարբ. 2]
9. Թագաւորութեան յոյսը ի՞նչպէս շեշտուած է ամբողջ Դանիէլի գիրքին մէջ։ [si էջ 142 պարբ. 23]
10. Ովսէէի գիրքը ի՞նչպէս Եհովայի ներշնչեալ մարգարէութիւններուն հանդէպ մեր հաւատքը կը զօրացնէ։ [si էջ 145 պարբ. 14]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ տաճարին չափուիլը ի՞նչ նշանակեց, եւ ներկայիս ասիկա մեզի ի՞նչ երաշխիք կու տայ։ (Եզեկ. 40։2-5) [դ99 3/1 էջ 19 պարբ. 6. էջ 24 պարբ. 7]
12. Եզեկիէլի տեսիլքին վերջնական կատարման մէջ, «իշխան»ը ո՞վ է։ (Եզեկ. 48։21) [դ99 3/1 էջ 25-26 պարբ. 13-15. էջ 31-32 պարբ. 19-20]
13. Դանիէլ 2։21–ի իմաստը ի՞նչ է։ [դ98 10/1 էջ 10 պարբ. 9]
14. Ի՞նչ բան Դանիէլը Եհովայի աչքին «սիրելի» դարձուց։ (Դան. 9։23) [դմ էջ 185 պարբ. 12. դ04 8/1 էջ 26 պարբ. 17]
15. Ի՞նչ առումով Իսրայէլի ‘երկրին վրայ Աստուծոյ գիտութիւնը չկար’, եւ այս խօսքերը ի՞նչպէս պէտք է ազդեն մեզի։ (Ովս. 4։1, 2, 6) [դ05 12/1 էջ 12 պարբ. 21. jd էջ 57-58 պարբ. 5. էջ 61 պարբ. 10]