2008–Ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր
ՀՐԱՀԱՆԳՆԵՐ
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը 2008–ի ընթացքին՝ հետեւեալ կարգադրութիւններուն համաձայն պիտի վարուի։
ՆԻՒԹԵՐՈՒՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԸ. Աստուածաշունչ, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք [կօ], «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է» (1990–ի հրատարակութիւն) [si] եւ Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանել (1989–ի հրատարակութիւն) [rs]։
Դպրոցը ՃԻՇԴ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ պէտք է սկսի երգեցողութեամբ, աղօթքով եւ բարի գալուստ մաղթելով, ապա պիտի վարուի ինչպէս ստորեւ ուրուագծուած է։ Իւրաքանչիւր բաժինէ ետք, դպրոցի տեսուչը ուշադրութիւն պիտի հրաւիրէ յաջորդ բաժինին վրայ։
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆ. 5 վայրկեան։ Դպրոցի տեսուչը, օժանդակ խրատատուն կամ ուրիշ որակեալ երէց մը պիտի քննարկէ խօսակցութեան յատկութիւն մը, հիմնուած՝ Ծառայութեան Դպրոց դասագիրքին վրայ։ (Քիչ երէցներ ունեցող ժողովքին մէջ, որակեալ օգնական ծառաներ կրնան գործածուիլ։)
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 10 վայրկեան։ Ասիկա պէտք է ներկայացուի որակեալ երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը կողմէ, եւ հիմնուած պիտի ըլլայ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք գիրքին կամ «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է» գիրքին վրայ։ Նիւթը պիտի ներկայացուի որպէս 10 վայրկեան տեւող հրահանգիչ ուղերձ։ Նպատակը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն նիւթը ծածկել, այլ՝ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել բացատրուած տեղեկութիւններուն գործնական արժէքին վրայ, ցցուն ընելով ի՛նչ որ ժողովքին մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ։ Ցոյց տրուած բնաբանը պէտք է գործածել։ Այն եղբայրները որոնց նշանակուած է այս դասախօսութիւնը, ուշադիր պէտք է ըլլան որ որոշուած ժամանակին սահմանին մէջ մնան։ Եթէ անհրաժեշտ է, առանձնաբար կարելի է խրատ տալ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԱՉՔԱՌՈՒ ԿԷՏԵՐ. 10 վայրկեան։ Առաջին հինգ վայրկեանը, որակեալ երէց մը կամ օգնական ծառայ մը ժողովքին օգտակար եղող կէտեր պիտի նշէ։ Ան կրնայ նշանակուած ընթերցանութեան որեւէ հատուածի մասին մեկնաբանել։ Ասիկա պարզապէս գլուխներուն ամփոփումը պէտք չէ ըլլայ։ Գլխաւոր նպատակն է ունկնդիրներուն օգնել որ գնահատեն թէ տեղեկութիւնները ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս արժէք ունին։ Դասախօսը ուշադիր պէտք է ըլլայ որ հինգ վայրկեանէ աւելի չգործածէ եւ ներկաներուն մասնակցութեան համար հինգ վայրկեան տրամադրէ։ Ներկաները համառօտ մեկնաբանութիւններ պիտի ներկայացնեն (30 երկվայրկեան կամ նուազ), Աստուածաշունչի ընթերցանութեան մէջ իրենց գնահատած կէտերուն եւ անոնց օգուտներուն մասին։ Ապա դպրոցի տեսուչը պիտի արձակէ այն աշակերտները, որոնք այլ դասարաններու նշանակուած են։
ԹԻՒ 2 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 4 վայրկեան կամ նուազ։ Ասիկա եղբօր մը կողմէ ներկայացուելիք ընթերցում է։ Աշակերտը նշանակուած նիւթը պիտի կարդայ, առանց բացում կամ եզրափակութիւն ընելու։ Դպրոցի տեսուչը մասնաւորաբար պիտի օգնէ աշակերտներուն որ կարդան հասկնալով, սահունութեամբ, պատշաճ իմաստի շեշտով, ձայնի ելեւէջով, յարմար դադարով եւ բնականութեամբ։
ԹԻՒ 3 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 5 վայրկեան։ Ասիկա քրոջ մը պիտի նշանակուի։ Ծառայութեան Դպրոց դասագիրքին 82–րդ էջի ցանկէն մատուցման կերպ մը կա՛մ աշակերտուհիին պիտի նշանակուի եւ կամ ինք պիտի ընտրէ։ Աշակերտուհին նշանակուած բնաբանը պէտք է գործածէ եւ զայն կիրարկէ դաշտի ծառայութեան այն երեսակին, որ տեղական թաղամասին համար գործնական է։ Երբ նիւթին աղբիւր մը չէ տրուած, աշակերտուհին տեղեկութիւններ պիտի հաւաքէ, մեր հրատարակութիւնները պրպտելով։ Նորեկ աշակերտուհիներուն պիտի նշանակուին աղբիւր ունեցող բաժիններ։ Դպրոցի տեսուչը յատկապէս նկատի պիտի առնէ այն կերպը, որով աշակերտուհին բնաբանը կը զարգացնէ ու տանտիրուհիին կ’օգնէ որ Սուրբ Գրութիւններուն հիման վրայ պատճառաբանէ եւ նիւթին գլխաւոր կէտերը հասկնայ։ Դպրոցի տեսուչը մէկ օգնական պիտի նշանակէ։
ԹԻՒ 4 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 5 վայրկեան։ Աշակերտը նշանակուած բնաբանը պէտք է զարգացնէ։ Երբ նիւթին աղբիւր մը չէ տրուած, աշակերտը տեղեկութիւններ պիտի հաւաքէ, մեր հրատարակութիւնները պրպտելով։ Երբ եղբօր մը նշանակուի, նիւթը պիտի տրուի որպէս Թագաւորութեան Սրահին մէջ գտնուող ունկնդիրներուն ուղղուած դասախօսութիւն։ Իսկ երբ քրոջ մը նշանակուի, նիւթը միշտ պէտք է ներկայացուի Թիւ 3 Նշանակումի մեթոտով։ Դպրոցի տեսուչը կրնայ Թիւ 4 Նշանակումը եղբօր մը տալ, երբ յարմար տեսնէ։ Բայց հաճեցէք նկատի առնել թէ այն նիւթերը որոնց քով աստղանիշ կայ, միշտ եղբայրներու պէտք է նշանակուին, որպէս դասախօսութիւն ներկայացուելու համար։ Եթէ ժողովքին մէջ շատ երէցներ եւ օգնական ծառաներ կան, նախընտրելի է որ աստղանիշ ունեցող նիւթը երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը նշանակուի։
ԽՐԱՏՆԵՐ. 1 վայրկեան։ Դպրոցի տեսուչը նախապէս պիտի չյայտարարէ աշակերտին աշխատելիք խօսակցութեան յատկութիւնը։ Թիւ 2, 3 եւ 4 Նշանակումներէն ետք, դպրոցի տեսուչը պիտի խօսի դասախօսութեան գովելի մէկ երեսակին մասին։ Անոր նպատակը չէ պարզապէս ըսել՝ «լաւ էր», այլ՝ ուշադրութեան յանձնել մասնայատուկ պատճառներ թէ ինչո՛ւ ներկայացման այդ երեսակը ազդու էր։ Իւրաքանչիւր աշակերտի կարիքին համաձայն, առանձնաբար յաւելեալ շինիչ խրատ կարելի է տալ ժողովէն ետք կամ ուրիշ ատեն։
ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐՈՒՄ. Դասախօսութիւններն ու խրատատուին նշմարները յաւելեալ ժամանակ պէտք չէ առնեն։ Թիւ 2, 3 եւ 4 Նշանակումները փափկանկատօրէն պէտք է դադրեցնել, երբ ժամանակը վերջանայ։ Առանձնաբար խրատ պէտք է տրուի այն եղբայրներուն, որոնք յաւելեալ ժամանակ կ’առնեն, երբ կը ներկայացնեն խօսակցութեան յատկութեան մը մասին բացման դասախօսութիւնը, Թիւ 1 Նշանակումը կամ Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն աչքառու կէտերը։ Բոլորն ալ իրենց ժամանակը բծախնդրաբար պէտք է յարգեն։ Ամբողջ յայտագիրը 45 վայրկեան է, երգեցողութենէն ու աղօթքէն զատ։
ԽՐԱՏԻ ԹՂԹԻԿ. Դասագիրքին մէջ։
ՕԺԱՆԴԱԿ ԽՐԱՏԱՏՈՒ. Երէցներու մարմինը կրնայ ատակ երէց մը ընտրել որպէս օժանդակ խրատատու, եթէ դպրոցի տեսուչէն զատ ուրիշ մը մատչելի է։ Եթէ ժողովքը բաւարար երէցներ ունի, ամէն տարի որակեալ տարբեր երէց մը կրնայ այս նշանակումին հոգ տանիլ։ Օժանդակ խրատատուին պատասխանատուութիւնը պիտի ըլլայ՝ առանձնաբար խրատ տալ Թիւ 1 Նշանակում եւ Աստուածաշունչէն աչքառու կէտեր ներկայացնող եղբայրներուն, եթէ հարկ ըլլայ։ Պայման չէ որ ան խրատ տայ ամէն անգամ որ երէց մը կամ օգնական ծառայ մը այդ բաժինները ներկայացնէ։
ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՎԵՐԱՔԱՂ. 30 վայրկեան։ Երկու ամիսը անգամ մը, դպրոցի տեսուչը վերաքաղ մը պիտի վարէ։ Նախ նկատի պիտի առնուին խօսակցութեան յատկութիւն մը եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն աչքառու կէտեր, ինչպէս վերը ուրուագծուած է։ Վերաքաղը հիմնուած պիտի ըլլայ նախորդ երկու ամսուան ընթացքին դպրոցին մէջ քննարկուած նիւթերուն վրայ, ի ներառեալ ընթացիկ շաբաթը։ Եթէ ժողովքը Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի վերաքաղին շաբաթը շրջանային համաժողով ունենայ, վերաքաղը (եւ մնացեալ յայտագիրը) յաջորդ շաբթուան յետաձգեցէք, իսկ յաջորդ շաբթուան յայտագիրը համաժողովի շաբթուան ընթացքին գործածեցէք։ Եթէ վերաքաղը զուգադիպի շրջանային տեսուչին այցելութեան, այն ատեն երգեցողութիւնը, խօսակցութեան յատկութիւնը եւ Աստուածաշունչէն աչքառու կէտերը, յայտագրին համաձայն պէտք է ներկայացուին։ Հրահանգիչ ուղերձը (որ խօսակցութեան յատկութենէն ետք կը ներկայացուի) յաջորդ շաբթուան յայտագրէն պէտք է առնուի։ Իսկ յաջորդ շաբթուան Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը հետեւեալ կերպով պիտի վարուի. նախ խօսակցութեան յատկութեան դասախօսութիւնը եւ Աստուածաշունչէն աչքառու կէտերը յայտագրին համաձայն, ապա վերաքաղը։
Յայտագիր
Յնր. 7 Աստ. ընթ. Մատթէոս 1-6 Երգեցողութիւն 152
Խօսակցութեան յատկութիւն. Հարկ եղած բացատրութիւնը տալ (կօ էջ 228 պարբ. 2-3)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Մատթէոսի Աւետարանին մասին (si էջ 175-177 պարբ. 1-10)
Թիւ 2. Մատթէոս 5։1-20
Թիւ 3. Մարդիկ ինչո՞ւ կը մեռնին (rs էջ 98-99 պարբ. 6 [էջ 368-369 պարբ. 7, Արաբ.])
Թիւ 4. Աստուծոյ սուրբ հոգին ի՛նչ կերպերով մեզի կ’օգնէ
Յնր. 14 Աստ. ընթ. Մատթէոս 7-11 Երգեցողութիւն 46
Խօսակցութեան յատկութիւն. Սիրտը ի՛նչպէս պարփակուած է (կօ էջ 228 պարբ. 4–էջ 229 պարբ. 1)
Թիւ 1. Աստուծոյ Խօսքէն հաճոյք առէք (կօ էջ 9 պարբ. 1-5)
Թիւ 2. Մատթէոս 10։1-23
Թիւ 3. Պարկեշտ ըլլալը ինչո՛ւ վարձահատոյց է
Թիւ 4. Մեռելները ո՞ւր են եւ անոնց վիճակը ի՞նչ է (rs էջ 99 պարբ. 7–էջ 101 պարբ. 4 [էջ 370 պարբ. 1–էջ 371 պարբ. 6, Արաբ.])
Յնր. 21 Աստ. ընթ. Մատթէոս 12-15 Երգեցողութիւն 102
Խօսակցութեան յատկութիւն. Ունկնդիրներուն համար տեղեկատու (կօ էջ 230 պարբ. 1-6)
Թիւ 1. Աստուածաշունչը կարդացէք ամէ՛ն օր (կօ էջ 10 պարբ. 1–էջ 12 պարբ. 4)
Թիւ 2. Մատթէոս 14։1-22
Թիւ 3. Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ սուգի աւանդական սովորութիւններուն չեն մասնակցիր (rs էջ 102 պարբ. 1–էջ 103 պարբ. 2 [էջ 372 պարբ. 1–էջ 373 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Նեռը ո՞վ է
Յնր. 28 Աստ. ընթ. Մատթէոս 16-21 Երգեցողութիւն 63
Խօսակցութեան յատկութիւն. Պրպտում ընելով դասախօսութիւնը տեղեկատու դարձնել (կօ էջ 231 պարբ. 1-3)
Թիւ 1. «Նայեցէք թէ ի՛նչպէս կը լսէք» (կօ էջ 13 պարբ. 1–էջ 14 պարբ. 5)
Թիւ 2. Մատթէոս 17։1-20
Թիւ 3. Մահուան վերաբերեալ սխալ տեսակէտներու պատասխանել (rs էջ 103 պարբ. 3–էջ 104 պարբ. 1 [էջ 373 պարբ. 3–էջ 374 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Բաներ՝ զորս Քրիստոնեաները սրբազան կը նկատեն
Փետր. 4 Աստ. ընթ. Մատթէոս 22-25 Երգեցողութիւն 222
Խօսակցութեան յատկութիւն. Համարները բացատրել (կօ էջ 231 պարբ. 4-5)
Թիւ 1. Ժողովներուն ու համաժողովներուն մէջ մտիկ ընել (կօ էջ 15 պարբ. 1–էջ 16 պարբ. 5)
Թիւ 2. Մատթէոս 23։1-24
Թիւ 3. Յաւիտենական կեանքը ձանձրացուցիչ պիտի չըլլայ
Թիւ 4. Երազներ՝ ներշնչուած եւ այլ (rs էջ 104-106 պարբ. 3 [էջ 29-31 պարբ. 5, Արաբ.])
Փետր. 11 Աստ. ընթ. Մատթէոս 26-28 Երգեցողութիւն 59
Խօսակցութեան յատկութիւն. Արտայայտութիւններուն իմաստը բացատրել (կօ էջ 232 պարբ. 1)
Թիւ 1. Մատթէոսի Աւետարանը ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 180-181 պարբ. 29-33)
Թիւ 2. Մատթէոս 27։1-22
Թիւ 3. Հաւատք ունենալը ինչո՛ւ միայն Աստուծոյ գոյութեան հաւատալ չէ
Թիւ 4. Քրիստոնեաներուն համար թմրեցուցիչները ե՛րբ արգիլուած են (rs էջ 106-108 պարբ. 1 [էջ 340-341 պարբ. 3, Արաբ.])
Փետր. 18 Աստ. ընթ. Մարկոս 1-4 Երգեցողութիւն 27
Խօսակցութեան յատկութիւն. Համարները վերլուծել (կօ էջ 232 պարբ. 2-4)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Մարկոսի Աւետարանին մասին (si էջ 181-183 պարբ. 1-11)
Թիւ 2. Մարկոս 2։1-17
Թիւ 3. Քրիստոնեաները ինչո՛ւ մարիխուանայէն կը խուսափին (rs էջ 108 պարբ. 2–էջ 109 պարբ. 2 [էջ 342-343 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Սէրը ի՛նչպէս կ’ամրացնէ քաջութիւնը
Փետր. 25 Աստ. ընթ. Մարկոս 5-8 Երգեցողութիւն 113
Խօսակցութեան յատկութիւն. Ունկնդիրներուն օգտակար եղող տեղեկութիւններ ընտրել (կօ էջ 233 պարբ. 1-5)
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի վերաքաղ
Մարտ 3 Աստ. ընթ. Մարկոս 9-12 Երգեցողութիւն 195
Խօսակցութեան յատկութիւն. Նշանակուած նիւթի գործածութիւն (կօ էջ 234 պարբ. 1–էջ 235 պարբ. 3)
Թիւ 1. Կրնաք ձեր յիշողութիւնը բարելաւել (կօ էջ 17 պարբ. 1–էջ 19 պարբ. 1)
Թիւ 2. Մարկոս 11։1-18
Թիւ 3. Աստուած ինչո՛ւ չի կրնար ստել
Թիւ 4. Քրիստոնեաները ինչո՛ւ ծխախոտէն կը խուսափին (rs էջ 109 պարբ. 3–էջ 111 պարբ. 3 [էջ 343 պարբ. 2–էջ 345 պարբ. 1, Արաբ.])
Մարտ 10 Աստ. ընթ. Մարկոս 13-16 Երգեցողութիւն 47
Խօսակցութեան յատկութիւն. Հարցումներու ազդու գործածութիւն (կօ էջ 236 պարբ. 1-5)
Թիւ 1. Մարկոսի Աւետարանը ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 186 պարբ. 31-33)
Թիւ 2. Մարկոս 14։1-21
Թիւ 3. Ի՞նչպէս սխալ սովորութիւնները յաղթահարել (rs էջ 111 պարբ. 4–էջ 112 պարբ. 3 [էջ 345 պարբ. 2–էջ 346 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Ինչո՛ւ «մարդուն բարկութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը չի կատարեր» (Յակ. 1։20)
Մարտ 17 Աստ. ընթ. Ղուկաս 1-3 Երգեցողութիւն 13
Խօսակցութեան յատկութիւն. Հարցումներ՝ կարեւոր գաղափարներ ներկայացնելու համար (կօ էջ 237 պարբ. 1-2)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Ղուկասի Աւետարանին մասին (si էջ 187-188 պարբ. 1-9)
Թիւ 2. Ղուկաս 1։1-23
Թիւ 3. Ինչո՛ւ «հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Յակ. 2։20)
Թիւ 4. Ազգերը պիտի չկարենան խափանել երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը (rs էջ 112-113 պարբ. 5 [էջ 35 պարբ. 1-6, Արաբ.])
Մարտ 24 Աստ. ընթ. Ղուկաս 4-6 Երգեցողութիւն 85
Խօսակցութեան յատկութիւն. Հարցումներ՝ նիւթի մը շուրջ պատճառաբանելու համար (կօ էջ 237 պարբ. 3–էջ 238 պարբ. 2)
Թիւ 1. Աստուծոյ հոգիին դերը յիշելու մէջ (կօ էջ 19 պարբ. 2–էջ 20 պարբ. 3)
Թիւ 2. Ղուկաս 4։1-21
Թիւ 3. Եհովա երկիրը կրակով պիտի կործանէ՞ (rs էջ 113 պարբ. 6–էջ 115 պարբ. 1 [էջ 36 պարբ. 1–էջ 37 պարբ. 3, Արաբ.])
Թիւ 4. Աստուծոյ վախը կրնայ մեզ մեղանչելէ ետ պահել
Մարտ 31 Աստ. ընթ. Ղուկաս 7-9 Երգեցողութիւն 212
Խօսակցութեան յատկութիւն. Հարցումներ՝ ներքին զգացումներ դրսեւորելու համար (կօ էջ 238 պարբ. 3-5)
Թիւ 1. Ինչո՞ւ կարդալու հետամուտ ըլլալ (կօ էջ 21 պարբ. 1–էջ 23 պարբ. 3)
Թիւ 2. Ղուկաս 7։1-17
Թիւ 3. Ապացոյցներ թէ Աստուած մեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ երջանիկ ըլլանք
Թիւ 4. Նոր Երուսաղէմի անդամները ամբարիշտներուն կործանումէն ետք երկիր պիտի չվերադառնան (rs էջ 115 պարբ. 2–էջ 116 պարբ. 1 [էջ 37 պարբ. 4–էջ 38 պարբ. 1, Արաբ.])
Ապրիլ 7 Աստ. ընթ. Ղուկաս 10-12 Երգեցողութիւն 33
Խօսակցութեան յատկութիւն. Հարցումներ՝ աւելի շեշտելու համար (կօ էջ 239 պարբ. 1-2)
Թիւ 1. Ի՛նչպէս կարդալու հետամուտ ըլլալ (կօ էջ 23 պարբ. 4–էջ 26 պարբ. 5)
Թիւ 2. Ղուկաս 11։37-54
Թիւ 3. Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը փոխուա՞ծ է (rs էջ 116 պարբ. 2–էջ 117 պարբ. 2 [էջ 38 պարբ. 2–էջ 39 պարբ. 3, Արաբ.])
Թիւ 4. Յայտնութիւն 17։17–ի նշանակութիւնը ի՞նչ է
Ապրիլ 14 Աստ. ընթ. Ղուկաս 13-17 Երգեցողութիւն 127
Խօսակցութեան յատկութիւն. Հարցումներ՝ սխալ մտածմունքը քօղազերծելու համար (կօ էջ 239 պարբ. 3-5)
Թիւ 1. Ի՛նչպէս ուսումնասիրել (կօ էջ 27 պարբ. 1–էջ 31 պարբ. 2)
Թիւ 2. Ղուկաս 16։1-15
Թիւ 3. Ճռաքաղութեան վերաբերեալ Աստուծոյ օրէնքը մեզի ի՛նչ կը սորվեցնէ (Ղեւտ. 19։9, 10)
Թիւ 4. Ի՞նչպէս կրնանք հիւանդները քաջալերել (rs էջ 117-118 պարբ. 1 [էջ 105 պարբ. 1-4, Արաբ.])
Ապրիլ 21 Աստ. ընթ. Ղուկաս 18-21 Երգեցողութիւն 114
Խօսակցութեան յատկութիւն. Ուսուցանող նմանութիւններ ու փոխաբերութիւններ (կօ էջ 240 պարբ. 1–էջ 241 պարբ. 1)
Թիւ 1. Ղուկասի Աւետարանը ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 192-193 պարբ. 30-35)
Թիւ 2. Ղուկաս 18։1-17
Թիւ 3. Ի՛նչպէս կրնանք սգաւորները քաջալերել (rs էջ 118 պարբ. 2-6 [էջ 105 պարբ. 5–էջ 106 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Ի՛նչ կը նշանակէ ‘ամէն բան առանց տրտունջներու ընել’ (Փիլ. 2։14)
Ապրիլ 28 Աստ. ընթ. Ղուկաս 22-24 Երգեցողութիւն 34
Խօսակցութեան յատկութիւն. Օրինակներ գործածել (կօ էջ 241 պարբ. 2-4)
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի վերաքաղ
Մայիս 5 Աստ. ընթ. Յովհաննէս 1-4 Երգեցողութիւն 27
Խօսակցութեան յատկութիւն. Աստուածաշնչական օրինակներ (կօ էջ 242 պարբ. 1-2)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Յովհաննէսի Աւետարանին մասին (si էջ 193-195 պարբ. 1-9)
Թիւ 2. Յովհաննէս 3։1-21
Թիւ 3. Մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Դաւիթի մերժումը որ Սաւուղ թագաւորը սպաննէ
Թիւ 4. Քաջալերութիւն անոնց՝ որոնք Աստուծոյ կամքը կատարելու համար կը հալածուին (rs էջ 118 պարբ. 7–էջ 119 պարբ. 4 [էջ 106 պարբ. 3-8, Արաբ.])
Մայիս 12 Աստ. ընթ. Յովհաննէս 5-7 Երգեցողութիւն 150
Խօսակցութեան յատկութիւն. Անիկա հասկնալի պիտի ըլլա՞յ (կօ էջ 242 պարբ. 3–էջ 243 պարբ. 1)
Թիւ 1. Ուսումնասիրելը վարձահատոյց է (կօ էջ 31 պարբ. 3–էջ 32 պարբ. 4)
Թիւ 2. Յովհաննէս 6։1-21
Թիւ 3. Անանիայի ու Սափիրայի պատմութիւնը մեզի ի՛նչ կը սորվեցնէ
Թիւ 4. Անիրաւութեան պատճառաւ վհատած անհատները ի՞նչպէս քաջալերել (rs էջ 119 պարբ. 5–էջ 120 պարբ. 2 [էջ 107 պարբ. 1-4, Արաբ.])
Մայիս 19 Աստ. ընթ. Յովհաննէս 8-11 Երգեցողութիւն 102
Խօսակցութեան յատկութիւն. Ծանօթ վիճակներէ օրինակներ (կօ էջ 244 պարբ. 1-2)
Թիւ 1. Ի՛նչպէս պրպտում կատարել Աստուածաշունչով (կօ էջ 33 պարբ. 1–էջ 35 պարբ. 2)
Թիւ 2. Յովհաննէս 11։38-57
Թիւ 3. Տնտեսական խնդիրներով ճնշուած անհատները ի՞նչպէս քաջալերել (rs էջ 120 պարբ. 3-7 [էջ 107 պարբ. 5-9, Արաբ.])
Թիւ 4. Տասներորդ պատուիրանը ինչո՞ւ տրուեցաւ, թէեւ կարելի չէր պարտադրել զայն
Մայիս 26 Աստ. ընթ. Յովհաննէս 12-16 Երգեցողութիւն 222
Խօսակցութեան յատկութիւն. Ունկնդիրներուն յարմար եղող օրինակներ (կօ էջ 244 պարբ. 3–էջ 245 պարբ. 4)
Թիւ 1. Պրպտումի ուրիշ գործիքներ գործածել սորվիլ (կօ էջ 35 պարբ. 3–էջ 38 պարբ. 4)
Թիւ 2. Յովհաննէս 12։1-19
Թիւ 3. Թերութիւններու պատճառաւ վհատած անհատները քաջալերել (rs էջ 120 պարբ. 8–էջ 121 պարբ. 3 [էջ 108 պարբ. 1-4, Արաբ.])
Թիւ 4. Մեր հոգը ի՛նչպէս Եհովայի վրայ կը ձգենք (Սաղմ. 55։22)
Յունիս 2 Աստ. ընթ. Յովհաննէս 17-21 Երգեցողութիւն 113
Խօսակցութեան յատկութիւն. Օժանդակ պիտոյքներու ազդու գործածութիւն (կօ էջ 247 պարբ. 1-2)
Թիւ 1. Յովհաննէսի Աւետարանը ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 198-199 պարբ. 30-35)
Թիւ 2. Յովհաննէս 21։1-14
Թիւ 3. Ինչո՞ւ հաւատալ Աստուծոյ, զոր չենք տեսներ
Թիւ 4. Բարեշրջութիւնը՝ գիտական երկսայրաբանութիւն մը (rs էջ 121-123 պարբ. 1 [էջ 108-110 պարբ. 2, Արաբ.])
Յունիս 9 Աստ. ընթ. Գործք 1-4 Երգեցողութիւն 77
Խօսակցութեան յատկութիւն. Յիսուս ի՛նչպէս օժանդակ պիտոյքներ գործածեց (կօ էջ 247 պարբ. 3)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Գործք գրքին մասին (si էջ 199-200 պարբ. 1-8)
Թիւ 2. Գործք 1։1-14
Թիւ 3. Բարեշրջութիւնը, բրածոներու արձանագրութիւնը եւ բանաւորութիւնը (rs էջ 123 պարբ. 2–էջ 126 պարբ. 2 [էջ 110 պարբ. 3–էջ 113 պարբ. 4, Արաբ.])
Թիւ 4. «Համարձակութիւնը» ի՞նչ կը պարփակէ (Եբր. 3։6)
Յունիս 16 Աստ. ընթ. Գործք 5-7 Երգեցողութիւն 34
Խօսակցութեան յատկութիւն. Օժանդակ պիտոյքներ գործածելու կերպեր (կօ էջ 248 պարբ. 1-3)
Թիւ 1. Ուրուագիծ պատրաստել (կօ էջ 39-42)
Թիւ 2. Գործք 5։1-16
Թիւ 3. Բարեշրջականներու պնդումներուն պատասխանել (rs էջ 126 պարբ. 3–էջ 128 պարբ. 3 [էջ 113 պարբ. 5–էջ 116 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Ինչո՞ւ իմաստութեան սկիզբը Եհովայի վախն է (Սաղմ. 111։10)
Յունիս 23 Աստ. ընթ. Գործք 8-10 Երգեցողութիւն 85
Խօսակցութեան յատկութիւն. Քարտէս, համաժողովի տպուած յայտագիր եւ տեսաերիզ գործածել (կօ էջ 248 պարբ. 4–էջ 249 պարբ. 2)
Թիւ 1. Աշակերտական բաժիններուն պատրաստութիւնը (կօ էջ 43 պարբ. 1–էջ 44 պարբ. 3)
Թիւ 2. Գործք 8։1-17
Թիւ 3. Յիսուս ի՛նչպէս «աղքատը պիտի փրկէ» (Սաղմ. 72։12)
Թիւ 4. Ինչո՛ւ շատեր հաւատք չունին (rs էջ 129-130 պարբ. 2 [էջ 93 պարբ. 1–էջ 94 պարբ. 1, Արաբ.])
Յունիս 30 Աստ. ընթ. Գործք 11-14 Երգեցողութիւն 38
Խօսակցութեան յատկութիւն. Մեծ խումբերու համար օժանդակ պիտոյքներու գործածութիւնը (կօ էջ 249 պարբ. 3–էջ 250 պարբ. 1)
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի վերաքաղ
Յուլիս 7 Աստ. ընթ. Գործք 15-17 Երգեցողութիւն 27
Խօսակցութեան յատկութիւն. Ինչո՛ւ տրամաբանելու կերպը կարեւոր է (կօ էջ 251 պարբ. 1-3)
Թիւ 1. Բնաբանի մը եւ մատուցման կերպի մը վրայ աշխատիլ (կօ էջ 44 պարբ. 4–էջ 46 պարբ. 2)
Թիւ 2. Գործք 16։1-15
Թիւ 3. Անվախօրէն Եհովայի ծառայելու պատճառներ
Թիւ 4. Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ հաւատք ձեռք ձգել (rs էջ 130 պարբ. 3–էջ 131 պարբ. 3 [էջ 94 պարբ. 2-5, Արաբ.])
Յուլիս 14 Աստ. ընթ. Գործք 18-21 Երգեցողութիւն 32
Խօսակցութեան յատկութիւն. Ուրկէ սկսիլ (կօ էջ 251 պարբ. 4–էջ 252 պարբ. 3)
Թիւ 1. Ժողովքին համար դասախօսութիւններ պատրաստել (կօ էջ 47 պարբ. 1–էջ 49 պարբ. 1)
Թիւ 2. Գործք 20։1-16
Թիւ 3. Արդար նոր դրութեան հանդէպ հաւատքը գործերով կ’ապացուցանուի (rs էջ 131 պարբ. 5–էջ 132 պարբ. 2 [էջ 95 պարբ. 2-6, Արաբ.])
Թիւ 4. Ելից 23։19բ–ի պատուէրէն ի՞նչ կը սորվինք
Յուլիս 21 Աստ. ընթ. Գործք 22-25 Երգեցողութիւն 57
Խօսակցութեան յատկութիւն. Ե՛րբ տեղի տալ (կօ էջ 252 պարբ. 4–էջ 253 պարբ. 2)
Թիւ 1. Ծառայութեան Ժողովի բաժիններ եւ այլ դասախօսութիւններ պատրաստել (կօ էջ 49 պարբ. 2–էջ 51 պարբ. 2)
Թիւ 2. Գործք 22։1-16
Թիւ 3. Եհովայի Վկաները Յովհաննէս 13։34, 35–ը ի՞նչ կերպերով կը կատարեն
Թիւ 4. Սուտ մարգարէները ի՞նչպէս կրնան բնորոշուիլ (rs էջ 132-134 պարբ. 2 [էջ 78-79 պարբ. 5, Արաբ.])
Յուլիս 28 Աստ. ընթ. Գործք 26-28 Երգեցողութիւն 81
Խօսակցութեան յատկութիւն. Հարցումներ հարցնել եւ պատճառներ տալ (կօ էջ 253 պարբ. 3–էջ 254 պարբ. 2)
Թիւ 1. Գործք գիրքը ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 204-205 պարբ. 32-40)
Թիւ 2. Գործք 26։1-18
Թիւ 3. Ճշմարիտ մարգարէները միշտ չհասկցան թէ նախագուշակուած բաները ի՛նչպէս եւ ե՛րբ պիտի կատարուէին (rs էջ 134 պարբ. 3-8 [էջ 79 պարբ. 6–էջ 80 պարբ. 4, Արաբ.])
Թիւ 4. Եհովա ինչո՛ւ համբերութիւն կը ցուցաբերէ
Օգոս. 4 Աստ. ընթ. Հռովմայեցիս 1-4 Երգեցողութիւն 113
Խօսակցութեան յատկութիւն. Աստուծոյ Խօսքին վրայ հաստատուած՝ վաւերական պատճառաբանութիւններ (կօ էջ 255 պարբ. 1–էջ 256 պարբ. 2)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Հռովմայեցիս նամակին մասին (si էջ 205-206 պարբ. 1-7)
Թիւ 2. Հռովմայեցիս 3։1-20
Թիւ 3. Հրեշտակները ի՛նչպէս Աստուծոյ ծառաները կը պաշտպանեն ու կը զօրացնեն
Թիւ 4. Եհովայի Վկաները ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ կը մղեն (rs էջ 135 պարբ. 1-2 [էջ 80 պարբ. 5-6, Արաբ.])
Օգոս. 11 Աստ. ընթ. Հռովմայեցիս 5-8 Երգեցողութիւն 95
Խօսակցութեան յատկութիւն. Հիմնաւորուած ապացոյցով երկրորդուած պատճառաբանութիւններ (կօ էջ 256 պարբ. 3-5)
Թիւ 1. Հանրային դասախօսութիւններ պատրաստել (կօ էջ 52 պարբ. 1–էջ 54 պարբ. 1)
Թիւ 2. Հռովմայեցիս 6։1-20
Թիւ 3. Եհովայի Վկաները իրենց արտադրած պտուղներէն կը ճանչցուին (rs էջ 135 պարբ. 3–էջ 137 պարբ. 1 [էջ 81 պարբ. 1–էջ 82 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Արդարութիւնը ի՛նչպէս կրնայ մեզ պաշտպանել
գոս. 18 Աստ. ընթ. Հռովմայեցիս 9-12 Երգեցողութիւն 152
Խօսակցութեան յատկութիւն. Բաւարար ապացոյց ներկայացնել (կօ էջ 256 պարբ. 6–էջ 257 պարբ. 3)
Թիւ 1. Հռովմայեցիս նամակը ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 208-209 պարբ. 20-25)
Թիւ 2. Հռովմայեցիս 9։1-18
Թիւ 3. Շատախօսութեան եւ տարաձայնութիւններ փոխանցելուն վտանգները ի՞նչ են
Թիւ 4. Մեզ սուտ մարգարէներ անուանողներուն պատասխանել (rs էջ 137 պարբ. 2-4 [էջ 82 պարբ. 3–էջ 83 պարբ. 2, Արաբ.])
Օգոս. 25 Աստ. ընթ. Հռովմայեցիս 13-16 Երգեցողութիւն 129
Խօսակցութեան յատկութիւն. Սրտին հասնելու ջանք (կօ էջ 258 պարբ. 1-5)
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի վերաքաղ
Սեպտ. 1 Աստ. ընթ. Ա. Կորնթացիս 1-9 Երգեցողութիւն 112
Խօսակցութեան յատկութիւն. Անհատին սրտին մէջինը դուրս հանել (կօ էջ 259 պարբ. 1-3)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Ա. Կորնթացիս նամակին մասին (si էջ 210-211 պարբ. 1-7)
Թիւ 2. Ա. Կորնթացիս 4։1-17
Թիւ 3. Աստուած չի նախասահմաներ թէ իւրաքանչիւր անհատ ե՛րբ պիտի մեռնի (rs էջ 138 պարբ. 1-3 [էջ 315 պարբ. 1-3, Արաբ.])
Թիւ 4. Նիւթական հարստութիւն ունենալը Աստուծոյ օրհնութեան ապացո՞յց է
Սեպտ. 8 Աստ. ընթ. Ա. Կորնթացիս 10-16 Երգեցողութիւն 57
Խօսակցութեան յատկութիւն. Օգտակար զգացումներ գրգռել (կօ էջ 259 պարբ. 4–էջ 260 պարբ. 1)
Թիւ 1. Ա. Կորնթացիս նամակը ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 213-214 պարբ. 23-26)
Թիւ 2. Ա. Կորնթացիս 13։1–14։6
Թիւ 3. Խօսքը կատարողները ինչո՛ւ ուրախ են
Թիւ 4. Ամէն ինչ որ կը պատահի՝ Աստուծոյ կամքը չէ (rs էջ 139 պարբ. 1–էջ 140 պարբ. 2 [էջ 316 պարբ. 1–էջ 317 պարբ. 4, Արաբ.])
Սեպտ. 15 Աստ. ընթ. Բ. Կորնթացիս 1-7 Երգեցողութիւն 47
Խօսակցութեան յատկութիւն. Ուրիշներուն օգնել որ աստուածավախութիւն մշակեն (կօ էջ 260 պարբ. 2-3)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Բ. Կորնթացիս նամակին մասին (si էջ 214 պարբ. 1-4)
Թիւ 2. Բ. Կորնթացիս 1։1-14
Թիւ 3. Աստուած ամէն բան չի կանխատեսեր եւ չի նախասահմաներ (rs էջ 140 պարբ. 3-5 [էջ 317 պարբ. 5-7, Արաբ.])
Թիւ 4. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ինչո՛ւ կ’ուրախանան երբ հալածուին
Սեպտ. 22 Աստ. ընթ. Բ. Կորնթացիս 8-13 Երգեցողութիւն 160
Խօսակցութեան յատկութիւն. Մեր վարքը կարեւորութիւն ունի Աստուծոյ համար (կօ էջ 260 պարբ. 4–էջ 261 պարբ. 1)
Թիւ 1. Բ. Կորնթացիս նամակը ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 216-217 պարբ. 18-20)
Թիւ 2. Բ. Կորնթացիս 9։1-15
Թիւ 3. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ինչո՛ւ աշխարհին մէկ մասը չեն
Թիւ 4. Իրադարձութիւններ նախատեսելու եւ նախասահմանելու Աստուծոյ կարողութիւնը (rs էջ 141 պարբ. 1-4 [էջ 318 պարբ. 1-4, Արաբ.])
Սեպտ. 29 Աստ. ընթ. Գաղատացիս 1-6 Երգեցողութիւն 10
Խօսակցութեան յատկութիւն. Ուրիշներուն օգնել որ քննութիւն մը կատարեն (կօ էջ 261 պարբ. 2-4)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Գաղատացիս նամակին մասին եւ ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 217-220 պարբ. 1-6, 14-18)
Թիւ 2. Գաղատացիս 1։1-17
Թիւ 3. Աստուած Ադամի նկատմամբ ինչո՛ւ իր կանխագիտութիւնը չգործածեց (rs էջ 142 պարբ. 1-3 [էջ 319 պարբ. 1-3, Արաբ.])
Թիւ 4. Սէրը ի՛նչպէս կրնայ մարդու վախը յաղթահարել
Հոկտ. 6 Աստ. ընթ. Եփեսացիս 1-6 Երգեցողութիւն 95
Խօսակցութեան յատկութիւն. Սրտագին հնազանդութիւն յառաջացնել (կօ էջ 262 պարբ. 1-4)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Եփեսացիս նամակին մասին եւ ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 220-223 պարբ. 1-8, 16-19)
Թիւ 2. Եփեսացիս 3։1-19
Թիւ 3. Ներողութիւն խնդրելը տկարութեան նշան չէ
Թիւ 4. Աստուած չնախասահմանեց Յակոբը, Եսաւը կամ Յուդան (rs էջ 142 պարբ. 4–էջ 143 պարբ. 2 [էջ 319 պարբ. 4–էջ 320 պարբ. 2, Արաբ.])
Հոկտ. 13 Աստ. ընթ. Փիլիպպեցիս 1–Կողոսացիս 4 Երգեցողութիւն 123
Խօսակցութեան յատկութիւն. Եհովայի հետ համագործակցիլ՝ մարդոց սրտին հասնելու համար (կօ էջ 262 պարբ. 5)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Փիլիպպեցիս նամակին մասին եւ ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 223-225 պարբ. 1-7, 12-14)
Թիւ 2. Փիլիպպեցիս 3։1-16
Թիւ 3. Քրիստոնէական ժողովքը ի՞նչ առումով նախասահմանուած էր (rs էջ 143 պարբ. 3–էջ 144 պարբ. 1 [էջ 320 պարբ. 3–էջ 321 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. * Կողոսացիս նամակը ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 228 պարբ. 12-14)
Հոկտ. 20 Աստ. ընթ. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1–Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3 Երգեցողութիւն 46
Խօսակցութեան յատկութիւն. Լաւ ժամանակաւորում պահել (կօ էջ 263 պարբ. 1–էջ 264 պարբ. 4)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Ա. եւ Բ. Թեսաղոնիկեցիս նամակներուն մասին եւ ինչո՛ւ օգտակար են (si էջ 229-231 պարբ. 1-5, 13-15. էջ 232-233 պարբ. 1-4, 10-11)
Թիւ 2. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։1–2։8
Թիւ 3. Աստղաբաշխութեան հանդէպ ի՞նչ է Աստուածաշունչին տեսակէտը (rs էջ 144 պարբ. 2–էջ 145 պարբ. 2 [էջ 321 պարբ. 2–էջ 322 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. * Տիմոթէոսի ուղղուած Ա. եւ Բ. նամակները ինչո՛ւ օգտակար են (si էջ 236-237 պարբ. 15-19. էջ 238-239 պարբ. 10-12)
Հոկտ. 27 Աստ. ընթ. Ա. Տիմոթէոս 1–Բ. Տիմոթէոս 4 Երգեցողութիւն 13
Խօսակցութեան յատկութիւն. Ազդու յորդոր (կօ էջ 265 պարբ. 1-3)
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի վերաքաղ
Նոյ. 3 Աստ. ընթ. Տիտոս 1–Փիլիմոն Երգեցողութիւն 150
Խօսակցութեան յատկութիւն. Սիրոյ հիման վրայ յորդորել (կօ էջ 266 պարբ. 1-4)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Տիտոսի ուղղուած նամակին մասին եւ ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 239-241 պարբ. 1-4, 8-10)
Թիւ 2. Տիտոս 1։1-16
Թիւ 3. Աստուծոյ հաւատալու կարգ մը ողջամիտ պատճառները ի՞նչ են (rs էջ 145-146 պարբ. 5 [էջ 71-72 պարբ. 6, Արաբ.])
Թիւ 4. * Փիլիմոնի ուղղուած նամակը ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 242-243 պարբ. 7-10)
Նոյ. 10 Աստ. ընթ. Եբրայեցիս 1-8 Երգեցողութիւն 55
Խօսակցութեան յատկութիւն. Սուրբ Գրութիւններով յորդորել (կօ էջ 267 պարբ. 1-2)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Եբրայեցիս նամակին մասին (si էջ 243-244 պարբ. 1-9)
Թիւ 2. Եբրայեցիս 3։1-19
Թիւ 3. Ամբարշտութիւնն ու տառապանքը Աստուծոյ գոյութիւնը չեն հերքեր (rs էջ 146 պարբ. 6–էջ 147 պարբ. 1 [էջ 72 պարբ. 7–էջ 73 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Տարբերութիւնները՝ իսկական ու կեղծ խոնարհութեան միջեւ
Նոյ. 17 Աստ. ընթ. Եբրայեցիս 9-13 Երգեցողութիւն 28
Խօսակցութեան յատկութիւն. Համարձակութեամբ խօսիլ (կօ էջ 267 պարբ. 3-4)
Թիւ 1. Եբրայեցիս նամակը ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 247 պարբ. 23-27)
Թիւ 2. Եբրայեցիս 10։1-17
Թիւ 3. Աստուած զգացումներու տէր իրական անձնաւորութիւն մըն է (rs էջ 147 պարբ. 2–էջ 148 պարբ. 3 [էջ 73 պարբ. 2–էջ 74 պարբ. 4, Արաբ.])
Թիւ 4. Ներողամտութիւնը ի՛նչպէս միութիւն կը յառաջացնէ
Նոյ. 24 Աստ. ընթ. Յակոբոս 1-5 Երգեցողութիւն 152
Խօսակցութեան յատկութիւն. Քաջալերութիւն ներշնչելը ինչո՛ւ կարեւոր է (կօ էջ 268 պարբ. 1-3)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Յակոբոսի նամակին մասին եւ ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 248 –250 պարբ. 1-7, 15-17)
Թիւ 2. Յակոբոս 1։1-21
Թիւ 3. Աստուած սկիզբ չէ ունեցած (rs էջ 148 պարբ. 4-7 [էջ 74 պարբ. 5-8, Արաբ.])
Թիւ 4. Ի՛նչպէս «ողորմութիւնը կը պարծենայ դատաստանին դիմաց» (Յակ. 2։13)
Դեկ. 1 Աստ. ընթ. Ա. Պետրոս 1–Բ. Պետրոս 3 Երգեցողութիւն 113
Խօսակցութեան յատկութիւն. Վերյիշել Եհովայի ըրած բաները (կօ էջ 268 պարբ. 4–էջ 269 պարբ. 2)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Պետրոսի Ա. նամակին մասին եւ ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 251-253 պարբ. 1-5, 11-13)
Թիւ 2. Ա. Պետրոս 2։1-17
Թիւ 3. Աստուծոյ անուան գործածութիւնը՝ փրկութեան համար էական է (rs էջ 149 պարբ. 1-4 [էջ 75 պարբ. 1-4, Արաբ.])
Թիւ 4. a Պետրոսի Բ. նամակը ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 255 պարբ. 8-10)
Դեկ. 8 Աստ. ընթ. Ա. Յովհաննէս 1–Յուդա Երգեցողութիւն 143
Խօսակցութեան յատկութիւն. Ցոյց տալ թէ Եհովա ի՛նչպէս օգնած է իր ժողովուրդին (կօ էջ 269 պարբ. 3-5)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Յովհաննէսի Ա., Բ. եւ Գ. նամակներուն մասին եւ ինչո՛ւ օգտակար են (si էջ 256-258 պարբ. 1-5, 11-13. էջ 259 պարբ. 1-3, 5. էջ 260-261 պարբ. 1-3, 5)
Թիւ 2. Ա. Յովհաննէս 4։1-16
Թիւ 3. Բոլոր կրօնքներն ալ լա՞ւ են (rs էջ 149 պարբ. 5-8 [էջ 75 պարբ. 5-8, Արաբ.])
Թիւ 4. b Յուդայի նամակը ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 262-263 պարբ. 8-10)
Դեկ. 15 Աստ. ընթ. Յայտնութիւն 1-6 Երգեցողութիւն 81
Խօսակցութեան յատկութիւն. Հիացմունք յայտնել ներկայիս Աստուծոյ ըրած բաներուն համար (կօ էջ 270 պարբ. 1–էջ 271 պարբ. 2)
Թիւ 1. Տեղեկութիւններ Յայտնութիւն գրքին մասին (si էջ 263-264 պարբ. 1-6)
Թիւ 2. Յայտնութիւն 3։1-13
Թիւ 3. Յիսուս ի՞նչպիսի «աստուած» մըն է (rs էջ 150 պարբ. 1-2 [էջ 75 պարբ. 9–էջ 76 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Համբերութիւնը եւ ողորմութիւնը ինչո՛ւ սահման ունին
Դեկ. 22 Աստ. ընթ. Յայտնութիւն 7-14 Երգեցողութիւն 21
Խօսակցութեան յատկութիւն. Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն լիովին օգտուինք (կօ էջ 5 պարբ. 1–էջ 8 պարբ. 1)
Թիւ 1. Յայտնութիւն գիրքը ինչո՛ւ օգտակար է (si էջ 268-269 պարբ. 28-34)
Թիւ 2. Յայտնութիւն 8։1-13
Թիւ 3. Աստուծոյ հաւատալու վերաբերեալ առարկութիւններուն պատասխանել (rs էջ 150 պարբ. 3–էջ 151 պարբ. 3 [էջ 76 պարբ. 2–էջ 77 պարբ. 3, Արաբ.])
Թիւ 4. «Աստուած մեր սրտերէն մեծ է» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ (Ա. Յովհ. 3։20)
Դեկ. 29 Աստ. ընթ. Յայտնութիւն 15-22 Երգեցողութիւն 34
Խօսակցութեան յատկութիւն. Ճշգրիտ ընթերցանութիւն (կօ էջ 83 պարբ. 1-5)
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի վերաքաղ
[Ստորանիշներ]
a Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք, նախընտրաբար՝ երէցներուն կամ օգնական ծառաներուն։
b Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք, նախընտրաբար՝ երէցներուն կամ օգնական ծառաներուն։