Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/07 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Դեկտեմբեր 10–ով սկսող շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 17–ով սկսող շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 24–ով սկսող շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 31–ով սկսող շաբաթ
  • Յունուար 7–ով սկսող շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 12/07 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Դեկտեմբեր 10–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 46

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Յունուար եւ Զարթի՛ր Դեկտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։

20 վյրկ. 2008–Ի ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑ։ Դպրոցի տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն։ Հոկտեմբեր 2007–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածէն նկատի առ տեղականօրէն շեշտուելիք կէտեր։ Օժանդակ խրատատուին դերը վերաքաղ ըրէ։ Բոլորը քաջալերէ որ փութաջան ըլլան՝ իրենց նշանակումները կատարելու, Աստուածաշունչէն աչքառու կէտերու բաժնին մասնակցելու, եւ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք գրքէն ամէն շաբաթ տրուած թելադրութիւնները կիրարկելու մէջ։

15 վյրկ. «Կոտրած սիրտ ունեցողները մխիթարէ»։a Տեղական մէկ կամ երկու փորձառութիւն պատմէ։

Երգեցողութիւն թիւ 34

Դեկտեմբեր 17–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 28

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերէ որ Եհովայի Վկաները կազմակերպուած են՝ բարի լուրը քարոզելու խորագրով պատկերիզը դիտեն, առ ի պատրաստութիւն անոր քննարկման՝ Դեկտեմբեր 31–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ։

15 վյրկ. «Ծառայութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը պէտք է պահպանենք»։b Տեսակցութիւն ունեցիր հրատարակիչի մը հետ, որ հանրածանօթ է ծառայութեան հանդէպ իր նախանձախնդրութեամբ։ Անոր հարցուր. Նախանձախնդրութիւնդ պահպանելու համար ի՞նչ ջանք թափած ես։ Ի՞նչ բան քեզի օգնած է նախանձախնդրութիւնդ պահպանելու։

20 վյրկ. «Ճշմարտութեան վկայող պարբերաթերթերը ներկայացուր»։c Ներկաներէն խնդրէ որ խօսին Նոյեմբեր 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին 8–րդ էջին մասին։ Ներկաները քաջալերէ որ Դիտարան 1 Յունուար եւ Զարթի՛ր Յունուար թիւերը կարդան ու յառաջիկայ ժողովին իրենց հետ բերեն։

Երգեցողութիւն թիւ 14

Դեկտեմբեր 24–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 212

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Յունուար ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք հրատարակութիւնները նշէ, եւ յարմար ներկայացում մը ցուցադրէ։

15 վյրկ. ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷ ԸՆԹԱՑԻԿ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Յունուար եւ Զարթի՛ր Յունուար թիւերուն վրայ։ Իւրաքանչիւր պարբերաթերթին ամփոփումը ներկայացնելէ յետոյ, ներկաներէն խնդրէ որ նշեն թէ ո՛ր յօդուածները կրնան տեղական թաղամասին մէջ մարդոց հետաքրքրութիւնը շարժել եւ ինչո՛ւ։ Ներկաներէն խնդրէ որ թելադրութիւններ տան, գործածելով կարգ մը յօդուածներ՝ զորս կը ծրագրեն ներկայացնել։ Խօսակցութիւն մը սկսելու համար ի՞նչ հարցում կրնայ ուղղուիլ։ Ապա յօդուածին մէջ ո՞ր համարը կարելի է կարդալ։ Համարը ի՞նչպէս կարելի է յօդուածին հետ կապել։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ներկայացումի նմոյշներ գործածելով կամ ներկաներուն թելադրած մէկ ներկայացումը գործածելով, ցուցադրէ թէ իւրաքանչիւր պարբերաթերթ ի՛նչպէս կրնայ ներկայացուիլ։

20 վյրկ. «Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելը նպատակակէտ դիր»։d Հարցազրոյց ունեցիր մէկ կամ երկու հոգիի հետ, որոնք վերջերս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսած են։ Ուսումնասիրութիւնը ի՞նչպէս սկսուեցաւ։ Ուսումնասիրութիւնը ի՞նչպէս կ’ընթանայ։

Երգեցողութիւն թիւ 21

Դեկտեմբեր 31–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 32

5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Դեկտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։

15 վյրկ. ԲԱՐԵՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԽԹԱՆԻՉ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ։ Քաջալերական դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Մարտ 1990 թիւին վրայ, էջ 19-20։

25 վյրկ. «Ցարդ աշխարհի տեսած մեծագոյն քարոզչական արշաւը»։e Ներկաներէն խնդրէ որ խօսին այն դրական ընդառաջումին մասին, զոր նկատեցին երբ Եհովայի Վկաները կազմակերպուած են՝ բարի լուրը քարոզելու պատկերիզը ցոյց տուին ազգականներու, ծանօթներու, վերայցելութիւններու եւ Աստուածաշունչի աշակերտներու։

Երգեցողութիւն թիւ 162

Յունուար 7–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 59

Նշում. Նահանգային համաժողովին վերաբերեալ տեղեկութիւնները Յունուար 7–ով սկսող շաբաթէն առաջ պէտք չէ նկատի առնուին։ Ժողովքները Յունուար 7–ով սկսող շաբթուան իրենց Ծառայութեան Ժողովը որոշուած օրէն առաջ պէտք չէ ընեն, բացի եթէ շրջանային տեսուչին այցելութեան կը զուգադիպի։ Ծառայութեան Ժողովի աւարտին, «Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ»ը պէտք է դրուի տեղեկութիւններու ցուցատախտակին վրայ։ Եթէ Ծառայութեան Ժողովը շրջանային համաժողովի մը պատճառաւ չեղեալ նկատուի, գրքի ուսումնասիրութեան տեսուչները «Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ»էն օրինակ մը պէտք է ստանան եւ նահանգային համաժողովի վայրն ու թուականը պէտք է ծանուցանեն այդ շաբթուան գրքի ուսումնասիրութեան մէջ։ Խումբին անդամները կրնան պանդոկներուն հեռաձայնի թիւերը ընդօրինակել, իրենց վերապահումները ընելու համար։ Սակայն այս ցանկին կրկնօրինակը ոեւէ հրատարակիչի պէտք չէ տրուի։

5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

25 վյրկ. «Եհովայի Վկաներու 2008–ի Նահանգային Համաժողով»։f Յօդուածը նկատի պիտի առնուի ժողովքի քարտուղարին կողմէ։ Յաւելուածը քննարկելէ առաջ, կարդա՛ համաժողովի նշանակումին 15 Դեկտեմբեր 2007 թուակիր նամակը։ Երբ յաւելուածին 7–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, կարդա՛ էջ 4–ի շրջանակին մէջ՝ «Իջեւանի ուղեգծեր» եւ «Իջեւանի վերապահումները ի՛նչպէս ընել» խորագիրներուն ներքեւ նշուած իւրաքանչիւր կէտը, բացի եթէ ժողովքը տեղական ըլլալով պանդոկներ գործածելու կարիք չունի։ Բոլորին շնորհակալութիւն յայտնէ, որ համաժողովի իրենց կարգադրութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ կ’ընեն։

Երգեցողութիւն թիւ 57

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

d Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

e Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

f Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել