Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/08 էջ 8
  • Հաւատքի ապացոյց մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հաւատքի ապացոյց մը
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Բոլոր ազգերուն վկայութիւն»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Արդեօք ‘վերջին օրերուն’ մէ՞ջ կ’ապրինք
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Աշխարհին վերջը մօ՞տ է
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • ‘Քու գալուստիդ նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
թծ 2/08 էջ 8

Հաւատքի ապացոյց մը

1. Յիսուս ի՞նչ խռովեցուցիչ դէպքեր նախագուշակեց։

1 Առաքեալները ուշի–ուշով մտիկ ըրին, մինչ Յիսուս խօսեցաւ իր ներկայութեան եւ իրերու դրութեան վախճանին մասին։ Մարդկութիւնը խռովեցուցիչ դէպքեր պիտի տեսնէր,– պատերազմներ, սովեր, երկրաշարժներ, համաճարակներ։ Յիսուս նաեւ ըսաւ թէ իր հետեւորդները պիտի ատուէին, նեղութեան պիտի մատնուէին եւ սպաննուէին։ Սուտ մարգարէներ պիտի ելլէին եւ շատերը պիտի մոլորեցնէին։ Շատերուն սէրը պիտի պաղէր։

2. Բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ քարոզուիլը ինչո՞ւ արտակարգ բան մըն է։

2 Այս բոլորին ի տես առաքեալները ապշած ըլլալու էին, երբ Յիսուս ըսաւ թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ամբողջ երկրագունդին մէջ պիտի քարոզուէր։ (Մատթ. 24։3-14) Ներկայիս այդ հետաքրքրաշարժ մարգարէութեան աչքառու կատարման ականատես կ’ըլլանք։ Վտանգաւոր ժամանակներու մէջ ապրելով հանդերձ, Եհովայի Վկաները նախանձախնդրօրէն բարի լուրը կը ծանուցանեն։ Մինչ աշխարհի սէրը կը պաղի, մեր սէրը ա՛լ աւելի կը բոցավառի։ «Բոլոր ազգերուն» ատելի ըլլալով հանդերձ, ամէն ազգի մէջ կը քարոզենք։

3. Համաշխարհային տեղեկագրութեան մէջ ի՞նչ քաջալերական թիւեր կը տեսնես։

3 Ո՜րքան քաջալերական է վերաքաղ ընել Եհովայի Վկաներու գործունէութիւնը անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին, ինչպէս կը յայտնէ ցուցակը, էջ 3-6։ Վերջին 16 տարիներու ընթացքին, իւրաքանչիւր տարի աւելի քան մէկ միլիառ ժամ տրամադրուած է քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին։ Ասիկա հաւատքի ի՜նչ հոյակապ ապացոյց մըն է։ Ռահվիրաներուն թիւը 5.8 առ հարիւր աւելցաւ, հրատարակիչներուն թիւը՝ 3.1 առ հարիւր, իսկ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն թիւը՝ 4.4 առ հարիւր։ Մկրտուողներուն թիւն ալ աւելի էր 20.1 առ հարիւր համեմատութեամբ։ Ոգեւորիչ է տեսնել թէ գրեթէ եօթը միլիոն հոգի հաւատարմօրէն Եհովայի կը ծառայեն,– մարդկային պատմութեան մէջ աննախընթաց թիւ մը։ Մինչ ցուցակը աչքէ կ’անցընես, ի՞նչ բան քեզ յատկապէս կը քաջալերէ։

4. Մարդ մը ի՞նչ խնդիրներ յաղթահարեց, որպէսզի մկրտութեան քայլը առնէ։

4 Թէեւ թիւերը ինքնին տպաւորիչ են, բայց երբեք պէտք չէ մոռնանք թէ անոնք կը ներկայացնեն անհատներ, որոնք իրենց հաւատքը ապացուցանած են։ Նկատի առ օրինակ մը։ Կիւլերմօ 1935–ին ծնաւ Պոլիվիոյ մէջ։ Ան ինը տարեկանէն սկսեալ կոկայի դաշտի մը մէջ աշխատեցաւ։ Ան կոկայի տերեւներ կը ծամէր, ծանր աշխատանքին տառապանքը թեթեւցնելու համար։ Հետագային ան ալքոլամոլ եւ ծխամոլ դարձաւ։ Երբ սկսաւ սորվիլ թէ Եհովա իրմէ ի՛նչ կը պահանջէ, Կիւլերմօ ծխելուն ու գինովնալուն վերջ դրաւ։ Մեծագոյն դժուարութիւնն էր՝ հրաժարիլ կոկայի տերեւներ ծամելու իր երկարատեւ ունակութենէն։ Ան անդադար աղօթեց եւ այս սովորութիւնը յաղթահարեց։ Այսպէս իր մոլութիւններէն ձերբազատուելով՝ ան մկրտուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Այժմ, մաքուր եւ շատ ուրախ կը զգամ»։

5. Փափաքդ ի՞նչ է։

5 Եհովա իրապէս մարդոցմով հետաքրքրուած է։ Իր փափաքն է որ ամէնքը ապաշխարեն։ (Բ. Պետ. 3։9) Ասիկա նաեւ մեր փափաքն է։ Թող մեր սիրտը մեզ մղէ մեր ամբողջ կարելին ընելու, որպէսզի շարունակենք պարկեշտամիտ անհատներուն օգնել որ մեզի նման Եհովան ճանչնան ու սիրեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել